Մտ 13.101-ին մէջ, աշակերտները հարց կու տան Յիսուսի ըսելով. «[...]Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»:
Առակ բառը Յունարէն բնագիրին մէջ «փարաւոլի՛» (παραβολή [parabole /par•ab•ol•ay/) բառն է, որ կը նշանակէ ձեւ, կերպարանք, համեմատել, քով-քովի դնել եւ բան մը ուրիշ բանի մը հետ բաղդատել:
Առակներուն միջոցաւ Յիսուս կը բացայայտէ մեր հոգեւոր եւ իսկական ինքնութեան ձեւն ու կերպարանքը: Մեզի շնորհուած ինքնութեան հետ բաղդատութեան մէջ կը մտցնէ մեզ. Նուիրուա՞ծ ենք, թէ սերմնացանի առակին օրինակով կ'արտօնենք որ թռչունները գան եւ սերմերը (Աստուծոյ Խօսքը) յափշտակեն:
Յիսուս կ'ակնկալէր, որ առակներուն միջոցաւ աշակերտները իրենց հարազատ ինքնութիւնը տեսնէին եւ այդ ինքնութենէն փխող զօրութիւնը գործածէին: Այդ մասին ակնարկութիւն մը կը գտնենք Մտ 13.13-15-ին մէջ, Եսայիի մարգարէութենէն մէջբերուած, որ կը յայտնէ, թէ Աստուած կը գործակցի միայն հաւատքի միջոցաւ մեր ճանչցածին եւ ընդունածին համաձայն:
Մտ 13.11-ին մէջ, Յիսուս կը յայտնէ, թէ աշակերտներուն տրուած էր որ առակներուն միջոցաւ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները գիտնան:
Տրուած բառը Յունարէնով «տի՛տոմի» (διδῶ, δίδωμι [didomi /did•o•mee/]) բառն է, որ կը գործածուի ըսելու համար դնել, ցոյց տալ, ներկայացնել, ինչպէս նաեւ տալ եւ մէկու մը յոգածութեան յանձնել կամ վստահիլ:
«Խորհուրդներ» բառը Յունարէն «միսթէ՛րիոն» (μυστήριον [musterion]) բառն է, որ կը նշանակէ՝
- Ծածկուած բան մը, գաղտնիք եւ կրօնական ծածուկ գիտելիքներ, որոնք բացատրելի չեն:
- Ծածուկ (թագնուած) կամքը՝ Աստուծոյ կամ մարդուն, որ կը գործածուի Աստուծոյ կողմէ արդարներուն հետ գործակցելու կամ զանոնք առաջնորդելու ատեն,
- Բաներ, որոնք ծածկուած են անաստուածներէն, բայց յայտնի են աստուածավախներուն:
Ա.Կր 14.2-ին մէջ Պօղոս առաքեալ դիտումնաւոր կերպով կը գործածէ «խորհուրդ» բառը, ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչպէս Սուրբ Հոգին թագաւորութեան խորհուրդները մեզի կը յայտնէ (հմմտ Հռ 8.14-16):
Այս ըսելով, Յիսուս աշակերտները կը հրաւիրէր Երկինքի Թագաւորութեան մակարդակով հասկնալու բաները եւ ըստ այնմ Իր ծառաները ըլլալու: