Ծաղկազարդը հռչակումն է մարգարէութիւններուն եւ անոնց կատարումին:
Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի գերութենէն հանելու համար, Աստուած ղրկեց Մովսէսը եւ անոր միջոցաւ կատարեց տասը հարուածներ, որոնք Եգիպտոսի վրայ եղած դատաստաններ էին: Տասներորդ հարուածը թէեւ դատաստան էր, բայց նաեւ Աստուծոյ եւ Իսրայէլի որդիներուն միջեւ ուխտ մըն էր:
Աստուած Մովսէսին պատուիրեց, որ այդ ամիսը ըլլայ տարուան ամիսներուն առաջինը (Ելք 12.1-3) եւ անոնք տարին սկսան Մարտի կիսուն, ժամանակ մը երբ երկրին երեսը կը նորոգուի: Մարտը կը կոչուէր Ապիպ, այսինքն՝ «թարմ կամ երիտասարդ սկիզբ»: Աստուած այդպիսով խոստացաւ նոր եւ երիտասարդ սկիզբ մը:
(Ելք 12.3) Աստուած թելադրեց ապահովել ուխտի գառնուկը, եւ տունէն ներս ունենալ զայն, Զատիկէն չորս օր առաջ, այսինքն՝ 10-րդ օրը: Գառնուկը պէտք էր ըլլար անարատ, արու եւ մէկ տարեկան: Անիկա պիտի մորթուէր 14-րդ օրը, եւ անոր արիւնը պիտի քսուէր տան դրան դրանդիքներուն եւ վերի սեմին վրայ, որպէսզի երբ Տէրը անցնէր «Զատիկուան օրը»՝ Եգիպտոսի անդրանիկները զարնելու համար, Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկները պահպանուէին:
Մինչ Իսրայէլի որդիները ստրուկ էին, չարչարանքի տակ եւ անօթի (Ծն 1.8-14), տակաւին հաւատքո՛վ ապահովեցին գառնուկը իրենց տուներէն ներս, հաւատալով, որ անոր մորթուելովը գալիք դատաստանէն ապահով պիտի մնային:
Այս ուղղութեամբ, Յիսուս՝ Իր ձերբակալութենէն եւ վերջին ընթրիքը ընելէն չորս օրեր առաջ, յաղթական մտաւ Երուսաղէմ: Ան իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց դիմացի գիւղը, որպէսզի կապուած էշն ու աւանակը քակեն եւ Իրեն բերեն(Մտ 21.2-3):
Յիսուսի աթոռը Քերովբէներով շինուած էր եւ Ան կրնար Քերովբէներով թռչիլ դէպի Երուսաղէմ, բայց Ան այդպէս չըրաւ, որովհետեւ Իր պաշտօնը խոնարհութեամբ ժողովուրդը փրկել էր: Ան մտաւ խոնարհաբար (Մտ 21.5) եւ մարգարէութիւններուն համաձայն (Մտ 21.4-5), ինքզինք իբրեւ Ելք 12.3-ին զոհը ներկայացնելով, որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդը ընդունէր զԻնք փրկութեան համար...
Ղեկավարները եւ բազմաթիւ Երուսաղէմացիներ մերժեցին Յիսուսը, բայց «ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին» (Մտ 21. 7-8): Ասիկա նշան էր ընդունելու,նուիրուելու եւ յանձնուելու:
«Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ'երթար, կ'աղաղակէին ու կ'ըսէին. “Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի: Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս”» (Մտ 21.9)
Ծաղկազարդի տօնին առիթով Յիսուս կ'ակնկալէ, որ մեր կեանքերէն ներս ընդունինք զԻնք:
Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ (Մտ 21.10): Այսօր Յիսուս նոյն յաղթութեամբ կը մտնէ մեր կեանքերէն եւ սիրտերէն ներս, երբ զԻնք կը կանչենք փրկութեան համար, ըլլայ ատիկա ապաշխարութիւն, բժշկութիւն կամ ազատագրութիւն: