Ա.Կր 15.13-14- «Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ. 14 եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը»:
Առաքեալը իր խօսքը կ'ուղղէ այն մարդոց, որոնց մասին Կորնթացիներուն ուղղուած այդ նամակին սկիզբը շեշտած էր, թէ խաչի քարոզութենէն շեղած էին: Հոս կը նշէ, թէ յարութեան առողջ ուսուցումէն ալ շատեր շեղած էին: Պօղոս բաւական վճռական ձեւով կը բացատրէ իրենց, ըսելով.
- Եթէ մեռելներուն յարութիւն առնելուն չհաւատանք, զուր է Քրիստոսի հանդէպ մեր բոլորին հաւատքը, (հմր 14) «եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը»:
- Որովհետեւ այդպիսով ըսած կ'ըլլանք, թէ Աստուած Քրիստոսը մեռելներէն չյարուցանեց. (հմր 15) «Այդ պարագային մենք Աստուծոյ համար սուտ վկայած կ'ըլլանք, քանի վկայեցինք, թէ Աստուած Քրիստոսը յարուցանեց. մինչդեռ եթէ ընդունինք, թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ըսած կ'ըլլանք նաեւ՝ թէ Աստուած Քրիստոսը չյարուցանեց» (շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
- Ատիկա կը նշանակէ, թէ բոլոր քարոզողներս սուտ վկաներ ենք (15):
- Ատիկա կը նշանակէ, թէ տակաւին մեղաւորներ ենք եւ ըրածնիս ինքնախաբէութիւն է. (հմր 17) «Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք»:
Մատթէոս աւետարանիչին համաձայն, յարութիւն չկայ ըսելը տգիտութիւն է. (Մտ 22.23) «Նոյն օրը Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ: Սադուկեցիները կ'ըսեն թէ մեռելներու յարութիւն չկայ»:
Քրիստոսի Գերեզմանին Դերը
Տէր Յիսուսի գերեզմանը բնաւ իբրեւ գերեզման չգործածուեցաւ, որովհետեւ անիկա եղաւ Անոր յարութիւնը եւ Անոր մահուան յաղթող պատմութիւնը պատմող վկայարանը՝ վայրը: Պօղոս առաքեալ Եփ 2.5-6- ին մէջ կը պարզէ, թէ Աստուծոյ սիրով նորէն կեանքի կանչուեցան բոլոր հաւատացեալները՝ Քրիստոսով: Իսկ անոնք, որոնք կանչուեցան, (հմր 6) «Քրիստոսի հետ յարուցանեց եւ Անոր հետ միասին ալ երկինքի մէջ նստեցուց մեզ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք»:
Այսինքն՝ մինչ երկրի վրայ կ'ապրինք, «[...] Ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ» (Կղ 3.3):
Տէր Յիսուսի յարութիւնը թշնամիին պարտութեան ինչպէս նաեւ զինաթափ ու խայտառակ ըլլալու պահն է, սկիզբն է: Կղ 2.15- «Այսպիսով անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն»:
Քրիստոսով Կեանքի Կոչուած Հոգին ա՛լ Գերեզման չէ
Սա կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի յարութեան լուրին փաստը յառաջ չի գար վայրէ մը, հապա՝ իւրաքանչիւր անձի հոգիէն. Հոգիով՝ Քրիստոսով յարութիւն առնելու փորձառութենէն.
- Մեղքերու քաւութիւն ստացողի զգացումներէն
- Ձեռք բերուած ազատութենէն
- Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութենէն, հաշտութենէն եւ մտերմութենէն
- Յաւիտենականը՝ երկնային տեսիլքը, զօրութեամբ իր մէջ զգալէն
- Աշխարհին Աստուծոյ աչքերով նայելէն
Ըստ Տէր Յիսուսի, յարութիւնը որեւէ ատեն կը սկսի Իրմով:
Յհ 11.25- «Յիսուս ըսաւ. “Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծիկը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի”» եւ այդ յոյսը կը շարունակուի մինչեւ վերջին օրը. Գրծ 24.15- «Եւ Աստուծմով այն յոյսը ունիմ ինչպէս ասոնք իրենք ալ կ'ընդունին՝ թէ բոլոր մեռելները, թէ՛ արդարներ եւ թէ՛ մեղաւորներ, յարութիւն պիտի առնեն»:
Յարութիւնը Քու Մէջդ
- Կ'ըլլայ Քրիստոսի հետ մեռնելով. (Հռ 6.5) «Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս իրեն կցորդ պիտի ըլլանք՝ իրեն հետ յարութիւն առնելով»:
- Կը յայտնէ որդիութիւնդ՝ Քրիստոսով. (Հռ 1.4) «Բայց որ իբրեւ Աստուծոյ որդի յայտնուեցաւ, երբ իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբմեռելներէն յարութիւն առաւ»:
- Աստուծոյ շնորհքին զօրութեամբ կը վկայէ. (Գրծ 4.33) «Առաքեալները զօրաւոր կերպով կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան, իսկ հաւատացեալները բոլորն ալ Աստուծմէ շնորհք կը վայելէին»:
- Մարդիկ կը ծիծաղին, որովհետեւ մահին յաղթելու ներքին փորձառութիւնը չունին: (Գրծ 23.6-8) «Երբ Պօղոս գիտցաւ, որ Ատեանին մէկ կողմը Սադուկեցիներն են, իսկ միւս կողմը՝ Փարիսեիցիները, սկսաւ աղաղակել. «Եղբայրնե՛ր, ես Փարիսեցի եմ եւ Փարիսեցիներու զաւակ. Եւ եթէ կը դատուիմ ահա՝ մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է»: Ասիկա ըսելուն պէս՝ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու միջեւ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ: Որովհետեւ մինչ Սադուկեցիներ կ'ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ո՛չ հրեշտակ կամ հոգի կայ, Փարիսեցիները այս բոլոր կը ընդունին» (շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
Մեր Պարտականութիւնն է
- Ճանչնալ յարութեան զօրութիւնը. (Փլպ 3.10) «Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով»:
- Բնաւ չկարծել, թէ անցած բան մըն է, հապա՝ ամէն օր ապրուելիք. տե՛ս Բ.Տմ 2.18:
- (Ա.Տմ 1.20) «Անոնցմէ են Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, որոնք Սատանային կամքին ձգեցի, որպէսզի իրենց պատիժը կրելով՝ սորվին Աստուծոյ չհայհոյել»:
- Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, յունական փիլիսոփայական միտքը կ'առաջարկէին, որովհետեւ կը հաւատային, թէ մարմինը բանտն է եւ հոգին՝ ժամանակաւորապէս բանտարկուած:
- Անոնք յարութիւնը կը նկատէին հոգեւոր գործ մը, որ դարձի գալով եւ մկրտուելով կատարուած կ'ըլլար:
- Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, յունական փիլիսոփայական միտքը կ'առաջարկէին, որովհետեւ կը հաւատային, թէ մարմինը բանտն է եւ հոգին՝ ժամանակաւորապէս բանտարկուած:
- (Ա.Տմ 1.20) «Անոնցմէ են Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, որոնք Սատանային կամքին ձգեցի, որպէսզի իրենց պատիժը կրելով՝ սորվին Աստուծոյ չհայհոյել»:
- Յարութեան կենդանի յոյսը ունենալ. (Ա.Պտ 1.3) «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը»:
- (Յյտ 20.6) «Երանելի եւ սուրբ են անոնք, որոնք բաժնեկից են մեռելներու առաջին յարութեան: Երկրորդ մահը ասոնց վրայ իշխանութիւն չունի. ասոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսի քահանաները պիտի ըլլան եւ Քրիստոսի հետ հազար տարի թագաւորեն»:
- Ան որ վերոյիշեալ կէտերուն համաձայն առաջին յարութեան մաս կը կազմէ, օրհնեալ պիտի ըլլայ եւ երկրորդ մահը իր վրայ իշխանութիւն պիտի չունենայ: