2000 տարի առաջ, կեանքի ընթացքը փոխուեցաւ եւ ատիկա առաջարկուեցաւ բոլորին:

Երբ Տէր Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ, Ան Իր մարմինին զոհաբերութեամբը (տե՛ս Եբր 10.20) պատռեց վարագոյրը եւ այդ պատճառով մինչ կը կարդանք խաչելութիւնը պատմող աստուածաշնչական այդ հատուածները, պարզ պատմութիւն մը չենք կարդար, այլ՝ Իր մարմինով գրուած պատմութիւնը կը կարդանք:

Մենք այսօր պէտք չունինք կատարեալ ըլլալու, հապա՝ պէտք ունինք Կատարեալը ընդունելու եւ պէտք ունինք Անոր խաչին նայելու: Երբ դժուարութիւններուն մէջ Թագաւորին նայինք, Տիրոջ զօրութիւնը մեր կողքին պիտի ըլլայ:

Նախորդ Հրապարակում Խոնարհութիւն (Յհ 13.1-5)
Յաջորդ Հրապարակում Յարութեան Զօրութիւնը