Ղեւտացիներուն գիրքին մէջ Սուրբ Հոգին Մովսէսի միջոցաւ պատուիրած էր, որ Իսրայէլ սուրբ կեանք ապրէր:
Նախապէս Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր Քորեբ լերան գագաթէն, իսկ Ղեւտացիներու Գիրքին մէջ կը նկատենք, թէ Տէրը արդէն Իր փառքով հանգչած էր Վկայութեան Խորանին վրայ եւ զայն ընդունած էր որպէս Իր ժողովուրդին մէջ Իր բնակելու վայրը:
Վկայութեան Խորանին եւ հոն կատարուած բոլոր ծէսերուն պատճառով ժողովուրդը կը մշակէր յատուկ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ մը Աստուծոյ հետ: Իսկ Տիրոջ հետ ԵՐԹԱԼԸ՝ քալելը պատճառ էր, որ ժողովուրդը ԲԱԺՆՈՒԱԾ ըլլար միւս բոլոր ազգերէն (տե՛ս Ելք 33.16):
Ղւ 1-էն 16-րդ գլուխներուն մէջ, ԶՈՀԵՐԸ միջոց էին Աստուծոյ մօտենալու, իսկ Տիրոջ հետ քալելը միջոց էր աշխարհէն եւ սովորութիւններէն ԲԱԺՆՈՒԵԼՈՒ (Ղւ 17-27):
Շարունակական ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ սուրբ կեանքը ապրելով, Իսրայէլ պիտի կարենար ա՛յդքան մօտ ապրիլ Սուրբ Աստուծոյ ներկայութեան:
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԸ
Ղեւտացիներու Գիրքը մեզի կը ներկայացնէ զոհերու տեսակները եւ զանոնք կատարելուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ տարբեր ծառայութիւններու զոհերը:
- Գլխ 1-էն 7-ը կը ներկայացնեն ԶՈՀԵՐԸ, որոնք կը կատարուէին ժողովուրդին եւ քահանաներուն համար:
- Գլխ 8-էն 10-ը կը բացատրեն Ահարոնի եւ քահանաներուն նուիրումը եւ զոհերը կատարելու ձեւերը:
- Գլխ 11-էն 15-ը կը խօսին ծոմերու ինչպէս նաեւ հիւանդութիւններէ եւ անմաքուր բաներէ մաքրուելու մասին:
- Գլխ 16-ը կը խօսի քաւութեան օրուան մասին, որուն միջոցաւ ազգը կը վերականգնէր իր ընկերութիւնը Աստուծոյ հետ եւ կը շարունակէր պաշտել զԱյն սուրբ տեղին մէջ:
Աստուծոյ ներկայութիւնը, Անոր հետ ընկերութիւնը եւ աստուածպաշտութիւնը շարունակ պահելու համար, այդ զոհերը անհրաժեշտ եւ հիմնական էին: Այսօրուան դրութեամբ, մեր անձերը Քրիստոսով որպէս կենդանի զոհ տրամադրելը, Անոր նուիրուած մնալը, խիղճերը ծանրացնող յանցանքներէ մաքրուած ապրիլը (տե՛ս Եբր 10.22) եւ պաշտամունքով Անոր հետ ընկերութիւնը պահելը նոյնքան անհրաժեշտ են:
ՏԷՐԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
(Ղւ 1.1) Մովսէսի կանգնեցուցած Վկայութեան Խորանին մէջէն «Տէրը կանչեց Մովսէսը [...]»:
- Կարեւոր է նկատի առնել, թէ երբ Սուրբ Հոգիին նուիրուած տաճարները, այսինքն՝ մենք (տե՛ս Ա.Կր 6.19) կը գործենք եւ կ'ապրինք ճիշդ ձեւով, այսինքն՝ նուիրումով, Աստուծոյ հետ յարաբերութեան եւ ընկերութեան մէջ, Ան՝ Տէրը, պիտի կանչէ մեզ եւ խօսի մեզի հետ:
- Տէրը պիտի կանչէ ու խօսի մեզի հետ կա՛մ մեր սիրտերուն գահէն, կամ ալ որեւէ այլ բանի գահէն, ինչպէս՝ եկեղեցիին, ընտանիքին, ընկերութեան եւլն.:
ԿԱՆՉԵԼ ԼՍԵԼԻ ՁԱՅՆՈՎ
«Տէրը կանչեց Մովսէսը Վկայութեան Խորանէն»ը ակնարկութիւն է լսելի ձայնով կանչելուն:
«Էնհանստ Սթրոնկ'զ Լեքզիքոն»ին (Enhanced Strong’s Lexicon) (բառարանին) համաձայն, «կանչել» կը նշանակէ՝ լսելի ձայնով արտայայտուիլ:
Միրիամ Ուէպսթըր'զ (Meriam Webster’s) բառարանին համաձայն անիկա կը նշանակէ՝ խօսիլ յստակ, բարձր ու որոշ ձայնով մը, որպէսզի լսելի ըլլայ հեռու եղողին:
ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԱՆԱՐԱՏՈՒԹԵԱՄԲ
Երբ Տէրը կը խօսի մեզի, Ան կը յայտնէ մեզի Իր ներկայութեան մէջ մնալու բոլոր պէտքերը, ինչպէս ըրաւ Մովսէսի պարագային: Այսինքն՝ կը խօսի մեզի անարատութեամբ զԱստուած պաշտելու մասին:
- Ղւ 1.3-4-ին մէջ մեր ուշադրութեան կը յանձնուին երկու կարեւոր կէտեր՝ ողջակէզին անարատ ըլլալը եւ թէ զոհողը իր ձեռքը կը դնէ ողջակէզին գլուխին:
- Ձեռքը ողջակէզին գլուխին դնելը կը խորհրդանշէ փոխարինող ողջակէզի մը գոյութիւնը, որ այս օրուան դրութեամբ Քրիստոսն է, որ մեզի համար զոհուեցաւ:
- Մեր անձը նուիրելու մեր ձեւը կրնայ ըլլալ աղօթքով ձեռքեր բարձրացնելը, խոստումներ ընելը եւլն.:
- Մեր բոլոր խոստումներն ու աղօթքները ըլլալու են առանց արատի՝ սուտի, խաբեբայութեան (տե՛ս Եփ 4.22), անհոգութեան եւլն.:
- Փրկուած ժողովուրդին մէջ սահմանուած է չգտնուիլ խաբեբայ լեզու (տե՛ս Սփ 3.13):
- Անհոգութիւնը զզուելի է Տիրոջ համար եւ մեծ վնասի դուռ կը բանայ Աստուծոյ ժողովուրդին դիմաց (կարդա՛ Դտ 18.7 եւ Ես 32.9-11):
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
Տիրոջ ձայնը լսելու եւ Անոր ծրագիրներն ու նպատակները կեանքիդ մէջ կատարուելու համար սխալիդ անդրադառնալը կարեւոր բան մըն է, որ կը կիրարուի քանի մը ձեւերով.
- Աստուծոյ Խօսքը ընդունելով մինչեւ որ Ան Իր բարակ ու մեղմ ձայնով խօսի քեզի հոգիիդ մէջ (տե՛ս Գ.Թգ 19.12-13)
- Առաւել, Խօսքին համաձայն անդրադարձ ունենալը կը հանէ քեզ անառակութեան ճահիճէն եւ կը վերադարձնէ Հօր փառքին (կարդա՛ Ղկ 15.11-32):