Յովել մարգարէն իր խօսքը կ'ուղղէ ամբողջ ազգին, յայտնելու համար մեղքին պատճառով գալիք Տիրոջ դատաստանը: Իսկ ապաշխարհելու պարագային փրկութեան հասնիլը եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ վերջնական վերականգնումը:
Այս մարգարէութեան գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ երբ մեր մեղքերէն, սովորութիւններէն եւ զԱստուած անարգելէն դադրինք, մեզի կը սպասէ փրկութիւն Տիրոջմէն:
Խօսքը ուղղուած է անոնց, որոնք Յիսուսը Տէր եւ փրկիչ չեն ընդունած եւ կ'ապրին որպէս Քրիստոնեայ ազգ մը՝ առանց Քրիստոնէութեան:
Ազգին ապաշխարութենէն յետոյ կու գայ քաւութիւնն ու վերականգնումը (Յովել 2.18-27): Աստուած կու տայ նաեւ խոստում՝ փառաւոր ապագայի մը համար (2.28-3.21)