Սողոմոնի տաճարին կործանումը տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 586 թուականին, որ վերջ դրաւ Հրեաներու կրօնական եւ ազգային կեանքին:
Գերութեան տարիներուն վերջաւորութեան, պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին պատճառով մօտ 50,000 հրեաներ վերադարձան Երուսաղէմ, Զօրաբաբելի հետ (տե՛ս Եզր 1.2-4: Ես 44.28), ինչպէս նաեւ մեծ քահանայապետ Յովսեդեկեան Յեսուին եւ Անգէ ու Զաքարիա մարգարէներուն հետ:
Սամարացիներուն հակառակութեան պատճառով, պարսիկները դադրեցուցին տաճարին շինութիւնը:
Անկէ ետք հոգեւոր անտարբերութիւնը տիրեց մօտ տասնվեց տարիներ, մինչեւ պարսիկներու Դարեհ թագաւորին օրերը (521-486 Ք.Ա.):
Դարեհ թագաւորի երկրորդ տարին (Ք.Ա. 520) Աստուած Անգէ մարգարէն խօսեցուց, որպէսզի տաճարին շինութեան համար ան քաջալերէ հրեաները:
Անոր պաշտօնը Յուդայի ղեկավարները արթնցնել էր իրենց հոգեւոր քնախտէն եւ քաջալերել, որ տաճարը շինելու գործը շարունակեն:
Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Աստուած Իր ներկայութիւնը եւ ամբողջ օրհնութիւնը կը բերէ Իր տաճարին մէջ, եւ այդ պատճառով միշտ խնդրած է, որ Իր ժողովուրդը տաճարին շինութեան մէջ իր մասնակցութիւնը բերէ (տե՛ս Ելք 25.1-9):
(Հմր 1) «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. “Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ինծի ընծայ բերեն. միայն յօժարակամ տուող մարդէն առէք իմ ընծաս”»: Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնանք, որ մենք ենք Աստուծոյ տուները՝ Սուրբ Հոգիին տաճարները (Ա.Կր 6.19):
Իսրայէլացիները գերութենէն վերադարձան Աստուծոյ շնորհքով եւ հարստութեամբ՝ տաճարը շինելու համար (տե՛ս Եզր 1.1-4):
Հաւատացեալներուն կեդրոնացումը Տիրոջ տաճարը շինելուն վրայ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ շինելը.
- Անէծքները կը կոտրէ:
- Գերբնական օրհնութիւն է:
Յիսուսի Մահը եւ Յարութիւնը
...Կը խօսէին տաճարը շինելու մասին (Յհ 2.19-21):
Հաւատացեալները Քրիստոսը ներկայացնող միակ միջոցն են այսօր:
Խօսքը՝ Օրհնութեան Համար (Անգ 1.1)
Տիրոջ խօսքը մեզի կու գայ՝ մեզ օրհնելու նպատակով: Տէրը Անգէ մարգարէին միջոցաւ կը խօսի ժողովուրդին, որովհետեւ ժողովուրդը Աստուծոյ ներկայութիւնը բերող տաճարին գործը մոռցած էր եւ զբաղած էր իր փափաքները իրականացնելով:
Աստուծոյ Խօսքը, որ մեր կեանքերուն մէջն է, նպատակ կը հետապնդէ եւ պէտք է կապուած մնանք անոր, որպէսզի անիկա մեր թշնամիին դէմ կանգնի:
- Խօսքը եկած է տալու (տե՛ս Ես 55.10):
- Սկիզբէն ի վեր Խօսքին հետեւողները կ’աշխատին ու կը շինեն (կարդա՛ Եփ 2.19-20):
Յիսուս Հնազանդ Էր
- Յիսուս հնազանդ էր Խօսքին (տե՛ս Յհ 5.17):
- Կ’ընէր միայն այն ինչ որ կը լսէր ու կը տեսնէր (Յհ 5.19):
Անգէի Օրերուն Ժողովուրդին Անհոգութիւնը (Անգ 1.2)
Բաբելոնէն եկան տաճարը շինելու համար, բայց կ’ըսէին. «[...] Դեռ ժամանակը չէ հասած, Տիրոջ տունը շինելու» (հմր 2բ):
Պատճառը (Անգ 1.4)
Զբաղած էին իրենց համար ձեղունազարդ տուներ շինելով:
«Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք, մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս: Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են» (Եփ 5.15-16):
Հետեւանքները (Անգ 1.5-6)
- Ցանեցին՝ չշահեցան:
- Կերան՝ չկշտացան:
- Խմեցին՝ չյագեցան:
- Հագուեցան՝ չտաքցան:
- Աշխատեցան՝ շահ չունեցան:
Հովը Տարաւ
...Երբ իրենց ձեռքերուն գործերուն կը սպասէին եւ ո՛չ Աստուծոյ (Անգ 1.9-11):
Դժբախտութենէն Ելլելու Համար (Անգ 1.7-8)
- Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք:
- Լեռը ելէ՛ք, փայտ բերէ՛ք (հմմտ Եզր 3.7):
- Պիտի հաճիմ:
- Պիտի փառաւորուիմ:
Արթնութիւնը
- Աստուած արթնութիւն կը բերէ (Անգ 1.14):
- Ամէն բան Տիրոջ կը պատկանի եւ կրնայ քեզի տալ՝ գործին համար (Անգ 2.3-9):
Օրհնութեան Խոստումը
Ինչքան ալ պայմանները հակառակ թուին, օրհնութիւնը Տիրոջ Խօսքին համաձայն պիտի գայ (Անգ 2.19):
Անձնական Խոստում
...Թագաւորութիւնները շարժելու (Անգ 2.22-23)
Ինչքան ալ պայմանները դժուար թուին, Տիրոջ տան շինութեան մէջ քու հաւատարիմ եւ անկեղծ մասնակցութիւնդ յառաջ կը բերէ երկնային գերբնական օրհնութիւն՝ պայմանները ի շահ քեզի դարձնելու համար: