«Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի , որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք» (Յհ 13.34):
Վերջին ընթրիքը՝ սիրոյ երեկոն կապուած է այս համարին, որ կ'ըսէ թէ կարեւոր է իրարու հանդէպ սէր ունենալ:
Յիսուս գիտէր որ աշակերտներէն շատերը ձգած էին ընտանիք եւ գործ իրեն հետեւելու համար: Յիսուս գիտէր, որ անոնք հաւատացեալ էին եւ Ան զանոնք ընտրած էր Աստուածային զօրութեամբ:
Յիսուս գիտէր նաեւ որ այս մարդոց պիտի յանձնէր գործը, բայց եւ այնպէս իրենց տուաւ ամենէն կարեւոր պատուիրանը՝ նոր պատուիրան մը, որ պիտի ամբողջացնէր բոլոր միւսները:
Հակառակ իրենց հաւատքին եւ հաւատարմութեան, Յիսուս գիտէր որ այս մարդոց սրտերուն մէջ կրնային գտնուիլ արգելքներ: Շատ հաւատացեալներ իրենց սրտի կարգ մը կէտերուն եւ կեցուածներուն համար բաժնած են եկեղեցիներ եւ ուրիշ հաւատացեալներու հանդէպ ըրած էր դառն բաներ: Այս մէկուն գիտակցելով է որ Յիսուս տուաւ նոր պատուիրանը, որուն միջոցաւ պիտի ծառայէին երկնքի թագաւորութեան: Յիսուս իրենց ըսաւ որ միայն սիրով ծառայելով էր որ պիտի կարենային գործը ամբողջացնել:
Եկեղեցին պէտք ունի այդ մէկուն եւ կարեւոր է միշտ մեր սրտին վիճակը գեղեցկացնել Յիսուսի սիրով: Չենք կրնար վարժուիլ Յիսուսի սիրոյն եւ ներկայութեան այլ պէտք է միշտ նորոգուինք ատով:
Յիսուսի սէրը յաղթող է եւ Աստուած կ'ուզէ որ իր սէրը մեր կեանքին մէջ իր տեղը գտնէ, որպէսզի այդ սիրով կենանք ամէն արգելքի դիմաց: