Տնօրինում կը նշանակէ ձեւ մը կամ կերպ մը, զոր Աստուած կ'որդեգրէ Իր կիրարկելիք ծրագիրներն ու նպատակները դրսեւորելու համար:
Աստուածաշունչը մեզի կը ներկայացնէ եօթը տնօրինումներ՝ Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու:
Տնօրինումներ
- Անմեղութեան Տնօրինում
- Ստեղծագործութենէն մինչեւ մարդուն անկումը (Ծն 1.28--3.6)
- Խիղճի տնօրինում
- Անկումէն մինչեւ ջրհեղեղ (Ծն 4.1--8.14)
- Կառավարական տնօրինում
- Ջրհեղեղէն մինչեւ Բաբելոնի խառնակութիւն (Ծն 8.15--11.9)
- Հայրապետական Խոստումի Տնօրինումը
- Աբրահամէն մինչեւ Սինա լեռ (Ծն 12.1--Ելք 18.27)
- Օրէնքի Տնօրինումը. «Ուխտ»ը
- Սինայէն մինչեւ խաչ եւ վերնատուն (Ելք 19.1--Գրծ 1.26)
- Շնորհքի եւ Զօրութեան Տնօրինումը
- Վերնատունէն մինչեւ Դատաստան (Գրծ 2.1--Յյտ 20.10)
- Դատաստանի եւ Նոր Կեանքի Տնօրինում
- Նոր կեանքը եւ ամբողջական Հանգիստը (Յյտ 20.11--22.21)
Անմեղութեան Տնօրինումը
Անմեղութիւնը յառաջ կու գար Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալէն (Ծն 1.28) եւ մարդուն կենդանի հոգի ունենալովը՝ Աստուծոյ անմեղութեամբ (Ծն 2.7) կառավարուելէն: Աստուծոյ խօսքին հնազանդելով ապրիլը կեանքի ապահովագրութիւն էր մարդուն (Ծն 2.15-17):
Խիղճի Տնօրինումը
Երկրորդ տնօրինումը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ի՛նչպիսի բարոյականով մը պիտի ապրին եթէ մեղքի միջոցաւ արատաւորուած խիղճին եւ կամքին յանձնուած ապրին:
Անկումէն ետք, Աստուած ուղղակի Սուրբ Հոգիին միջոցաւ չէր կառավարեր մարդուն կեանքը, որովհետեւ մարդը մեղքին պատճառով արատաւորուած կեանք մը կ'ապրէր՝ իր խիղճին եւ կամքին յանձնուած:
Երրորդ Տնօրինումը
Ջրհեղեղէն ետք, մարդիկ այնպէս հասկցան, թէ իրենք ալ Աստուծոյ նման կրնային սպաննել եւ իրենց չսիրածը ոչնչացնել: Այդ պատճառով, Աստուած նոր ուխտ մը ըրաւ Նոյի հետ եւ այդ ուխտին սահմաններուն մէջ յստակացուց երկու բաներ.
- Ադամին շնորհուած իշխանութեան վերահաստատումը` վերատեսուած ձեւով (Ծն 9.1-3)
- Արիւն թափելէ զգուշանալ, այսինքն՝ սպանութիւն չընելու պատուէրը
Նոյի հետ Իր ըրած նոր ուխտով Աստուած ուզեց ցոյց տալ, թէ կեանքը սուրբ է եւ թէ մարդ պէտք չէ վնաս հասցնէ իր նմանին, որ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած է:
Այդ ուխտը հաստատուեցաւ.
- Բնութեան մէջ հաւասարակշռութիւն ապահովելու համար
- Աշխարհի վրայ կարգ կանոն բերելու համար
- Սորվեցնելու համար, թէ օրէնքին միջոցաւ հաւասարակշռութիւն մը կու գայ եւ այդպիսով Չարը ազատօրէն չի շարժիր, ինչպէս մեղքին պատճառով սկսած էր շարժիլ:
Հետեւաբար, այդ ուխտին մէջ մնալը Աստուծոյ հետ ուխտի յարաբերական կապի մէջ մնալ կը խոստանար: Իսկ Աստուծոյ հետ ուխտի յարաբերութեան մէջ մնալը Անոր պատասխանատուութեան բարիքները վայելել կը նշանակէ: Այդ պատճառով պէտք է ոչ միայն սպաննելու դէմ զգուշանանք, այլեւ սպաննելու մղող ներքին զգացումներէն:
Այդ մասին Նոր Կտակարանին մէջ Տէր Յիսուս կը խօսի, Մտ 5.21-26-ի մէջ, ըսելով՝ ««Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպաննութիւն մի՛ ըներ’: Ով որ սպաննութիւն ընէ դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ»: Բայց ես ձեզի կ‘ըսեմ. «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ: Ով որ իր եղբօրը յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ: Ով որ իր եղբօրը անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ: Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես: Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես: Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս: Ճշմարիտ կ‘ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը վճարես’»:
Կառավարական Ուխտը (Ծն 9.1)
Կը շնորհէ երկնային օրհնութիւններ.
- Իշխանութեան ուխտով
- Աճելու ուխտով
- Շատնալու ուխտով
- Երկիրը լեցնելու ուխտով
Այդ կառավարական ուխտին նպատակն էր սորվեցնել, որ մարդիկ իրենց սիրտին մէջ ուրիշին նային որպէս իրենց նմանը եւ ոչ որպէս նուաստ մէկը. որպէսզի մարդոց հետ ապրին Աստուծոյ վախով եւ ոչ թէ անոնց մակարդակին համաձայն:
Ըստ Տէր Յիսուսի, մեր բարկանալը, մեր սիրտին մէջ մեր նմանին ծանր խօսքեր ըսելը մեզ հոգեւոր դատաստանին առջեւ պարտաւոր կը դարձնէ եւ Աստուծոյ տուած խոստումներէն կը զրկէ մեզ կամ չ'արտօներ, որ Անոր ներկայութեան մտնենք մեր սիրտի զոհովը (տե՛ս Հռ 12.1) նախքան եղբօր կամ ոսոխին հետ հաշտուիլը: Ուստի Ծննդոց 9.5-6-ի մարդու արիւն չթափելու պատուէրը եւ Տէր Յիսուսի կողմէ ըսուած «դատաստանի օրը մարդ իր բոլոր դատարկ խօսքերուն համար հաշիւ պիտի տայ» (Մտ 12.36 Ն.Թ.) խօսքը, նոյն նպատակին կը ծառայեն ու կը թելադրեն, որ մեր սիրտին կեցուածքը ճշդենք՝ Աստուծոյ հետ կատարուած ուխտին յաւիտենական օրհնութիւնները վայելելու համար: Ըստ Տիրոջ, մեր սպանութիւն ընելը կը սկսի երբ մեր սիրտին մէջ կեցուածք կը շինուի:
Եթէ Նոյի արդարութեան շնորհիւ Աստուած այդքան փառաւոր ուխտով մը իշխանութիւն եւ օրհնութիւն տուաւ, հապա ինչքան աւելի տուած է եւ պիտի տայ Քրիստոսով մեզի հետ Իր կատարած ուխտին միջոցաւ (կարդա՛ Եբր 8.6-13):