Մարդուն Յատկութիւնը

  1. Աչքերը տարբեր կը տեսնեն
  2. Կը քալեն տարբեր ձեւով
  3. Մատնասիպը, տարբեր է:

Ա.Կր 12.12-15: Եփ 4.7

Ա.կր 12.12-15: «12Քանզի ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ այն մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ: 13Վասնզի մենք ամէնքս մէ՛կ հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ hեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ եւ ամէնքս ալ մէ՛կ հոգիէ խմեցինք: 14Վասն զի մարմինը մէկ անդամ չէ, հապա շատ: 15Եթէ ոտքը ըսէ՝ “Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ”, ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ»:

Եփ 4.7: «Բայց մեր ամէն մէկուն ալ շնորհք տրուած է Քրիստոսին պարգեւին չափովը»:

Մի՛ արտօներ, որ մէկը իր հագուստը հագցնէ քեզի

  • Պարգեւին հագուստը, բնաւորութեան, իշխանութեան եւլն
  • Հագուէ՛ այն հագուստը, որ Աստուած քեզի տուած է (հմմտ Ա.թգ 17.31-39):

Ա.թգ 17.31-39

«31Դաւիթին ըսած խօսքերը լսուեցան ու երբ Սաւուղին առջեւ պատմեցին, Սաւուղ իր քու բերել տուաւ զանիկա: 32Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. “Ասոր պատճառով բնաւ մարդու մը սիրտ թող չկոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ ու այն Փղշտացիին հետ կռուի”: 33Եւ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. “Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ ու անոր հետ կռուիլ, քանզի դուն մանուկ ես ու անիկա իր մանկութենէն պատերազմող մարդ մըն է”: 34Դաւիթ ըսաւ Սաւուղին. “Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ'արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր, 35Ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ'ազատէի: Երբ անիկա իմ վրաս յաձակէր, զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի: 36Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է, արջ ալ ու այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ընէ, քանզի կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատեց”: 37Դաւիթ ըսաւ. “Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ”: Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. “Գնա' ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ”: 38Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթին հագցուց ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ ու անոր զրահ ալ հագցուց: 39Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղին սուրը մէջքը կապեց ու փորձեց քալել, քանզի սորված չէր: Բայց Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. “Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ”: Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց»:

Նարդոսի Իւղի Շիշը Կոտրէ՛(Մր14.3-9: Յհ 12.1-8):

Մր14.3-9

«3Երբ ինք Բեթանիա էր՝ բորոտ Սիմոնին տունը՝ սեղան նստած, կին մը եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր: Կոտրեց այն շիշը ու իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց: 4Կային ոմանք, որ կը նեղուէին ու կ'ըսէին. “Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը, 5քանզի այդ [իւղը] երեք հարիւր դահեկանէն աւելի կրնար ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ”: Եւ սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա: 6Բայց Յիսուս ըսաւ. “Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ'ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի: 7Վասնզի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք: 8Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ: Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար: 9Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար”»:

  • Իրական դուն յայտնէ: Անով ծառայէ:
  • Կոտրէ եւ զայն նուիրէ Յիսուսի
  • Կոտրէ եւ արձակէ զօրութիւնը, լոյսը (Դտ 7.19):

Դտ 7.19

«Գեդէօն ու անոր հետ եղող հարիւր մարդը ճիշդ կէս գիշերին, երբ պահապանները նոր դրած էին, բանակին եզերքը հասան եւ փողերը հնչեցնելով ձեռքերնուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին»:

Մի՛ Յանձներ Քու Պարգեւներդ Թշնամիին

Յովսէփի նման, մի՛ յանձնուիր եւ դժուարութեան ատեն քու պարգեւներդ թշնամիին մի՛ յանձներ, որովհետեւ դժուարութիւններէն դուրս գալու միջոցը զանոնք գործածելով է:

Նախորդ Հրապարակում Յաղթող Ուրախութիւնը (Յովհաննու 14.1-3)
Յաջորդ Հրապարակում Ի՞նչպէս Հասնիլ Քու Կոչումիդ