Իսկական հանգիստը ֆիզիքական հանգիստը չէ, այլ՝ Քրիստոսով մեր ինքնութիւնը գտնելը: Առաջին հանգիստը Տիրոջ հետ հանդիպումն է, ուր Անոր լոյսը մեր կեանքի արգելքները կը փարատէ: Առանց ամէն օր Աստուծոյ հանդիպելու, մեր ծառայութիւնն ու հոգեւոր կեանքը միօրինակ ու զզուելի կը դառնան:
Մտ 12-ին մէջ, Փարիսեցիները Յիսուսի մօտ քալով՝ այպանեցին Անոր աշակերտները, որովհետեւ Շաբաթ օրով անօթեցած ըլլալով՝ հասկ փրցուցեր ու կերեր էին, բան մը զոր Օրէնքը կ'արգիլէր Շաբաթ օրով ընել (12.2):
Յիսուս Փարիսեցիներուն ըսաւ, թէ Դաւի՛թ եւս կերաւ առաջաւորութեան հացերը (ինչ որ միայն քահանաներուն արտօնուած էր): Բայց այս բանը Դաւիթին մեղք չսեպուեցաւ (12.4), որովհետեւ Աստուծոյ փառքին համար հալածուած ծառայութիւն մը կը սեպուէր:
Ըստ քահանաներուն, շաբաթ օրով որեւէ գործ ընելը մեղք էր, ուստի հազարաւոր օրէնքներ դրած էին: Շաբաթը օրէնք յիշելու օր եղած էր, փոխանակ Տիրոջ վրայ կեդրոնանալու օր ըլլալու եւ անոնք աւելի կը մտածէին իրենց ընելիքին կամ չընելիքին մասին, քան Տիրոջ:
Յիսուս իրենց ցոյց տուաւ թէ Շաբաթը մարդուն համար եղած էր, եւ ոչ թէ մարդը՝ Շաբաթին համար: Շաբաթը մարդուն պիտի ծառայէ եւ անոր տալիք ունի:
Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որուն ձեռքը գօսացած էր, եւ երբ փարիսեցիները ամբաստանելու նպատակով Յիսուսի հարց տուին եթէ օրէնքը կը թոյլատրէր բժշկել Շաբաթ օրով, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա: Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն: Ուրեմն շաբաթ օրը բարիք գործելը արժան է» (Մտ 12.12): Եւ Յիսուս բժշկեց գօսացած ձեռքով մարդը (13):
Հանգիստը մտնել կը նշանակէ մտնել այն տեղը, ուր Յիսուս մեզի համար սկիզբէն սահմանած էր: Ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած եօթներորդ օրը ստեղծեց, օրհնեց ու սրբեց, այսինքն՝ յատկացուց եւ լաւագոյն մաղթանքները տուաւ, կատարեալ ու ամբողջ ըլլալու համար: Քրիստոսով հանգիստը կը շնորհէ այն կատարեալ վիճակը, զոր Աստուած շնորհած էր մարդուն:
Երբ կը մտնենք այդ հանգիստը, այլեւս ողորմութիւն չենք փնտռեր, այլ կը գտնե՛նք (Եբր 4.16):