Աստուծոյ ծառաները պէտք է իրենց կարգը երկիւղով պահող մարդիկ ըլլան եւ ո՛չ՝ աշխարհիկ մարդիկ (Ա.Տմ 3.1-13): Աստուծոյ մօտենալը եւ Անոր սեղանին ծառայութիւն ընելը պարտականութիւն մը չէ, այլ կը նշանակէ Քրիստոսի նուիրուած սիրտերը Աստուծոյ ընծայել՝ զանոնք ծառայութեան մէջ հաստատելու նպատակով (Եզ 44.16):
Ներքին գաւիթը մտնողները կը ստանձնեն յատուկ ծառայութիւն մը, որուն համար անհրաժեշտ է հագնիլ կտաւէ զգեստներ, որոնց մէջ բնաւ բուրդ չկայ (Եզ 44.17):
Կտաւը (կամ քթանը) կը շինուի վուշ անունով բոյսէ մը եւ կը գործածուի զգեստագործութեան համար, ինչպէս նաեւ կանթեղին պատրոյգը շինելու համար: Լաւ կտաւը օրինակ է բարոյական մաքրութեան (Յյտ 15.6):
- Ժողովուրդին հետ խառնուելու պարագային, պէտք էր ծառայողները հանէին իրենց քթանէ զգեստները, որպէսզի ծառայողներուն եւ ժողովուրդին միջեւ եղող տարբերութիւնը հպարտութիւն չյառաջացնէր, այլ՝ հաւասարութիւն:
- Վուշէ շինուած կտաւէ հագուստները կը ներկայացնեն Քրիստոսի փրկագործութեամբ մեր ստացած օծութիւնը, որ Տիրոջ հետ յարաբերելու եւ ծառայութիւն ընելու միջոցն է:
- Ծառայողները թէեւ զգեսները կը հանէին, սակայն նշան կ'ունենային, որ անոնք կրօնական մարդիկ էին: Օծութիւնը ամէն ատեն մեր վրայ զօրութեամբ չի տիրեր, բայց ամէն ատեն աշխարհին կը ներկայացնենք քրիստոնավայել մեր ինքնութիւնը:
Աստուած մերժած էր կտաւէ հագուստներուն հետ բուրդ խառնելը (Ղւ 19.19: Բ.Օր 22.11: Եզ 44.17-18), որովհետեւ բուրդը կը տաքցնէ եւ քրտնելու պատճառ կ'ըլլայ, ինչ որ գէշ հոտ կը յառաջացնէ:
Ծառայելու ատեն պէտք չէ փրկութեան յատուկ սկզբունքներուն հետ ուրիշ բաներ խառնենք, այլապէս Տիրոջ առջեւ վատ հոտ կ'ելլէ մեզմէ: Պէտք է հագնիք օծութիւնը, առանց մարդկայինը խառնելու անոր:
Պէտք էր նաեւ ծառայողները ամէն բան ընէին վայելուչ կերպով (Եզ 44.20), առանց բնաւ գինովնալու եւ Աստուծոյ օրէնքը մոռնալու (Եզ 44.21): ԱՆոնք պէտք էր ժողովուրդին սորվեցնէին սխալին եւ ճիշդին, սուրբին եւ անսուրբին տարբերութիւնը (Եզ 44.23-24) եւ պէտք էր նաեւ իրենց ծառայութիւնը ամէն բանէ գերադաս պահէին (Եզ 44.25-27):
Աստուած ի՛նք պիտի հոգայ ծառայողներուն (Բ. Օր 18.1-5) եւ անգամ մը որ լիովին աշխարհէն հրաժարելու փորձառութիւնը ունենանք, անկէ ետք երկինքը մեզի օրհնութիւն պիտի ըլլայ (Բ.Օր 28.12):
Երբ եկեղեցին իր ծառայութիւնը յիշուած ուսուցումներուն համաձայն կատարէ, Աստուած մի՛շտ ներկայ պիտի ըլլայ:
Տէրը միշտ հոն՝ եկեղեցիին մէջ պիտի ըլլայ: Հազարամեայ Երուսաղէմը «Եհովաշամա» պիտի կոչուի, որ կը նշանակէ, «[...] Տէրը հոն է» (Եզ 48.35):