Զգուշանալը կարեւոր բան մըն է եւ իմաստուն ըլլալու հետ կապուած է, սակայն կարեւոր է գիտնալ երբ եւ ինչպէս զգուշանալը:
Յիսուս զգուշ էր իր առաքելութեան ընթացքին, սակայն Յհ 7.6-14-ին մէջ կը տեսնենք թէ հակառակ իր հալածուած եւ մերժուած ըլլալուն, ան տաճար մտաւ եւ ուսուցանելու սկսաւ: Յիսուսի զգուշութիւնը իր ծառայութեան արգելք բերող զգուշութիւն չէր: