Սուրբ Հոգին ողջ է: Ան եկեղեցիին մէջ ներկայ է եւ Անով եկեղեցին կը մեծնայ: Մինչեւ Գործ Առաքելոցի 13-րդ գլուխը, Սուրբ Հոգին մեծ պատրաստութիւն տեսաւ: Ան տարբեր տեղերէ մարդիկ հաւաքեց եւ խումբեր շինեց: Տեսանք ինչպէս Աստուած մարդոց միջոցաւ գործելու մեծ պատրաստակամութիւն ունի եւ թէ ի՛նչպէս Անոր կողմէ մարդուն տրուած պարգեւը կ'աշխատի՝ ստացողին հնազանդութեամբ եւ հաւատքով:
Այս հատուածին մէջ պիտի տեսնենք ի՛նչպէս կախարդ մը փորձեց Սուրբ Հոգիին գործը դադրեցնել, բայց առաքելութեան ղրկող Հոգին չարտօնեց (ու պիտի չարտօնէ բնաւ), որ իր ճամբան ծռի: Ոչ ոք կրցած է Աստուծոյ գործին սահման դնել եւ ո՛ չ ոք ալ պիտի կարենայ:
Սուրբ Հոգին Առաքելութեան Կը Ղրկէ (Գրծ 13.1-2)
Սուրբ Հոգին կը ղրկէ առաքելութեան մը, որ ունի սկիզբ մը եւ մշտատեւ հովանաւորութիւն ու ներշնչում:
(Հմր 1-3) Անտիոքի եկեղեցիին մէջ կային մարգարէներ եւ վարդապետներ, որոնք կը ծառայէին ու ծոմ կը պահէին:«[…] Սուրբ Հոգին ըսաւ ''Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք'': Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին»:
Այս մարդոց համար աղօթքը պարտականութիւն մը չէր: Ծառայութեան ընթացքին անոնց ըրած ծոմն ու աղօթքը ցոյց կու տան մեծ երազ, տեսիլք եւ յարձակողական դիրք: Անոնք կը փորձէին ծոմով ու աղօթքով Աստուծոյ կողմէ տրուածը երեւան հանել:
Գործ Առաքելոցի հեղինակը նախապէս արդէն մեր ուշադրութեան յանձնած էր Բառնաբասի ու Պօղոսի հաւատքը, կոչումն ու գործերը: Հոս կը տեսնենք, թէ Սուրբ Հոգին աղօթքի ընթացքին զանոնք կ'ընտրէ՝ սահմանուած գործին համար:
(Հմր 3) Տիրոջմէն առաջնորդութիւն ստանալէ ետք, անոնք տակաւին ծոմ եւ աղօթք ըրին, որովհետեւ ուզեցին լիովին պատրաստ ըլլալ գործին համար:
Ծոմը եւ աղօթքը եկեղեցիին համար հաւատքի գործողութիւն են («պէնզին» լեցնելու պէս): Յաջողութիւնը մեր գործակցութեամբ եւ աշխատանքով ձեռք պիտի բերուի. հետեւաբար ծառայութեան մէջ աղօթքը շատ կարեւոր է:
Սուրբ Հոգիէն Ղրկուած
Գրծ 13.4-ը շեշտ կը դնէ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած ըլլալուն վրայ: Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած՝ գացին Սելեւկիա (Անտոքէն երկուք ու կէս քիլոմեթր հեռու): Թէեւ անոնք նամակը առած էին եւ առաքելութեան ղրկուած էին, բայց տակաւին Սուրբ Հոգիին ձայնը իրենց հետ էր:
Պօղոս եւ Բառնաբաս Սուրբ Հոգիէն ղրկուած գործը կատարեցին: Ասիկա սկզբունք մըն է, որով եկեղեցին պէտք է քալէ:
Դիւային Ոյժերը՝ Սուրբ Հոգիով Կատարուելիք Պաշտօնին Դիմաց
Սաղամինա հասնելով, անոնք Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին: Պափոսի մէջ, անոնք գտան սուտ մարգարէ մը՝ Հրեայ մոգ մը, Բարեյեսու անունով, որ կը պտտէր փոխանորդ բդեշխին՝ Սերգիոս Պօղոսի հետ: Սերգիոս Պօղոս Բառնաբասն ու Սօղոսը հրաւիրեց, քանի որ կ'ուզէր Աստուծոյ խօսքը լսել, բայց Եղիմաս մոգը (Բարեյեսուն) դէմ կեցաւ անոնց (Գրծ 13.4-8):
Եղիմաս կը նշանակէ իմաստուն մարդ: Աշխարհային իմաստութիւնը Աստուծոյ խօսքին դէմ կեցաւ եւ կ'ուզէր Աստուծոյ գործին առջեւ արգելք դնել: Դիւային ոյժերը պիտի փորձեն իրենց մարդիկը հանել մեր առջեւ, բայց մեր յաղթութիւնը Սուրբ Հոգիով առաջնորդուելուն մէջ կը կայանայ:
«Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց ու ըսաւ.''Ո՜վ ամէն խաբեբայութիւնով ու ամէն խորամանկութիւնով լեցուած Սատանայի որդի, թշնամի բոլոր արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս Տէրոջը շիտակ ճամբաները ծռելէ» (Գրծ 13.9-10):
Ասիկա կը նշանակէ, որ Պօղոս իր տեսողութեան դաշտին մէջ առաւ զանիկա եւ աչքերը անոր վրայ սեւեռեց:Այդ ձեւով Պօղոս իր իշխանութիւնը կը բանեցնէր անոր վրայ(իր իշխանութեան ներքեւ կը բերէր զայն):
Պօղոսի միջոցաւ խօսողը Սուրբ Հոգին էր, որ այս մարդուն ըրածները միշտ կը տեսնէր: Եղիմաս Սուրբ Հոգիին գործին առջեւ արգելք կ'ուզէր դնել եւ Սուրբ Հոգին Պօղոսի միջոցաւ կ'ուզէր անոր գործը դադրեցնել: Սուրբ Հոգին, մեր միջոցաւ, աշխարհի խաբեբայութիւնները կը դադրեցնէ եւ ետ կը մղէ :
(Հմր 10) Կախարդներն ու բաղդագուշակները, ինչքան ալ ընտանեկան, ազգային եւ այլ կապեր ունենան մեզի հետ, իրենց սիրտին միջոցաւ Սատանայի որդիներ են, թշնամի արդարութեան եւ լեցուած խաբեբայութիւնով ու խորամանկութեամբ:
Սուրբ Հոգին Չ'արտօներ, որ Իր Ճամբաները Ծռեն
«Հիմա Տէրոջը ձեռքը ահա քու վրադ է ու կոյր պիտի ըլլաս՝ ատեն մը արեւը չտեսնելով'': Իսկոյն անոր վրայ մէգ ու խաւար իջաւ ու պտըտելով առաջնորդ կը փնտռէր» (Գրծ 13.11):
Հաւատքով պէտք է ճանչնանք եւ տեսնենք, թէ Տիրոջ ձեռքը իրապէս կախարդներուն դէմ է՝ անոնց գործերը դադրեցնելու համար: Մեր ինքնութեան նկատմամբ արթուն պէտք է ըլլանք եւ գիտնանք, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ դեւերուն հետ:
Նամակը հասաւ, որովհետեւ Բառնաբասն ու Պօղոսը ներկայացան ոչ միայն որպէս ուսուցիչներ, այլեւ որպէս Աստուծոյ մարդիկ: «Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ» (Գրծ 13.12):
Յաջողութիւնը կու գայ տեղւոյն վրայ Սուրբ Հոգիին ըսածը լսելէն: Մեր ջանքը զԻնք լսելու միջոց մը չէ. մեր նուիրո՛ւմն է, որ ականջ կը ստեղծէ՝ լսելու: