Մովսէս իր կեանքին մէջ ունէր բարդութիւններ եւ պայքարներ, բայց Տէրը ընտրեց զինք իր ժողովուրդին համար մեծ ազատագրող մը ըլլալու համար:

Անոր սկիզբը

Մովսէս գետին մէջէն յափշտակուեցաւ փառաւոնին աղջկան կողմէ եւ ապրեցաւ հարուստ կեանք մը, ստանալով ուսում եւ դիրք:

Ան փառաւորին տան մէջ ղեկավար մը դարձաւ, բայց հիասթափուեցաւ երբ հասկցաւ, թէ ինք փառաւոնին որդին չէր, այլ Իսրայելացի մըն էր:

Մովսէս սկսաւ իր ժողովուրդին պէտքերուն գիտակցիլ եւ տեսաւ թէ եգիպտացիները անոնց հետ սխալ ձեւով կը վարուէին, սխալ ձեւով կը գործածէին եւ կը բռնաբարէին զանոնք:

Մովսէսի Ժամանակը եւ Աստուծոյ Նպատակը

Երբ օր մը Մովսէս տեսաւ որ եգիպտացի մը իր եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր, ան եգիպտացին մեռցուց: Մովսէս ուզեց այդպիսով անձնապէս լուծել հարցը (Ելք 2.11-12): Թէեւ ատիկա Աստուծոյ ծրագիրն էր, բայց Մովսէս այդ գործը կատարելու իր անձնական ձեւը ունէր, որովհետեւ ան պատրաստուած էր աշխարհի չափանիշներուն համաձայն մեծ ղեկավար մը ըլլալու:

Կարեւոր է հասկնանք, որ Տիրոջ տան մէջ ծառայելու համար սրտին նկարագիրը պէտք է հանդիպի Անոր չափանիշներուն:

Մովսէս Մերժուեցաւ

Մովսէս սակայն իր ժողովուրդին կողմէ մերժուեցաւ: Ան՝ իբրեւ հովիւ, անապատին մէջ թափառեցաւ՝ իր աներհօր ոչխարներուն հոգալով (Ելք 3.1)

Սակայն Աստուծոյ ձեռքը Մովսէսին վրայ էր եւ Մովսէս կը պատրաստուէր իր ժողովուրդը ազատագրողը ըլլալու:

Մովսէս Անապատին Մէջ

Անապատին մէջ, Մովսէս սկսաւ իր անձը հասկնալ: Նախ, ան մերժուած զգաց եւ ապա Փարաւոնին գոռոզ որդին՝ եգիպտացին մեռցնելուն համար յանցաւոր եւ ամօթալի զգաց:

Վերջաւորութեան ան խոնարհեցաւ եւ քանի մը դասեր սորվեցաւ: Ան սորվեցաւ իր անձը Յոթորին ենթարկել եւ ենթարկութեան ու ղեկավարութեան ամբողջ գաղափարը հասկցաւ:

Ան հնազանդութիւն սորվեցաւ, բոլորովին անկարեւոր մէկը ըլլալով:

Անապատին մէջ Աստուած յատուկ բան մը շինեց իր մէջ՝

  • Նոր ինքնութիւն : Ան ոչխարներուն պէտքերուն եւ անոնց ձայնին հանդէպ զգայուն դարձաւ: Այսպիսով ցաւի մէջ եղողներուն հանդէպ գութի ճիշդ ձեւ մը զարգացաւ իր մէջ:
  • Մովսէս նաեւ սորվեցաւ ինչպէս գոյատեւել անապատին մէջ:
  • Մովսէս պատրաստուեցաւ գիտութեամբ՝ գործադրելու, կարեկցութիւն ունենալու եւ անապատին մէջ գտնուողները յարգելու:

Աստուած խօսեցաւ Մովսէսին

Աստուած Մովսէսին խօսեցաւ այրող մորենիին մէջէն, իր ինքնութեան մասին: Մովսէս հասկցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայելու մեծութիւնը եւ ինքզինքը ատակ չհամարեց այդ գործը ընելու:

Ան փորձեց Աստուծոյ համոզել որ լաւ չի խօսիր եւ անկարեւոր մէկն է: Բայց հակառակ ատոր, ան իշխանութեան գաւազան մը ստացաւ:

Խոնարհեցուցած Մովսէսը

Մովսէս անապատը ձգեց՝ Եգիպտոս երթալու համար, իր հետ ունենալով Աստուծոյ անունը՝ «[…] Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի»:

Ան գնաց ոչ իբրեւ Փարաւոնին որդին, այլ որպէս Աստուծոյ մարդը: Մովսէս առաջնորդեց Աստուծոյ ժողովուրդը նոյնիսկ երբ անոնք յամառ, հպարտ եւ անհնազանդ էին: Ան որպէս հովիւ բարեխօսեց իրենց համար (Ելք 32—33):

Եզրափակում

Անապատին մէջ Մովսէս պատրաստուեցաւ եւ Եբրայեցի ժողովուրդին հանդէպ սէր աճեցուց: Իբրեւ Քրիստոնեաներ եւ ղեկավարներ, մենք ալ կրնանք թափառիլ կամ կրնանք պատրաստուիլ:

Աստուած կը ծրագրէ Թագաւորութեան շարունակուելուն համար: Անոր Թագաւորութեան կառուցուիլը յաճախ կը պահանջէ, որ մեր գործերով հիմ մը դնենք, որպէսզի ուրիշներ ալ անոր վրայ կառուցեն:

Ծառայողները պէտք է պատրաստուին, անապատին տոկալու զօրութիւնը ունենալու համար:

Նախորդ Հրապարակում Յիսուսի Աստուածութիւնը Եւ Փաստերը Զանազան Ձեւերով
Յաջորդ Հրապարակում Մօր Բնոյթը