Պատերազմը Հոգեւոր է եւ Ես՝ Յաղթողը

Ժամանակն է Սատանային ըսել՝ «Վե՛րջ», թշնամիին ըսել՝ «Վե՛րջ»: Ժամանակն է, որ հագնինք այն Քրիստոնէական ինքնութիւնը, որ Տէր Յիսուս մեզի շնորհեց խաչին վրայ Իր տարած յաղթութեամբ: Ժամանակն է, որ օգտագործենք մեզի շնորհած իրաւունքը, եւ ամէն օր ապրինք մեզի շնորհած կեանքը:

Հոգեւոր Ուժաբանութիւն

Աստուածաշունչը մեզի կը խօսի հոգեւոր ուժաբանութեան մասին:

Այսօր ձեզի հետ կ'ուզեմ բաժնեկցիլ հոգեւոր գաղտնիք մը, որ ձեզի համար կեանք փոխող փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ:

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր ուժաբանութիւն.

Խօսքը կը հռչակուի հոգեւոր բնութենէն եւ երբ մարդուն կողմէն ընդունուի, այդ հոգեւոր խօսքը կը մարմնանայ:

Սատանան Աստուծմէ Կ'ընդօրինակէ

Ամէն ինչ, որ Աստուած կ՚ըսէ եւ կը խոստանայ Իր զաւակներուն, Սատանան կ'որդեգրէ, որովհետեւ գիտէ, թէ անոնք կատարելապէս յաջող են:

  • Ծննդոց 1.1-31-ին մէջ Աստուած խօսեցաւ եւ այս գեղեցիկ աշխարհը յառաջ եկաւ:
  • Մինչ կը կարդանք Ծննդոց 3.1-24-ը, կը նկատենք, թէ Սատանան օձի կերպարանքով մօտենալով խօսեցաւ Ադամին եւ Եւային եւ խաբեց զանոնք: Անոնք ալ խաբուեցան:
    • Երբ անոնք ընդունեցին Սատանային սուտը, անոր խօսքերը իրենց մէջ կենդանացան եւ որպէս իրենց որոշումին հետեւանք, հիւանդութիւնը, թշնամութիւնը եւլն. մարդուն մէջ եւ անոր սերունդներուն մէջ մինչեւ այսօր կը բնակին:
    • Այդպիսով, խօսքին ետին գտնուող պիղծ ոգիները մարդուն կեանքին վրայ իշխանութիւն ունեցան:

Ժխտական Խորհուրդներ

Սատանան մինչեւ այսօր, տակաւին մարդուն կեանքին մէջ կը ցանէ ժխտական խորհուրդներ, ինչպէս՝ վախեր, կասկածներ, հիւանդութիւններ, ընկճուածութիւն եւլն. եւ ամէն ինչ, որմէ տակաւին կը տառապինք մեր կեանքերուն մէջ:

  • Այս բաներուն միջոցաւ, Սատանան կը փորձէ իշխանութիւն ձեռք ձգել անհատին կեանքին վրայ:
  • Երբ վախի ազդեցութեան տակ կ'ապրիս, վերոյիշեալ շատ մը բաներէն պիտի տառապիս:

Աստուծոյ Փրկութեան Խոստումը (Ծն 3.15)

«Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ: Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծն 3.15):

Աստուած խոստացաւ սերունդ մը Քրիստոսով, որ պիտի ըլլար յաղթող եւ վերականգնուած:

Խօսքը կը Մարմնանայ

Խօսքը երբ կ'ընդունուի, կը մարմնանայ:

Երկու հազար տարի առաջ, Աստուծոյ խոստումին համաձայն, խօսքը մարմնացաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ.«Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յհ 1.14):

Մարիամ ընդունեց Գաբրիէլ հրեշտակապետին պատգամը եւ անմիջապէս Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, յղացաւ, Որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Յիսուս կոչեց:

Աստուծոյ Մարմնացեալ Խօսքը՝ Յիսուս Քրիստոս

Յիսուս մեր ծառայական տկար բնոյթը Իր վրայ առաւ՝ մահը ոչնչացնելու եւ մեզ մահուան վախէն ազատելու համար:

«Արդ, քանի որ այս զաւակները մարդիկ են, մարմինով ու արիւնով, Քրիստոս ինքն ալ անոնց նման եղաւ, հաղորդակից՝ անոնց մարդկութեան, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ Սատանան, որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, եւ ազատագրէ անոնք՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը մահուան վախովը կ’անցընէին, ստրուկներու պէս» (Եբր 2.14-15):

Տէր Յիսուս

  • Մկրտուեցաւ
  • Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ
  • Ծառայութեան սկսաւ

Տէր Յիսուս երեսուն տարեկան էր երբ մկրտուեցաւ: Սուրբ Հոգին Անոր վրայ հանգչեցաւ եւ սկսաւ Անոր ծառայութիւնը, որ մօտ երեք ու կէս տարի տեւեց:

Տէր Յիսուս

  • Խաչին վրայ մեռաւ
  • Թաղուեցաւ
  • Երրորդ օրը յարութիւն առաւ
  • Շատերու երեւցաւ
  • Համբարցաւ
  • Գերագոյն զօրութեան աջ կողմը նստաւ

Տէր Յիսուս մեռաւ` խաչին վրայ Իր արիւնը թափելով: Ան թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ, հինգ հարիւր հոգիէ աւելի հետեւորդներու երեւցաւ, երկինք համբարցաւ եւ գերագոյն զօրութեան աջ կողմը նստեցաւ:

Տէր Յիսուսի անմեղ արիւնը

  • Փրկագին տուաւ
  • Հաշտութիւն ըրաւ
  • Սուրբ Հոգին ղրկեց
  • Հաւատացեալները ԿԵԱՆՔ փոխանցողներ ըրաւ

Ան Իր անմեղ արիւնը՝ որպէս փրկագին բարձրացուց Հօր առջեւ: Մարդը Հօր հետ հաշտեցուց հաւատքի ճամբով: Սուրբ Հոգին ղրկեց հաւատացեալներուն: Այսպիսով հաւատացեալները եղան այն նեղուցը (անձքը), որ կեանք կը փոխանցէ:

Սուտը Փոխարինուեցաւ

Սուտը փոխարինուեցաւ կեանքով եւ առողջութեամբ:

Ինչպէս սուտը Ադամին մէջ կենդանանալով մահը յառաջ եկաւ, նոյնպէս արդարութիւնը՝ Աստուծոյ Խօսքը, մարմնացաւ եւ երբ այդ Խօսքը կ'ընդունուի, Սուրբ Հոգին զօրութեամբ կը բնակի հաւատացեալին մէջ եւ կը բերէ կեանք եւ առողջութիւն:

«Այսինքն, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած, որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, իր Հոգիին միջոցաւ որ ձեր մէջ կը բնակի՝ պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները» (Հռ 8.11):

Սատանային Պարտութիւնը

Ի՞նչպէս Սատանան պարտուեցաւ մեր կեանքերէն ներս:

  • Ուժաբանութիւն
  • Քրիստոսի անգին արիւնը
  • Սատանան կը վռնտուի
  • Եկեղեցին կը յաղթէ

Յայտնութեան Գիրքը

  • Երբ Յայտնութեան Գիրքը կը կարդանք, կը տեսնենք մեծ թիւով խորհրդանշական բաներ, արտայայտութիւններ, որոնք երկինքի մէջ կը խօսուին, Աստուած կը խօսի Յովհաննէսին: Կը խօսուի պատերազմներու, կռիւներու, թշնամութիւններու, գազաններու եւ վիշապի մասին, որոնք երկրի վրայ գտնուող թագաւորութիւններու եւ տարբեր իշխանութիւններու, այլաբանական պատկերներն էին: Բաներ, որոնք տարբեր ժամանակներուն ըլլալիքներն էին:
  • Երբ այդ բաներուն հետեւինք եւ անցուդարձները թարգմանենք, պիտի նկատենք, թէ Յայտնութեան Գիրքը ուժաբանութեան ձեւով կը խօսի կամ կը ներկայացուի:
  • Այսինքն՝ Քրիստոս, Իր կատարած փրկագործութեամբ, ամբողջ մարդկութեան համար Իր անգին արիւնը որպէս գին վճարելէ ետք Հայր Աստուծոյ առջեւ, Հայրը կը սկսի Իր վճիռը տալ երկինքի մէջ, հոգեւոր աշխարհին մէջ եւ ատիկա հետզհետէ կը սկսի եկեղեցիին միջոցաւ երկրի վրայ երեւիլ:
  • Յյտ 12.7-9-ին մէջ, Սատանան կը վռնտուի երկինքէն:
    «Եւ պատերազմ տեղի ունեցաւ երկինքի մէջ: Միքայէլ եւ իր հրեշտակները կռուեցան վիշապին դէմ, որ իր կարգին իր հրեշտակներով կը պատերազմէր: Բայց վիշապը եւ իր հրեշտակները պարտուեցան: Այլեւս իրենց համար տեղ չմնաց երկինքի մէջ: Մեծ վիշապը, այն առաջին օձը, որ Բանսարկու եւ Սատանայ կը կոչուի եւ որ ամբողջ աշխարհը մոլորեցուց, երկիր ձգուեցաւ: Անոր հրեշտակներն ալ միասին վար ձգուեցան: Եւ երկինքի մէջ ուժեղ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Հիմա հասաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը, զօրութիւնը եւ արքայութիւնը. հասաւ իր Օծեալին իշխանութիւնը. որովհետեւ ինկաւ մեր եղբայրներուն չարախօսը, ան՝ որ գիշեր-ցերեկ Աստուծոյ դիմաց չարախօսութիւն կ’ընէր անոնց դէմ: Մեր եղբայրները անոր վրայ յաղթանակ տարին Գառնուկին արիւնով եւ իրենց տուած վկայութեամբ, որովհետեւ անտեսեցին իրենց կեանքը եւ յանձն առին մահը: Այս պատճառով՝ ուրախացէ՛ք, ո՜վ երկինք, եւ դուք բոլորդ՝ որ հոն կը բնակիք […]» (Յյտ 12.7-12):
  • Յոբի օրերէն ի վեր, Սատանան տակաւին իրաւունք ունէր մտնելու Աստուծոյ ներկայութեան մէջ` Աստուծոյ զաւակներուն դէմ չարախօսութիւն ընելու նպատակով: Տէր Յիսուս Իր անգին արիւնը որպէս գին վճարելէ ետք եւ խոստացուած փրկագործութիւնը կատարելէ ետք, ա՛լ տեղ չմնաց Սատանային եւ իր սուտերուն երկինքի մէջ: Հետեւաբար ան դէպի աշխարհ վռնտուեցաւ:
  • Շատ կարեւոր է նկատի առնել, թէ ա՛լ ան Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կենալու իրաւունք եւ կարողութիւն չունի:
  • Ասիկա կը նշանակէ նաեւ, թէ Սատանային խօսքերը, որոնք Տիրոջ քեզի տուած խօսքերուն դէմ կը բարձրանան՝ սուտով եւ խաբեբայութեամբ, անոնց նպատակը մեզ ճամբէն շեղել է:
  • Սատանային խօսքերուն ժամկէտը ա՛լ անցած է Աստուծոյ ներկայութեան մէջ:

Աստուծոյ Ներկայութիւնը Քու Մէջդ

Քանի որ Աստուծոյ ներկայութիւնը քու մէջդ է, Սատանան ճիշդ ինչպէս երկինքէն վռնտուեցաւ, այնպէս քու կեանքէդ ալ վռնտուած է:

Դուն Քրիստոսով երկինքը կը ներկայացնես, քու կեանքիդ աղբիւրը ուղղակի երկինքէն է. «Որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (Կղ 3.3):

Քրիստոսով դուն կը ներկայացնես Անոր իշխանութիւնը, սրբութիւնը եւ արդարութիւնը: Եւ միայն դո՛ւն կրնաս ընել այն գործերը, որ Ի՛նք պիտի ընէր:

  • Այդ պատճառով Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ ի՛նչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ (Մտ 16.19):
  • Պայմաններուն բերած ճնշումներէն ազդուելով մի՛ ըներ քու հաւատքի գործդ, հապա՝ Քրիստոսով ունեցած ինքնութեանդ համաձայն:
  • Պայմանները որպէս պատճառաբանութիւն բռնելով մի՛ հրաժարիր ընելէ պէտքերը՝ Քրիստոսի ներկայացուցիչ ըլլալը:

Խաչի Քարոզչութեան Զօրութիւնը

«Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուող¬ներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա.Կր 1.18):

Կեանքիդ մէջ այդ զօրութեան պայթիլը լուրջ վնասներ պիտի հասցնէ Սատանային եւ անոր դեւերուն:

Նախորդ Հրապարակում Թագաւորութիւնդ Գայ
Յաջորդ Հրապարակում Գագաթին Վրայ Կոխել (Ա. Կր 15.58 )