Աստուածաշունչի պատմութեան համաձայն, Յիսուսի Երուսաղէմ մտնելը շատ յատկանշական էր: Անիկա կը խօսի մարգարէութիւններու կատարումին (Զք 9.9: Մտ 21.5), Յիսուսի անմեղութեան (Յհ 18.23), թագաւորական յաղթութեան ինչպէս նաեւ փրկութեան առիթը խաչին ճամբով բոլորին ձեռնտու ըլլալուն մասին:
Շատերու համար խաչի ճամբով Քրիստոսով փրկութիւնը յիմարութիւն է, սակայն հաւատացողներուն եւ փրկուածներուն համար անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է (Ա.Կր 1.18):
Երեքուկէս տարի ծառայութենէ ետք, երբ ժամանակը հասաւ, Յիսուս ուղղութիւնը դարձուց դէպի Երուսաղէմ՝ Իր սկսած գործը ամբողջացնելու եւ Աստուծոյ հաշտութեան փափաքը խաչի մահով կատարելու համար:
Պատմութեան ճիւղաւորումը կը սկսի Մատթէոսի Աւետարանի 20.17-էն:
- Տէր Յիսուս կը խօսի Իր յաղթութեան կատարուելուն մասին (Մտ 20.17-19):
- Տէր Յիսուս կը խօսի հոգեւոր ժառանգութեան եւ զայն ճիշդ ձեւով ձեռք բերելու մասին (Մտ 20.20-28):
- Զեբեդէոսի որդիները՝ իրենց մօրը միջոցաւ խնդրեցին՝ առնելու անունին տակ, Յիսուսի աջ կողմը նստիլ, բայց չէին մտածած Յիսուսի ձեւով ստանալուն մասին:
- Յիսուս ճիշդ ճամբան եւ ձեւը ցոյց կու տայ (20.22-23):
- Երկու կոյրերուն բժշկութիւնը
- Աւելի ստորադաս էր մակարդակով քան խաչը՝ զոր Ան պիտի կրէր:
- Զօրութիւնը ունէր, հրաշագործ էր, ոչ ոք կրնար Իր կեանքը Իրմէ առնել, բայց խաչի մահը պէտք էր:
- Մտ 21.1-10 - Յաղթական մուտքը
- Տաճարին մաքրագործումը, հոն կատարուած բժշկութիւնները եւ մանկական հաւատքով Անոր մասին եղող յայտարարութիւնները (Մտ 21.12-17):
- Թզենին անիծելու Յիսուսի դրդապատճառը (Մտ 21.18-22)
- Տաճարը մաքրելը եւ իշխանութեան հարցը
- Մարդոց հոգեբանութիւնը ծառայելու վերաբերեալ (երկու որդիներուն առակը)
- Այգիի մշակներուն առակը - Աստուծոյ գործին համար պտուղ բերողներ կան:
- Հարսանեկան կոչունքը եւ կոչունքին իսկական արժէք տուողները: