Տէրը արդէն իսկ յաղթած է եւ մենք այդ մէկը գիտնալով՝ բժշկութիւն կ'ակնկալենք: Սակայն մեր այդ հաւատացած բաները իրականացած տեսնելու համար, կան կարգ մը բաներ, որոնց գիտակից պէտք է ըլլանք եւ զանոնք յանձն առնենք:
Այս հատուածին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուծոյ զօրութիւնը ներկայ էր բժշկելու համար, բայց բժշկութիւնը կատարուելու համար կային երկու նախապայմաններ, որոնք կիրարկուեցան.
- Մարդիկը «հաւատացին»,
- Քրիստոսի կողմէ «Խօսքը կեանքի վերածելու համար աշխատանք տարուեցաւ»:
Այսօր Յիսուս նոյնը կ'ուզէ ընել եւ մենք պէտք է ակնկալենք, որ Աստուծոյ խոստումը մարդանայ (Յհ 1.1,14): Աստուծոյ խօսքը երբ կու գայ, ընելիք մը ունի եւ ապարդիւն պիտի չվերադառնայ մինչեւ որ զայն ղրկողին կամքը կատարուի (Ես 55.9-10):
Յիսուսի մօտեցողները գիտէին, թէ Անոր մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը (զօրութիւնը) կար, եւ թէ Ան պատրաստ էր բժշկելու (Ղկ 5.18): Անոնք թոյլ չտուին, որ որեւէ բան արգելք ըլլայ իրենց ներս՝ Յիսուսի ներկայութեան մտնելուն (19), եւ երբ ներս մտնելու ճամբայ չգտան, անդամալոյծը տանիքէն իջեցուցին Յիսուսի առջեւ:
Այս մարդիկը «ոչ»-ը մերժեցին, որովհետեւ որոշած էին հասնիլ Յիսուսի: Մենք ալ Յիսուսի առջեւ գալու համար պէտք է նոյն հաւատքի յամարութիւնը ունենանք, միշտ իբրեւ նպատակակէտ ունենալով Յիսուսը եւ Անոր բոլոր խոստումները:
(Ղկ 5.20-25) Աստուած Իր բժշկող զօրութեան ներկայութիւնը եւ Իր պատրաստակամութիւնը յայտեց Յիսուսի միջոցաւ եւ անդամալոյծին հաւատքը տեսնելով ներեց անոր մեղքերը: Հրեաները համոզուած էին, թէ հիւանդութիւնը մեղքի հետեւանք է: Յիսուս՝ մարդոց հաւատքը իբրեւ միջոց գործածելով, ներեց անդամալոյծին մեղքերը եւ զօրութիւն փոխանցեց անոր:
Մարդոց հաւատքը տեսնելով, Յիսուս անոնց հրամցուց հաւատքի պտուղը եւ յայտարարեց հաւատքի միջոցաւ ըլլալիքը: Երբ անդամալոյծը բժշկուեցաւ, ամէն մարդ զարմացաւ (Մտ 9.8), ապշեցաւ (Մր 2.12: Ղկ 5.26) եւ մարդիկը փառք տուին Աստուծոյ (Մր 2.12: Ղկ 5.26):
Այսօր Աստուած իր բժշկող զօրութեան ներկայութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ մեր միջոցաւ: Երբ, Յիսուսի նման, մարդոց հաւատքին դիմաց հաւատքի պտուղը հռչակենք՝ Տէրը պիտի փառաւորուի: