Մեզի տրուած է պատուէր մը` բոլոր ազգերը Յիսուսի աշակերտ դարձնելու (Մտ 28.19): Ատոր համար շատ կարեւոր է, որ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը փնտռենք (Գղ 5.25). փափաքինք եւ նախանձախնդրութեամբ փնտռենք (Ա. Կր 14.1):

Յիսուս խոստացաւ, որ Սուրբ Հոգին միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ (Յհ 14.16): Ան մեզի յանձնեց եկեղեցիին առաքելութիւնը եւ պատուիրեց, որ բան մը չընենք, նախքան Սուրբ Հոգին ստանալը: Սուրբ Հոգին մեզ կը զօրացնէ՝ մեզ վկաներ դարձնելու համար (Գրծ 1.8) եւ Ան յատուկ գործ մը ունի կատարելիք մեր կեանքերէն ներս:

Յիսուս ամէն բան Սուրբ Հոգիով կը կատարէր: Մենք նոյն Հոգին խմեցինք (Ա.Կր 12.13) հետեւաբար կրնանք նոյնը ընել:

Փիլիպպոս սարկաւագ կարգուած էր՝ ճաշի մատակարարութեամբ զբաղելու համար (Գրծ 6.1-7): Սակայն Աստուած Փիլիպպոսը կը գործածէր՝ քարոզելու համար, հրաշք գործելու համար եւ ան ամբողջ քաղաքի մը ուրախութեան պատճառ եղաւ (Գրծ 8.4-9):Փիլիպպոսի օրինակով, կը տեսնենք, թէ Սուրբ Հոգին մեզ կրնայ գործածել որեւէ տեղի մէջ եւ Անոր հետ մեր յարաբերութիւնը չի սահմանափակուիր ծառայութեան մէջ մեր դիրքով:

Փիլիպպոս Սուրբ Հոգիին ցուցմունքներուն մտիկ կ'ընէր եւ զանոնք կը կատարէր (Գրծ 8.26-40): Անոր ծառայութիւնը զինք արժանացուց Սուրբ Հոգիին կողմէ յափշտակուելու (39):

Սուրբ Հոգին մեզի հետ չի յարաբերիր մեր ծառայութեան համաձայն, այլ՝ մեր որդիութեան: Մեր գտնուած տեղին մէջ արժեւորենք Սուրբ Հոգիին տուածը եւ Անոր հետ հաղորդկակցինք որպէս որդիներ: Այն ատեն մենք պիտի սկսինք ծառայել Տիրոջ եւ հասնիլ այն մարդոց, որոնք պէտք ունին Տիրոջ հպումին:

Նախորդ Հրապարակում Խօսքը եւ Առաքելութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Առաքելութեան Պաշտօնը