Այսօրուան նիւթին մէջ պիտի ծանօթանանք յաջորդ երեք սկզբունքներուն.
- Խօսքը կ'արթնցնէ:
- Խօսքը պարապութենէն կը հանէ:
- Խօսքը վերստին կը հաստատէ առաքելութեան մէջ:
Այս հանգրուանին, հաւատացեալները կը վայելեն գերբնական զօրութիւն, քաջութիւն եւ տեսած կ'ըլլան յարութիւն առած Յիսուսը: Բայց եւ այնպէս տակաւին հաւատացեալը կրնայ իր կոչումին նկատմամբ «քնացած» ըլլալ (Յհ 21.1-3):
Թէեւ Պետրոս Յիսուսը տեսաւ՝ Անոր յարութենէն ետք, բայց ատիկա իր հարցերուն համար ամբողջական լուծում մը չեղաւ: Յիսուսը երեք անգամ ուրացած ըլլալուն պատճառով, ան անարժան եւ մերժուած կը զգար: Ուստի ան վերադարձաւ ձկնորսութեան:
Պետրոս եւ միւս աշակերտները Յիսուսը չճանչցան (4), որովհետեւ տարուած էին իրենց պայմաններով եւ հոգեւոր պարապութեան մէջ կը գտնուէին: Յիսուս զանոնք արթնցուց իրենց քնացած վիճակէն:
Յիսուս իր խօսքերով անոնց խիղճը շարժեց եւ անոնց կեդրոնացումը ուղղեց դէպի իրենց կոչումը: Երբ անոնք ճանչցան Յիսուսը (7), միայն այն ատեն յարութիւնը եւ յարուցեալը փնտռելու յուսահատութիւնը վերցուեցաւ: Խօսքին միջոցաւ Յիսուս յաղթեց անոնց վրայ տիրող պարապութեան հոգիին:
Ապա, Յիսուս Պետրոսին բացատրելէ ետք անսահման սիրով ծառայելու կարեւորութիւնը, զինք վերահաստատեց իր առաքելութեան մէջ (15-17): Յիսուս անոր պատուիրեց, որ ծառայէ իր ոչխարներուն:
Յիսուս կ'ակնկալէ, որ մենք մեր կոչումին մէջ գտնուինք եւ այդ մէկուն իրականացման համար իր խօսքին միջոցաւ աշխատանք կը տանի: Քննենք, թէ Յիսուս ո՞վ է եւ ո՞ւր է մեր կեանքերուն մէջ: