Քրիստոսի մարմինը ընդհանրական եկեղեցին է: Բոլորս իրարու հետ գործակցելոով, Աստուծոյ կամքը կը կատարենք:
Պօղոս առաքեալ կու տայ Քրիստոնէական կեանքին վերաբերող յատուկ յորդոր մը՝
«[…] Կ'աղաչեմ ձեզի […] որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք, լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնամտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել. Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը» (Եփ 4.1-4):
Սուրբ Հոգին ներկայ է՝ մեր միջոցաւ գործելու համար, բայց պէտք է նախ յանձն առնենք որոշ բաներ ինչպէս.
1.Խոնարհութիւն - Խոնարհութիւնը որոշում է: Ատիկա միջոցն է մեր սիրտին մէջէն հպարտութիւնը ետ մղելու: Այդ մէկը իրականացնելու համար կարեւոր է, որ միշտ հաշուետու ըլլանք եւ մեր անձերը քննենք (Բ. Կր 13.5): Երբ յաջողինք խոնարհութեան զգացումը ձեռք բերել, մեր մէջ պիտի զգանք անմեղ սիրոյ տաքութիւնը:
2. Հեզութիւն - Ինչքան մեր կոչումին համաձայն ապրինք, այնքան հեզութիւնը կը տիրէ մեր կեանքերէն ներս: Հեզ անձին յատկանիշներէն մէկը այն է, որ ան բարկութեամբ չի գրգռուիր: Հեզութիւնը արտաքին բան մը չէ, այլ ներքին առաքինութիւն մըն է, որ կը տիրէ մեր անձին վրայ եւ մեր զգացումները կը փոխէ:
3. Երկայնամտութիւն - Խոնարհութիւն յանձն առնելով՝ հեզութիւն ձեռք բերենք եւ երկայնամտութեամբ վարուինք իրարու հետ:
4. Սէրէ բխող ներողամտութիւն - Ներենք մէկս միւսին սխալները եւ չարտօնենք, որ ատոնք մեր սէրը սահմանափակ դարձնեն: Սէրէն մղուած իրարու ներենք:
Մենք մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն միացած ենք Սուրբ Հոգիով: Մեր լաւագոյնը ընենք՝ այդ միութիւնը պահելու համար եւ այդ մէկը իրականացնելու համար Տիրոջ առջեւ կենանք:
Մէկ դերձանը կտրելը շատ դիւրին է, բայց երբ հարիւր դերձաններէ բաղկացած հիւսուածք մը փորձենք կտրել, ատիկա կարելի չըլլար...