Մեղքին պատճառով, Աստուծոյ զօրութիւնը, Աստուծոյ կեանքի ոյժը, Անոր յաւիտենական արժէքները ինչպէս նաեւ մարդը Իր պատկերին նմանութեամբ ստեղծելուն անուշութիւնը մարդէն բաժնուեցան, եւ մարդը եւ կեանքը սկսան ունենալ թերութիւններ եւ դժուարութիւններ:
Այսօր մենք կը գտնուինք Աստուծոյ ողորմութեան տակ եւ յաճախ նկատի չենք առներ, թէ Ադամի կորսնցուցածը եւ անոր պատահածը կրնան մեզի ալ պատահիլ, եւ մենք դարձեալ կրնանք կորսնցնել կամ չվայելել այն ինչ որ Յիսուս Իր արիւնը թափելով վերականգնեց մեզի համար:
Անցեալին, Հին Կտակարանի ժամանակաշրջանին, երբ մարդիկ սխալ ընէին՝ կը մեռցուէին, իսկ Ծննդոց Գիրքին մէջ կը տեսնենք, թէ երբ մեղանչեցին՝ հոգեպէս Աստուծմէ բաժնուեցան: Այսօր որովհետեւ մենք Յիսուսի ողորմութեան տակ ենք, երբ նոյնիսկ շատ լուրջ սխալներ ընենք, տակաւին մենք մեզ Աստուծմէ հեռացած չենք զգար եւ տակաւին կ'ապրինք...
Յաճախ մենք՝ Քրիստոնեաներս, Սատանային խաղերուն կ'ենթարկուինք եւ զանց կ'ընենք Աստուծոյ ամենապարզ պատուէրները, կարծելով, որ մենք այդ պատուէրներէն շատ աւելի գերադաս ենք: Իսկ երբ քիչ մը գիտութիւն կ'ունենանք Աստուծոյ Խօսքին մասին, անգիտակցաբար մեր հոգեբանութեան կամ ենթագիտակցութեան մէջ կը սկսի տիրել այն համոզումը՝ թէ մենք այլեւս Աստուծոյ Խօսքէն վեր ենք եւ այդ խօսքերը այլեւս մեզի չեն վերաբերիր: Աստուածաշունչին մէջ Պօղոս առաքեալ շատ տեղեր կը խօսի այդ մասին:
Աստուած՝ Ստեղծիչը
Ծննդոց Գիրքի առաջին գլուխին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած ամէն բան ստեղծողն է. Ինք ստեղծեց երկինքը, երկիրը եւ երբ Աստուծոյ Խօսքը եկաւ, Հոգին գործի լծուեցաւ եւ պարապ, խաւար, անձեւ աշխարհէն գեղեցիկ եւ բարի ստեղծագործութիւն մը դուրս բերաւ: Ամէն բան, կ'ըսէ Աստուածաշունչը, բարի էր (Ծն 1.31):
Եօթներորդ օրը Աստուած նաեւ ստեղծեց այն հանգիստը, որուն մէջ Ինք հանգչեցաւ. այսինքն՝ Ստեղծագործութեան սահմանին մէջ, ծրագիրին մէջ, նպատակին մէջ ինչ որ սկսաւ, վերջացուց (Ծն 2.1-3):
Ստեղծագործութեան մէջ գտնուող բոլորէն միայն մարդը, որ վեցերորդ օրը ստեղծուեցաւ, ունէր հոգի եւ կրնար տեսնել այդ եօթներորդ օրուան մէջ գտնուող առաւելութիւնը, զոր Աստուած օրհնեց եւ սրբեց (Ծն 2.3):
- Օրհնեց- Եբրայերէնով՝ «պարաք», ըսել է ծունկ ծռել, առատութեամբ օրհնել, օրհնութեամբ դիմաւորել եւ ողջունել: «Ողջոյն» բառը հայերէնի մէջ, ինչպէս նաեւ եբրայերէնի եւ յունարէնի մէջ կը նշանակէ «Խաղաղութիւն»: Նաեւ «օրհնել» «Էնհանստ Սթրոնկ'զ Լեկզիքոն» բառարանին համաձայն (Enhanced Strong’s Lexicon), կը նշանակէ «սալիւթ» (“Salute”), որ եկած է լատիներէն «սալիւթեր» («Salutare»), «սալութ» («Salut»), «սալուս» («Salus») բառերէն, որոնք նաեւ կը գործածուին առողջութիւն եւ ապահովութիւն իմաստներով: Այդպիսով, օրհնել կը նշանակէ՝ առողջութիւն եւ ապահովութիւն մաղթել:
- Սրբեց- Եբրայերէնով՝ «քատաշ», այսինքն՝ սրբացուց, յատկացուց, պատրաստեց
Բայց մարդը, որ ազատ ստեղծուած էր, իր ազատ կամքով Աստուծոյ տուած մէկ պատուէրը չկատարեց. Աստուած մարդուն թելադրած էր չուտել պարտէզին մէջ գտնուող միայն մէկ ծառէն, բայց մարդը խաբուեցաւ օձէն եւ կերաւ...
Սատանային Խաբելու Ձեւը
Ծն 3.1 - «Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. “Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ, թէ ‘Պարտէզին որեւէ ծառէն պիտի չուտէք’”»:
Աստուած ըսաւ բոլոր ծառերէն կրնաս ուտել, բացի մէկէն: Բայց Սատանան՝ հարցումի ձեւով ներկայացուցած իր սուտով, մարդուն միտքին եւ զգացումներուն մէջ թափեց այն թոյնը՝ թէ ան զրկուած մըն էր:
Նոյնպէս ալ այսօր մեր պարագային, եթէ Աստուած մեր կեանքին մէջ մէկ բանի համար ըսէ, թէ պէտք չէ ընենք կամ թէ սխալ է եւ պէտք է փոխենք, Սատանան ամբողջ կեդրոնացումդ ատոր վրայ կը հրաւիրէ եւ քեզ զգացնել կու տայ, թէ դուն զրկուած մըն ես: Ատոր իբրեւ արդիւնք՝ դուն յուսահատ, մերժուած եւ ստորադաս կը զգաս եւ ատիկա քեզի չ'արտօներ, որ դուն շիտակ քայլ առնես, որովհետեւ քու բնոյթդ պայքարի մը մէջ դրուեցաւ... Այլեւս կեանքիդ կը նայիս այդ համոզումով եւ ատոր համաձայն կը շարժիս:
Ծն 3.2-4- «Կինը օձին ըսաւ. “Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէսզի չմեռնիք’”: Օձը կնոջ ըսաւ. “Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանի որ Աստուած գիտէ, թէ այն օրը, որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով”»:
Կինը գիտակից էր Աստուծոյ ըսածին: Բայց օձը, որ խորհրդանիշն է Սատանային, կնոջ պատասխանին դիմաց իր ուզած կէտը յառաջ տարաւ. միայն մեռնելու գաղափարը առաւ, ծառերուն նիւթը չբացաւ: Առաւ այն բառը, որով պիտի կարենար կնոջ կեդրոնացումը հեռու պահել Աստուծմէ:
Սատանան ինքնին ոյժ չունի քեզի յաղթելու. ան կը ջանայ քու կեդրոնացումդ շեղել՝ լաւ գիտնալով, որ եթէ դուն Խօսքին վրայ հաստատ մնաս, կը յաղթես իրեն:
Եւ այդպէս Սատանան կնոջ մէջ դրաւ զրկուած ըլլալու գաղափարը կամ զգացումը:
Ծն 3.6 - «Կինը տեսնելով, որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ ան ալ կերաւ»:
Երբ կերաւ, բան մը չեղաւ: Բայց երբ ամուսինին տուաւ եւ ան ալ՝ փոխանակ զինք յանդիմանելու, առաւ եւ կերաւ, այն ատեն մեղքը աշխարհ մտաւ:
Մարդուն կեանքին մէջ մտաւ առանց Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Հոգիէն եկող օրհնութեան, ճակտի քրտինքով կեանքը ապրելու վիճակը, ինչպէս նաեւ հիւանդութիւնը, թշնամութիւնը, կռիւը, ատելութիւնը՝ նոյնիսկ Աստուծոյ դէմ:
Մարդուն մէջ կայ իսկական Կեանքի շուքը, երազը, բայց ան այլեւս կ'ապրի դժուարութիւններու վրայ կեդրոնացած կեանք մը: Սատանան կը յաջողի ամէն մէկուն կեանքը դժուարութեան մը, «զրկուած» վիճակի մը վրայ կեդրոնացնել, այնպէս որ այդ կեանքը կը դառնայ իրականը, իսկ բուն կեանքը, զոր Յիսուս խաչին վրայ մեռնելով մեզի տուաւ, կը դառնայ երեւակայականը:
Ծն 3.7 - «Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կարեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին»:
Անոնց աչքերը բացուեցան, այո, բայց իրենց մերկ ըլլալը տեսան... Աստուած անասուն մը մորթեց եւ անոր կաշիէն հանդերձներ կարեց անոնց համար՝ մարգարէական պատգամով մը թէ արիւն պէտք էր թափուէր անոնց մերկութիւնը, ամօթը ծածկելու համար...
Կայէն եւ Աբէլ
Չորրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք Կայէնի եւ Աբէլի մասին եւ կը տեսնենք, թէ երբ մարդ Աստուծոյ Խօսքին հնազանդ չեղաւ, անհնազանդութիւնը աճելու սկսաւ: Անհնազանդութիւնը մայրն էր, որ սկսաւ ամէն տեսակի անօրէնութեան պտուղ ծնիլ: Անհնազանդութեան մեղքը յառաջացաւ՝ ըլլալու Աստուծոյ եւ մարդու դէմ բարկութիւն ինչպէս նաեւ սպանութիւն:
Մենք ալ երբ Աստուծոյ Խօսքէն հեռու՝ Սատանային մեր առջեւ դրած սխալ կեդրոնացումով կ'ապրինք, կը սկսինք մեր կեանքին մէջ հնազնադութեան դէմ ծնունդներ դուրս բերել, ինչպէս՝ բարկութիւն, թշնամութիւն, ագահութիւն, անիրաւութիւն եւլն., եւ կը սկսինք Աստուծոյ հանդէպ հաշուետու չզգալ. Կայէն Աստուծոյ ըսաւ «[…] Միթէ ես իմ եղբօրս պահա՞կն եմ» (Ծն 4.9): Իր գործած ոճիրին համար Աստուծոյ առջեւ հաշուետու չզգաց ինքզինք:
Ի՞նչպէս Վայելել Աստուծոյ Զօրութիւնը
Աշխարհը տակաւին կը շարունակէ այդ անէծքով ապրիլ: Անէծքէն ետ դառնալու միակ ձեւը Աստուծոյ Խօսքը ընդունիլն է եւ արտօնելը, որ անիկա մեզ շինէ, որպէսզի Սատանային ծուղակին մէջ չիյնանք:
Եթէ Աստուծոյ Խօսքին հնազանդելու հետամուտ ըլլալով, կեանքիդ, անձիդ մէջ ամէն անհնազանդութեան բաժին Անոր ենթարկես, զօրութիւնը՝ հրաշքի համար, բժշկութեան համար, քեզի պիտի գայ:
Երբ Խօսքը՝ քու յօժարութիւնովդ, մտնէ կեանքդէն ներս, պիտի սկսիս անդրադառնալ այն բոլոր կէտերուն, որոնց վրայ Սատանան քու կեդրոնացումդ կը հրաւիրէ՝ նպատակ ունենալով շեղել քեզ բուն կեանքէն: Եւ երբ չենթարկուիս անոնց, պիտի տեսնես, թէ լեցուն ուրիշ գեղեցիկ բաներ կան կեանքիդ մէջ, զորս Աստուած տուեր է, եւ այդպիսով կեանքդ պիտի սկսիս ուղղել Աստուծոյ ուզած ուղղութեամբ, որ միշտ բարի է մեզի համար (տե՛ս Հռ 12.2: Եր 29.11):