(Եզ 40.48-49) Տաճարէն ներս մտնելու եւ մինչեւ Աստուծոյ ներկայութեան հասնելու համար, հաւատացեալին ճամբորդութիւնը սկսաւ դուրսէն եւ հասաւ սրահը եւ ապա ներքին գաւիթը: Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ, թէ կարելի չէ անմիջապէս Աստուծոյ ներկայութեան վազել, այլ՝ հարկ է աստիճանաբար պատրաստուիլ եւ զանազան հանգրուաններէ անցնելով կերտուիլ՝ Աստուծոյ սրբութեան մօտենալու համար:
Երբ աշխատասէր կ'ըլլանք եւ կ'օգտուինք դուրսի գաւիթին ուսուցումներէն (Եբր 6.1-2), կը ստանանք առաջնորդութիւն՝ Արքայութեան խորհուրդները ճանչնալու եւ հետզհետէ դէպի ներսի գաւիթը՝ Տիրոջ ներկայութեան կ'երթանք:
- (Եզ 41.1-2) Հազարամեայ տաճարին մուտքի դուռը լայն էր, որպէսզի շատ մարդ մտնէր անկէ, բայց տաճարին ներսի դռները աւելի նեղ էին, ճի՛շդ զոհասեղանին չափով, ցոյց տալու համար, թէ ինչքան Աստուծոյ մօտենալ կ'ուզես, այդքան Աստուծոյ զոհասեղանին պահանջած սկզբունքներուն համաձայն պէտք է ապրիս:
- (Եզ 41.3-4) Եզեկիէլ պարզ քահանայ մը ըլլալով, չէր կրնար Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնել: Այդ պատճառով ան դուրսը մնաց եւ մարդը (Քրիստոս) ինք ներս մտաւ, չափեց ու դուրս ելաւ: Քրիստոս Ինքն է մեզի Երկինքի Թագաւորութեան մասին տեղեկութիւն տուողը եւ Քրիստոսով է, որ Աստուծոյ ներկայութեան կը կենանք (Եբր 9.11-12,24, 10.19-21):
- (Եզ 41.5-7) Երեք յարկերու վրայ սենեակներ կային: Սենեակները բոլորը նոյն ձեւը եւ նոյն չափերը ունէին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ նուիրուածները միացած կ'ըլլան Տիրոջ եւ բոլորին նուիրրումը նոյն ձեւով կ'ընդունուի:
- (Եզ 41.7) Սենեակները վարէն նեղ էին եւ վերէն՝ լայն, ցոյց տալու համար թէ ինչքան սուրբ հաւատքով շինենք մեր ինքնութիւնը, այդքան լայն սիրտ կ'ունենանք:
Եզեկիէլ կը խօսի նաեւ Սրբութիւն Սրբոցին մանրամսանութիւններուն մասին:
- (Եզ 41.18-21) Սրբութիւն Սրբութեանցը յատակէն մինչեւ դրան վերեւը փայտով պատուած էր, եւ փայտերուն վրայ քերովբէներ եւ արմաւենիներ քանդակուած էին:
Քերովբէները, որոնք Աստուծոյ շուրջը գտնուող զօրաւոր էակներ են, կը նայէին արմաւենիներուն, որոնք կը ներկայացնեն յաղթութիւն եւ աշխարհէն մեռնիլը (Սղ 92.12): Կարեւոր է մենք եւս միշտ յաղթողին նայինք: - (Եզ 41.21) Սրբարանին երեսի երեւոյթին նոյնը ըլլալը կը խօսի Երկինքի Թագաւորութեան մէջ եղող մէկութեան մասին:
- (Եզ 41.22) Հազարամեայ տաճարին մէջ, զոհասեղանը «[...]Տիրոջ առջեւ եղող սեղանը» կոչուած է: Սեղանը կը խօսի Քրիստոսի փրկագործութեամբ պատրաստուածը ճաշակելու մասին: Նուիրուողները, Քրիստոսը ընդունելով կը ճաշակեն սեղանին վրայ դրուած զոհէն, որ Քրիստոսով Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնն է:
Եզեկիէլի տեսիլքով կը տեսնենք, թէ թագաւորութեան զաւակները նոյնանման նայուածք ունին (Եզ 41.25-26): Անոնք իրենց տեսութեան առջեւ կ'ունենան Աստուծոյ զօրութիւնը եւ յաղթութիւնը եւ հոգեւոր աստիճաններէն վեր ելլելու ընթացքին, անոնց նայելով կ'ելլեն: