Մովսէս Տիրոջ պատուիրած բոլոր բաները կատարելէ ետք, կազմեց Վկայութեան Խորանը եւ սկսաւ լուացուելով պատրաստելու եւ զոհերը մատուցանելու գործը (տե՛ս Ելք 40.1-33):
34-րդ համարին մէջ կ'ըսէ՝ «Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը»: Ո՛չ որեւէ ամպ. ամպ մը, որ Քորեբ լերան վրայ կ'ըլլար եւ ուր Մովսէս կը մտնէր, որպէսզի Տէրը հետը խօսէր: Եւ ապա՝ «Տիրոջ փառքը լեցուց խորանը»:
- Խորան մը, զոր երկրի վրայ ապրող ժողովուրդը պիտի նուիրէր Աստուծոյ, եւ ուրկէ Աստուած պիտի խօսէր Իր ժողովուրդին: Այդ Խորանը պիտի ըլլար Տէրը ներկայացնողը երկրի վրայ:
- Խորան մը, զոր ժողովուրդը շինեց, որպէսզի Տէրը իր միջեւ ընդունէր, եւ իր կարգին ժողովուրդը նուիրեց, զոհեց, տուաւ, որպէսզի իր միջեւ պահէր Տէրը:
- «Տիրոջ փառքը լեցուց խորանը» (հմր 34բ):
- «Փառք» բառը եբրայերէնով «քապոտ» բառն է, որ կը նշանակէ.
- Արժանապատուութիւն, շուք, աստիճան, արժանիք, աւագութիւն
- Համբաւ, բարի անուն
- Ակնածանք, մեծարանք, խոնարհութիւն, ծնկածալ ողջոյն
- «Լեցուց» բառը եբրայերէնով «միլա» բառն է, որ կը նշանակէ.
- Կատարել, նուիրագործուած, կատարելագործել
- Լիովին լեցնել, հաստատ, պատրաստ, յորդիլ
- Գոհացնել
- զԱստուած ներկայացնող խորանին պատրաստ ըլլալը եւ խորանին վերաբերող գործին կատարուիլը թողարկիչն (բերողն) է Տիրոջ լեցունութեան:
- Հռ 12.1 - «[…] Դուք ձեզ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած […] ատիկա է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը»:
- Բ.Օր 17.1 - «Արատ մը կամ որեւէ պակասութիւն [եբրայերէն բառը կը նշանակէ՝ գէշ բան] ունեցող արջառ կամ ոչխար քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մի՛ մատուցաներ, որովհետեւ այդ բանը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է»:
Հմր 35 - «Մովսէս չէր կրնար մտնել […] Տէրոջ փառքը լեցուցէր էր խորանը»:
Այս համարին մէջ կը խօսինք լեցունութեան մասին: Տէրը գրաւած եւ լեցուցած էր այդ վայրը. «Մովսէս»ին համար տեղ չկար...
- Մտ 6.24 - «Մարդ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ եւ միւսը պիտի արհամարհէ: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային»:
- Երկրորդ անձի մը համար տեղ պէտք չէ ըլլայ մեր սիրտին մէջ. կա՛մ Աստուած կը բնակի մեր տաճար ըլլալու նուիրուած սիրտին կամ կեանքին մէջ, կամ ալ մեր «ես»ը՝ մեր անձը:
- Եթէ Աստուած է հոն բնակողը, պիտի զգաս, որ Իր փառքը ներսդ է, եւ «Մովսէսդ» չի կրնար ներս մտնել:
«Իսրայէլի որդիները իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ՝ երբ ամպը խորանին վրայէն վերնար, այն ատեն կը չուէին: 37 Եթէ ամպը չվերնար, մինչեւ անոր վերնալուն օրը չէին չուեր: 38Քանի որ ցերեկը Տէրոջը ամպը խորանին վրայ էր եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին առջեւ՝ իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ» (հմր 36-38, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
Կարդա՛ Ելք 33
Ժողովուրդը անապատին մէջ յատուկ ճամբաներ ունէր, որոնց մէջ կը քալէր միշտ ինչպէս նաեւ յատուկ կայարաններ, որոնց մէջ կանգ կ'առնէր երկար ժամանակ:
- Ժողովուրդը կը չուէր միայն երբ Տէրը զիրենք ճամբայ հանէր:
- 40 տարուան ընթացքին անոնք ունեցան 40 կայարաններ:
Տիրոջ Առաջնորդութեամբ Քալելու Առաւելութիւնները
Սղ 121.8-ին մէջ Աստուածաշունչը կ'ըսէ՝ «Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան»:
Հմր 4 – Աստուած չի մրփեր ու չի քնանար:
Հմր 5 - «Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է»:
Հմր 6 - «Ցերեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը»:
Հմր 7- «Տէրը քեզ ամէն չարէ պիտի պահպանէ […]»:
Սղ 91.3-8
«Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն […] 4Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ […] 5Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն […] 7Քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ […] 8Ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես»: