Յայտնութիւն 12 - Մայրը եւ Իր Տղայ Զաւակը
Յյտ 12.1-2-ը կը սկսի տեսիլքով մը: «Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ: Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը: Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար»:
Կը նկատենք, թէ կինը մեծ իշխանութիւն ունէր, գլխուն թագ՝ աստղերէ կազմուած եւ լուսինը ոտքերուն տակն էր:
Կնոջ մասին աւելի իմանալու համար պէտք է ճանչնանք զաւակը: «Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը» (Յյտ 12.5):
Աստուածաշունչին մէջ յաճախ Յիսուսը նկարագրուած է որպէս երկաթէ գաւազանով ազգերը կառավարողը: Յյտ 19.15-ին մէջ, Յիսուս հեծած է ճերմակ ձիու մը վրայ (Յյտ 19.11-15):
Նման համարներէ կը գիտնանք, թէ զաւակը Յիսուսն է: Անշուշտ Յիսուս վայրագութեամբ չէ որ պիտի տիրէ: Ուրիշ թարգմանութիւններու մէջ կը գործածուի «ցուպ» կամ արքայական գաւազան (sceptre) բառերը:
Արքայական իշխանութեամբ՝ Յիսուս առանձինը չ'իշխեր: Ան Իր հարսը բարձրացուց, որպէսզի երկրի վրայ Իրեն հետ տիրէ: Շատ տեղերու մէջ կարդացած ենք, թէ ո՛վ որ յաղթանակէ, Յիսուսի հետ յաւիտեան պիտի իշխէ (Յյտ 2.26-27, 21.2):
Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցին պատմականօրէն ուսուցանեց, թէ կինը Մարիամն է: Կարգ մը ուսուցիչներ ըսին, թէ անիկա Հրեայ ազգն է: Ուրիշներ ըսին, թէ Եկեղեցին է: Ասոնց մէջ սահմանափակուիլը բաւարար չէ:
Պէտք է մտածենք հոգեւորապէս եւ նայինք թէ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ'ըսէ: Հետեւինք հոգեւոր հօր եւ մօր վերաբերեալ Յիսուսի գաղափարին: Երբ քննադատութեամբ խօսեցաւ հրեայ կրօնականներուն, Ան ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօր բաղձանքերը կ'ուզէք ընել […]» (Յհ 8.44): Ուրիշ տեղ մը Յիսուս ըսաւ, թէ ինչ որ մարմինէն ծնի մարմին է եւ ինչ որ հոգիէն՝ հոգի (Յհ 3.6): Ուրեմն, ամէն բան, որ Յիսուսի աշխարհ գալուն պաշտօնապէս կամ Աստուծոյ կամքին համաձայն օժանդակեց, կարելի է մայր կոչել:
Ուրեմն Յիսուսի ծնունդ տուողը եղան.
- Եւա, Աբրահամ, Դաւիթ, Հրեայ ժողովուրդը, Մարիամ
- Աստուծոյ Սուրբ Հոգին էր, որ մայրական հոգածութիւն կու տար Որդիին, որպէսզի Որդին աշխարհ գար:
Յյտ 12-ի վերջաւորութեան կը նկատենք, թէ այդ «մայրը» ուրիշ զաւակներ ալ ունի. «Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին» (Յյտ 12.17):
Աստուծոյ սրտին փափաքն էր միշտ շատ տղաք եւ դուստրեր ծնիլը, եւ Սուրբ Հոգին եկեղեցիին միջոցաւ միլիոններով զաւակներ ծնաւ:
Յյտ 12.5-ին մէջ կը կարդաք, թէ զաւակը կարճ ժամանակ մնաց երկրի վրայ եւ ապա երկինք փոխադրուեցաւ: Ասիկա Յիսուսն է, որ ելաւ եւ Հօր աջ կողմը նստաւ:
Յյտ 12.1-էն կը սկսինք նորէն տեսնել Յիսուսի ծնունդը եւ ապա աշխարհէն վերցուիլը, որպէսզի այդ բոլորը Հռոմի կայսրութեան կործանումին հետ կապուին: Յիսուսով սկսաւ հրեաներուն դատաստանը եւ Հռոմի կայսրութեան կործանումը:
Յայտնութիւն 12.3 - Ի՞նչ է Մեծ Կարմիր Վիշապը
Վիշապը Հռոմէական կայսրութեան ետին գտնուող ոգեղէն զօրութիւնն է:
Ընդհանրապէս, կատարուած յայտնութիւններու լեզուին մէջ զանազան գազաններ վերագրուած են թագաւորութիւններու. թագաւորներու, կամ անոնց ետին եղող ոգեղէն ոյժերուն (Դն 7.23): Նաեւ ցոյց տրուած է, թէ ի՞նչպէս գազանները կրնան ներկայացնել թագաւորները (Դն 7.17):
Օրինակ, Դն 8.20-ը կը բացատրէ թէ երկու եղջիւրով խոյը (այծը) Մարերու եւ Պարսիկներու թագաւորները կը խորհրդանշէ: Դն 8.21-ին մէջ կ'ըսէ, թէ տեսիլքներէն մէկուն մէջ խոյը (այծը) կը ներկայացնէ Յոյներու կայսրութիւնը:
Ուրեմն ո՞վ փորձեց սպաննել Յիսուսը Անոր ծնած ատեն. Անշուշտ Հերովդէս, որ կը գործէր Հռոմէական իշխանութեան եւ դիւային իշխանութեան տակ:
Կը հասկնանք նաեւ որ մեծ վիշապը Հռոմի կայսրութիւնն է, որովհետեւ Յյտ 12.3-ին մէջ կը կարդանք, թէ «[...] եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ»:
Դանիէլի մէջ մեզի կը յայտնուի, թէ գլուխը եւ եղջիւրը կը ներկայացնեն կառավարութեան մը մէջ իշխանութեան զանազան երեւոյթները (Դն 7.24): Վերը կը խօսի խորհրդանշան տալով եւ գալիք թագաւորութիւններուն մասին: Իսկ Յյտ 17.12-ին մէջ ուղղակիօրէն կը յայտնէ, թէ անոնք տասը թագաւորներ են:
Հռոմէական կայսրութեան վրայ կային եօթը կայսրեր «Յուլիոս Կեսար», անոր որդեգիր որդին Անկուստուս եւ անոր ընտանիքին հինգ անդամները, որոնք կառավարեցին մինչեւ Ք.Ե. 68 թուական:
Հռոմէական կայսրութիւնը ունէր տասը գաւառներ, որոնք բաժնուած էին հետեւեալ ձեւով. Աքայիա, Ափրիկէ, Ասիա, Բրիտանիա, Եգիպտոս, Գաղիա, Գերմանիա, Իտալիա, Սպանիա եւ Սուրիա:
Այդպէս, Յովհաննէս երկինքէն կը նայի հոգեւորապէս եւ կը տեսնէ, թէ վիշապը Հռոմէական կայսրութեան ետին կը գործէ, եւ ատոր համար Յյտ 12.9-ին մէջ կ'ըսէ. «[...] Մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որը Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի [...]»:
Այդպէս, առաջին եւ երկրորդ դարու մեծ հալածանքներուն ատեն, Հռոմէական կայսրութիւնը եղաւ հազարաւոր Քրիստոնեաներ սպաննողը:
Ապագայ կատարումի կարծիքի հետեւորդները (futurists) կ'ընդունին, թէ վիշապը Հռոմէական կայսրութիւնն է:
Ուրեմն Ի՞նչ Է Մեծ Կարմիր Վիշապը եւ Ի՞նչ Կ'ընէ Յյտ 12-ին Մէջ
Յյտ 12.7-9-ին մէջ կը յայտնուի, թէ հոգեւոր պատերազ մը տեղի կ'ունենար, որ իր ազդեցութիւնը ունէր երկրի վրայ. «Երկնքի մէջ մեծ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին դէմ պատերազմեցան: Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ: Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց: Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց: Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»:
Հռոմէական կայսրութեան ետին եղող ոգեղէն ուժերուն անկումէն ետք, Յովհաննէս կ'ըսէ, թէ բարձր ձայն մը կը լսուի երկինքի մէջ. «Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ'ըսէր. “Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ'ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր”» (Յյտ 12.10):
Մինչեւ այդ ատեն Սատանան կրնար մտնել երկինք՝ Աստուծոյ ներկայութեան, ըստ պէտքին (Յոբ 1.6, 2.1: Զք 3.1):
Յհ 12.31-ին մէջ, Յիսուս յայտնեց, թէ Իր կատարած փրկագործութեամբ ժամանակը եկաւ, որ թշնամին վար ձգուի: Թշնամին վար ձգուեցաւ (Յյտ 12.12) եւ այդ պատճառով կնոջ դէմ եւ որդիներուն դէմ կռուեցաւ:
Երբ Սատանային աշխարհ ձգուիլը սերտենք, կը նկատենք, թէ ի՛նչպէս Հռոմի կայսրերը սկսան պահանջել, որ պաշտուին ժողովուրդին կողմէ: Վստահ չենք, բայց կրնանք ըսել, որ երբ Սատանան աշխարհ ձգուեցաւ, այն ատեն է որ Քրիստոնեաներուն դէմ մեծ հալածանք սկսաւ: