Յիսուսի արիւնը միայն ճիշդ ձեւով արժեւորելն է, որ օրհնութեան աղբիւր կ'ըլլայ:

Հրեաները գիտէին, թէ ամէն բան արիւնով կը սրբուէր: Սակայն անոնք իրենց անձերն ու իրենց որդիները անէծքի տակ դրին, երբ Յիսուսը խաչը հանելու համար, հռչակեցին՝ «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ» (Մտ 27.25): Մենք ալ, Յիսուսի արեան օրհնութիւնը ունենալով հանդերձ, մեր շահերուն համար կրնանք յօժարիլ Յիսուսը սպաննելու: Կրնանք Աստուծոյ սրբութեան մասին գիտնալով հանդերձ զայն չարժեւորել:

Արիւնը կը խօսի քաւութեան եւ Փրկիչին մասին: Յիսուսի արիւնը Նոր Ուխտի արիւնն է: Ան իր արիւնը թափեց, որպէսզի ատիկա վկայ ըլլայ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ Նոր Ուխտին հաստատուելուն (Կղ 2.13):

Յիսուսի արիւնը եղաւ այն միջոցը, որով Աստուած երկնքի մէջ կրնայ ա՛լ մեզի հանդէպ պատասխանատուութիւն յանձն առնել: Երբ մենք ապրինք Յիսուսի արիւնը արժեւորելով, Սատանան խայտառակ պիտի ըլլայ:

Նախորդ Հրապարակում Տեսիլքդ եւ Գործելակերպդ
Յաջորդ Հրապարակում «Տէրը Փնտռեցէք, որպէսզի ապրիք […]» (Ամոս 5.6)