Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ ընելու այն ինչ որ պէտք է ընենք: Եթէ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն չունենանք, մեր կեանքին մէջ կ'ըլլայ պարապութիւն մը, զոր կը լեցնենք աշխարհին առաջարկած բաներով:
Երբ Սամուէլ ծերացաւ, ան իր երկու որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ (Ա.Թգ 8.1): Սամուէլ իր զաւակներուն անունները դրած էր Յովէլ (այսինքն՝ Տէր Եհովան է Աստուած) եւ Աբիա (այսինքն՝ Եհովան Հայր է), ակնկալելով որ անոնք սուրբ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը շարունակեն:
Բայց Սամուէլի որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հետեւաբար ժողովուրդը ուզեց որ Սամուէլ թագաւոր մը դնէ Իսրայէլի վրայ, բոլոր միւս ազգերուն պէս (4):
Ժողովուրդը Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն չունէր եւ Սամուէլի փորձառութենէն չէր սորված Աստուծոյ հետ ժամանակ անցնել: Հետեւաբար երբ Սամուէլ ծերացաւ եւ իր որդիները ճիշդ ձեւով չքալեցին, պարապութիւն եղաւ եւ իրենց համար ուզեցին աշխարհի մէկ օրինակը:
Նոյնը կրնայ նաեւ մեր կեանքին մէջ պատահիլ եթէ Աստուծոյ հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը շինած չըլլանք. մի՛շտ մարդոցմէ կախեալ կ'ըլլանք եւ մեր կեանքի պարապութիւնը լեցնելու համար կ'ուզենք աշխարհէն ընդօրինակել:
Թագաւոր ուզելով, Ժողովուրդը Սամուէլը չէր մերժեր, այլ՝ զԱստուած եւ Անոր հովանաւորութիւնը (8.7): Մենք եւս աշխարհէն օրինակ մը առաջարկելով զԱստուած մերժած կ'ըլլանք:
Հակառակ որ Սամուէլ ժողովուրդին պատմեց Տիրոջ խօսքերը եւ թէ թագաւորը ինչ պիտի ընէր անոնց, տակաւին ժողովուրդը մտիկ չըրաւ Սամուէլի խօսքին եւ ուզեց թագաւոր, որ ի վերջոյ ժողովուրդը կորուստի տարաւ:
Որպէս Աստուծոյ թագաւորութեան անդամներ, պէտք չէ արտօնենք որ մեր վարմունքը ըլլայ աշխարհի վարմունքէն մէկ օրինակ մը կամ տարբերակ մը: Որպէսզի կարենանք Քրիստոնէական կեանքը ապրիլ այս սկզբունքներով, Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւը շատ կարեւոր է: