«Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է ատիկա» (Ա.Կր 1.18):
Այս համարը մեզի կը ցուցնէ երկու յստակ ուղղութիւններ.
- Խաչին քարոզութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է:
- Կորուստի ճամբուն մէջ եղողներուն նայուածքը թէ՝ անիկա յիմարութիւն է:
Ամբողջ աշխարհը, կրօններու ղեկավարներ եւ դիւային բոլոր ոյժերը գիտեն, թէ Յիսուս միակ բժշկող Անձը եղած է եւ տակաւին է:
Միւս կողմէ, մենք՝ Անոր Եկեղեցին, երկրի վրայ Անոր Մարմինին անդամները, ունինք տարբեր միտքեր եւ ուսուցումներ, որոնք դժբախտաբար կը ծառայեն թշնամիին՝ Սատանային: Շարունակ վարդապետական կամ մեկնաբանական վէճերու մէջ իյնալով, կը փախցնենք առիթը Անոր խօսքերուն հաւատալով շարժելու եւ Անոր ամբողջ գործը, փափաքը եւ նպատակը հրմացնելու ներկայի աշխարհին:
Պօղոս կ'ըսէ, թէ Խաչին զօրութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է: Զօրութիւն բառը յունարէնով «տինամուս» բառն է, որմէ եկած է անունը «տայնամայթ» ռումբին, որ կը գործածուի ճամբաներ բանալու եւ մեծ արգելքներ վերցնելու համար:
Քրիստոնէութեան լաւագոյն պատգամը Քրիստոսի խաչին վրայ զոհուիլը պատմելն է՝ ակնկալելով, որ Աստուած «տինամուս» զօրութեամբ ներգործէ:
Քանի մը աստուածաշնչական համարներ կրնան լաւապէս բացատրել ատիկա.
- Ա.Թս 1.5 - «Որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած Իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ՝ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի […]»:
- Խօսքը պատճառ կ'ըլլայ, որ Սուրբ Հոգին Իր զօրութեամբ ներգործէ եւ վստահութիւն ներշնչէ:
- Կղ 2.15 - «[…] Անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն»:
- Տէր Յիսուսի խաչը, մահը եւ ապա յարութիւնը զինաթափ եւ խայտառակ ըրին ոգեղէն բոլոր ոյժերը:
- Մտ 27.45-54-ին մէջ արձանագրուածին միտքը պարզել է, թէ ի՛նչպէս Անոր մահը շարժեց երկրաւոր եւ հոգեւոր իշխանութիւնները:
Ուրեմն այդքան մեծ կարողականութիւն կայ Եկեղեցիին ձեռքին մէջ, եւ Հայրն Աստուած պատրաստ է աւելին ալ տալու Քրիստոսով (տե՛ս Հռ 8.32):
Բ.Աշխարհամարտը
Բ.Աշխարհամարտին մեռաւ 72 միլիոն մարդ, եւ Սատանան տակաւին աւելին ալ կ'ուզէր: Բայց հիւլէական ռումբի Հերոշիմայի վրայ նետուելէն 30 օր ետք, ճերմակ դրօշակը բարձրացաւ:
Արդեօք Եկեղեցին ալ կրնա՞յ շինել հոգեւոր հիւլէական ռումբ մը՝ Սատանային զօրութեան վերջ դնելու համար (տե՛ս Ա.Յհ 3.8):
- Պատերազմներու վերջ
- Անգործութեան վերջ
- Դժբախտութիւններուն վերջ
Հիւլէական Ռումբը
1942-1945 թուական
- 100,000 գիտնականներու գործակցութեամբ մէջտեղ եկաւ:
- 13 մեծ համալսարաններու տարրալուծարաններու մէջ կատարուած փորձերու իբրեւ արդիւնք
- Վեց ամիս ռազմավարութիւն մշակուեցաւ ռումբը նետելու համար:
- Ռումբը շուրջ 15,000 թոն «Թի.Էն.Թի.»ի զօրութիւն ունէր:
Մէկ ռումբ, բայց լաւ աշխատանք տանելով, պատճառ եղաւ, որ երեսուն օրէն ճերմակ դրօշակը բարձրացնեն ճաբոնցիները:
Հոգեւոր հիւլէական մը ի՞նչ ձեւով ազդու կրնայ ըլլալ Եկեղեցիին ձեռքին մէջ՝ շինուած Քրիստոսի միտքը ունեցող (տե՛ս Ա.Կր 2.16) Եկեղեցիին ձեռքով եւ աշխատանքով:
Մեր ձեռքերը միացնենք, ըլլանք մէկ միտք եւ մէկ հոգի եւ շինենք ամենալաւ հոգեւոր ռումբը՝ կլիման, ուր թշնամին տեղ չունի: