Քրիստոնէական մեր տեսիլքը գործի վերածելն է, որ կ'որոշէ մեր կոչումին հանդէպ մեր ծոյլ կամ ժրաջան ըլլալը:
Յիսուս մեզի նոր կեանք տուաւ եւ Իր փափաքն է, որ մենք այդ կեանքին համաձայն նորոգուինք ու աճինք:
Եթէ հաւատացեալ մը Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն չունի եւ ատոր մէջ ծոյլ ու անհոգ է, ան իր հոգեւոր կեանքը միայն անունով կ'ապրի: Հոգեւորապէս ծոյլ հաւատացեալին կեանքին մէջ գործնական գետնի վրայ պտուղ չ'ըլլար եւ ան մի՛շտ ուրիշէն կախեալ կ'ըլլայ, սպասելով, որ այդ անձը զինք յառաջ մղէ:
Եթէ հաւատացեալը Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն չունենայ եւ իր սիրտը Աստուծոյ խօսքին չտրամադրէ, անոր համար աստուածպաշտութիւնը բեռ մը կը դառնայ:
Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը մշակենք, որպէսզի ձերբազատուինք մեր նկարագիրին մաս կազմող ծուլութենէն եւ կարենանք Աստուծոյ կամքը կատարել: