Մեր հաւատքը պիտի չըլլայ պատկեր մը, այլ՝ ապրուած հաւատք:
Եբր 11.1-ը կ'ըսէ՝ «Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է»:
Երբ հաւատքով կը նայինք, Աստուծոյ խօսքը կը սկսի իրականանալ (մարմնանալ) մեր կեանքերէն ներս: Հաւատքով կը հրաւիրենք Յիսուսի կողմէ սահմանուած հրաշքը եւ կը ստանանք այն, ինչ որ Յիսուս արդէն իսկ Իր խաչով մեր սեփականը դարձուցած է:
Մեր հաւատքով ոտնակոխ կ'ընենք մեր կեանքին դէմ պատերազմող արգելքը: Հաւատքով Աստուծոյ զօրութիւնը կը հրաւիրենք եւ աներեւակայելին իրականութիւն կը դառնայ:
Լիւստրայի Կաղ Մարդուն Հաւատքը
«Լիւստրայի մէջ մարդ մը նստեր էր ոտքերովը տկար՝ իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր» (Գրծ 14.7):
Այս մարդը իր ծնած օրէն կաղ էր եւ կը տառապէր: Հռ 8.3-ը կ'ըսէ, թէ մենք ալ բնութեամբ տկար էինք, բայց Քրիստոս ազատեց մեզ:
Այս մարդը տկար էր, բայց երբ Պօղոս կը խօսէր Յիսուսի մասին եւ Յիսուսի ընելիքներուն մասին, ան ակնկալութեամբ մտիկ կ'ընէր:
«Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ'ընէր: Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշկուելու հաւատք ունի, բարձր ձայնով մը ըսաւ. ''Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ'': Ան ալ ցատկելով ՝ կը քալէր» (Գրծ 14.8-9):
Այս մարդը երբ հաւատքով մտիկ կ'ընէր, իր չունեցածը առնելու կեդրոնացումը ունէր: Ան մտիկ կ'ընէր՝ ուղղակի իր վիճակէն դուրս գալու համար:
Հաւատքը ակնկալութիւն է եւ չկա՛յ յուսահատութիւն անոր մէջ: Հաւատացեալը իր մէջ կ'ունենայ իր չունեցածը ունենալու պատկերը եւ հաւատքով կը յուսայ, որ ատիկա իրեն կը պատկանի:
Պօղոսին բերանէն ելած խօսքերուն միջոցաւ այս մարդը կարծես վերստին կը ծնէր: Երբ ան Պօղոսին կը նայէր, անոր մէջ գտնուող հոգիին կապուած էր եւ կարծես իրմէ ներքին նամակ մը հասաւ Պօղոսին, որուն մէջ գրուած էր՝ «Հաւատք ունիմ՝ բժշկուելու»:
Սուրբ Հոգին գիտութեան խօսքով Պօղոսին յայտնեց այս մարդուն հաւատքին մասին եւ Պօղոսը մղեց ըսելու՝ ''Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ'':
Երբ մենք եւս Աստուծմէ եկած պատգամը կ'ընդունինք, Խօսքը կը սկսի աշխատիլ:
Այս մարդը իր կաղութենէն աւելի Պօղոսին խօսքերուն հաւատաց եւ բժշկուեցաւ:
Ժողովուրդին Մեկնաբանութիւնը Եւ Հաւատքին Չափը
«Ժողովուրդը, երբ Պօղոսին ըրածը տեսաւ, ձայներնին վերցնելով՝ Լիկայոնարէն ըսին. ''Աստուածները մարդոց նմանութիւնով մեզի իջեր են'': Բառնաբասը Դիոս կը կոչէին եւ Պօղոսը՝ Հերմէս, վասն զի անիկա էր գլխաւոր խօսողը: Իսկ քաղաքին առջեւ եղած Դիոսին քուրմը ցուլեր եւ պսակներ բերելով դռներուն առջեւ, բազմութեանը հետ մէկտեղ կ'ուզէր որ զոհ ընէ» (Գրծ 14.10-12):
Ժողովուրդը եղածը աստուածներու մարմնանալը կոչեց: Ժողովուրդը կը հաւատար, որ կայսրը մարմնացած աստուած մըն է եւ ըստ իրենց մշակոյթին, մեծերը կրնային կապուիլ աստուածներուն հետ: Հետեւաբար, երբ անոնք տեսան հրաշք մը, որ ըստ իրենց, աստուածներուն կը վերաբերէր, ըսին, թէ աստուածները մարմնացած են:
«Դիոս»-ը՝ «Զեւս»-ը յոյներուն ազգային աստուածն էր, իսկ «Հերմէս»-ը՝ Աստուծոյ պատգամաբերը:
Իրենց ըմբռնումին համաձայն տեսան այն գործը, որ Աստուած կ'ընէ մարդոց միջոցաւ եւ սկսան մարդիկը պաշտել. անոնք զոհ ու յարգանք պիտի մատուցանէին իրենց հասկցած ձեւով:
Պօղոս յստակացուց, որ իրենք պարզ մարդիկ էին եւ ոչ՝ աստուածներ եւ կարեւոր էր, որ անոնք ծանօթանային ճշմարիտ Աստուծոյն, որ Իր արիւնը թափած էր՝ մարդիկը փրկելու համար: Ան յայտնեց, թէ Յիսուսով փրկութիւնը բոլոր մարդոց համար է եւ Աստուծոյ զօրութիւնը կրնայ բոլորին միջոցաւ գործել (13-17):
Կենդանի Զոհեր
Հռ 12.1-ին մէջ, Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ. «Արդ՝ կ'աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը»: Առաքեալը կ'ակնկալէ, որ հաւատացեալները իրենց սիրտերն ու կեանքերը Աստուծոյ նուիրեն եւ ամէն օր զանոնք իբրեւ զոհ մատուցանեն:
Մեր սիրտերը շարունակ Աստուծոյ համար պիտի ապրին եւ մեր նուիրումը կրնանք ապրիլ մեր հաւատքին միջոցաւ:
(Հմր 18) Աստուծոյ կատարած այս մեծ գործին դիմաց, հրեաներ ելան եւ խաբեբայական միջոցներով մարդիկը գրգռեցին, որպէսզի Պօղոսը քարկոծեն:
Այսօր եւս կը տեսնենք, թէ մինչ օտար ազգեր Քրիստոսի կու գան, քրիստոնեաներ պատրաստ են հալածելու ուրիշ քրիստոնեայ մը՝ իրենց տեսակէտին ճիշդ ըլլալը հաստատելու համար: Բայց մենք կը հաւատանք Աստուծո՛յ տեսակէտին: