Աստուածաշունչին մէջ «հրաշագործութիւն» բառը ակնարկութիւն է կենդանի Աստուծոյ գործերուն, որոնք բնութեան եւ ժամանակներուն մէջ կը կատարուին:
Աստուծոյ զօրութիւնը ստեղծագործութեան մէջ կ'երեւի՝ Անոր աներեւոյթ յատկանիշները բացայայտելու համար (Հռ 1.20):
Մարդուն անկումէն ետք, հրաշքները, զարմանալի բաները եւ նշանները փրկութեան վերաբերող նամակ մը կը փոխանցէին: Յիսուս կը մերժէր ընել նշաններ, որոնք մարդոց հետաքրքրութիւնը պիտի գոհացնէին եւ փրկութեան ծրագիրին օգտակար պիտի չըլլային (Մտ 12.38-42: Յհ 2.18-22: Ղկ 23.8-11):
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ մարդիկ Սատանային միջոցաւ հրաշքներ պիտի գործեն՝ ժողովուրդը Աստուծոյ ճամբէն հեռացնելու նպատակով: Անոնք Աստուծոյ սահմանած փրկութեան ծրագիրին դէմ գործող Սատանային գործակալներն են եւ անոնց կատարածները սուտ հրաշքներ կը նկատուին, որովհետեւ մարդուն փրկութեան համար չեն կատարուիր, ինչպէս Սիմոն անունով կախարդին պարագային (Բ.Օր 13.2-3: Մտ 7.22, 24.24: Բ.Թս 2.9-10: Յյտ 13.13-14, 16.14, 19.20: Գրծ 8.9-11):
Հրաշքները զԱստուած աւելի խորապէս ճանչնալու միջոցներ են: Աստուած հրաշքները թատերականօրէն կ'ընէ, որպէսզի տրամադիր եղողները լսելով եւ տեսնելով հաւատան:
Յիսուս փրկութեան մասին խօսած ատեն միշտ հաւատք կ'ակնկալէր լսողներէն (Մտ 16.13-16): Հաւատքի մասին խօսելով ըսել չենք ուզեր, որ Աստուած առանց մարդուն հաւատքին չի կրնար հրաշք գործել (Մր 6.5), այլ՝ զայն մարդոց միջոցաւ եւ փրկութեան ծրագիրին համաձայն ընելուն համար մարդուն հաւատքը կարեւոր է:
Աստուած տիեզերքին ստեղծիչն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ (Սղ 115.16): Սկիզբը Ան կատարեց ամէն ինչ եւ ետքը մարդուն յանձնեց իշխանութիւնը (Ծն 1.26-28): Մարդը Աստուծոյ հաւատալով եւ Անոր միացած ըլլալով պէտք էր կատարէր բոլոր գործերը՝ բնականը եւ գերբնականը:
Հրաշքը կը կատարուի Աստուծոյ կամ ծառայողին կողմէ յայտարարուելով (Յես 3.7-13: Գ.Թգ 13.1-5), բայց նաեւ ծառայողին հրամանով կամ աղօթելով (Ելք 4.17: Թւ 20.8-11: Գ.Թգ 18.37-38): Շատ անգամ յայտնութիւնը եւ հրամանը միասին կ'ըլլան (Ելք 14.1-4,10-15,21,31): Ասոնք աստուածային գործին, խօսքին եւ ծառայողին հաւատքին միջեւ եղող կապը ցոյց կու տան:
Բժշկութեան ասպարէզէն ներս միշտ հրաշքներ կը տեսնուին, բայց ատոնք ո՛չ թէ հրաշագործութեան պարգեւով կատարուած են, այլ՝ բժշկութեան: Հրաշագործութեան գերբնական պարգեւը բնութեան կանոնաւոր ընթացքին մէջ գերբնական միջամտութիւնն է, ինչպէս ջուրը գինիի փոխուիլը (Յհ 2.1-12) կամ Յորդանանի ջուրերուն երկուքի բաժնուիլը երբ Եղիան, եւ անկէ ետք ալ Եղիսէն, վերարկուն ջուրերուն զարկին (Դ.Թգ 2.9-14):
Հրաշագործութեան պարգեւով գաւազանը օձի վերածուեցաւ (Ելք 7.10), Կարմիր Ծովը երկուքի բաժնուեցաւ (Ելք 14.21-29), այրի կնոջ սափորէն իւղը չպակսեցաւ (Դ.Թգ 4.1-7) եւ հինգ հացով եւ երկու ձուկով 5000 հոգի կերակրուեցաւ (Յհ 6.6-14):
Յիսուս շարունակ կ'ըսէր, թէ միայն հաւատքով կարելի է արժանանալ հրաշագործութեան գերբնական պարգեւին (Մտ 17.19-20: Ղկ 8.22-25):