Քրիստոսի միանալէ ետք, պէտք է եկեղեցիին մէջ հաւատացեալները աշխատին միաբանութեան համար, այլապէս հարց կ'ունենան իրենց յարաբերութիւններուն (թէ՛ իրարու հետ եւ թէ՛ Աստուծոյ հետ) եւ նուիրումին մէջ:
Սուրբ Հոգին զօրաւոր շեշտ կը դնէ միաբանութեան վրայ, որովհետեւ երբ միաբանութիւնը բարձրանայ եկեղեցիին մէջ, հրաշքներն ալ կ'աւելնան եւ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ ամէն օր կ'ընդարձակուի:
Երբ Առաջին Եկեղեցին հալածանքի հանդիպեցաւ, հաւատացեալները միաբանեցան եւ իրենց զօրութիւն տրուեցաւ: Հալածանքը չպակսեցաւ, այլ՝ իրենք զօրացան հալածանքին դիմաց, որովհետեւ միաբանութեամբ կեցան:
Կարեւոր է, սակայն, որ միաբանութիւնը ըլլայ ոչ թէ մեր ուզածներուն եւ սիրածներուն շուրջ, այլ՝ Աստուծոյ խօսքին շուրջ: Պէտք չէ անձնական ծածուկ խորհուրդներ ունենանք, որովհետեւ ատոնք արգելք են միաբանութեան: Երկու ինքնութիւնով ապրիլը հակառակ է սրբութեան:
Այս հատուածը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ստացուածքի վերաբերեալ կամ որեւէ տեսակի նուիրումի համար պէտք է մեր տալը ճիշդ ձեւով ըլլայ: Շատ կարեւոր է, որ մեր սիրտերը Աստուծոյ տրամադրուած պահենք եւ մեր նուիրումը իսկական ըլլայ. մակերեսային նուիրումը արդիւնք չի բերեր:
Տալուն Նպատակը
Չենք տար որովհետեւ պէտք է տանք կամ որովհետեւ պէտք ունինք տալու: Կու տանք որովհետեւ Աստուծոյ խօսքին կը հնազանդինք: Կարեւոր է որ ճանչնանք, որ մեր տալը պարտականութիւն մը չէ, այլ՝ մեր տալով մենք մեր բաժինը կը բերենք Աստուծոյ գործին մէջ, որպէսզի Աստուծոյ գործը բարձրանայ:
Անանիա ստացուածք մը ծախեց եւ յայտարարեց, որ Աստուծոյ կը պատկանէր անոր գումարը, բայց միայն դրամին կէսը տուաւ առաքեալներուն (Գրծ 5.1-2): Անոր կինը՝ Սափիրան ալ տեղեակ էր:
Պետրոս Անանիային ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես: Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր: Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ» (հմր 3-4):
Պետրոսի հարցը Անանիայի տալուն կամ չտալուն հետ չէր, քանի որ տալը մէկու մը սիրտին նուիրումին հետ կապուած է:
Անանիա բնաւ ստիպուած չէր այդ գումարը եկեղեցիին տալու, բայց եթէ պիտի տար, պէտք էր ճիշդ նուիրումով տար: Անոր ըրածը Սատանային ազդեցութիւնն էր, եւ Պետրոսի հարցը Աստուծոյ գործին դէմ անոր կեցուածքին հետ էր:
Անանիայի եւ Սափիրայի Մահը
Երբ Սուրբ Հոգիին դէմ սուտը յայտարուեցաւ, Անանիա գետին ինկաւ ու մեռաւ (հմր 5): Անանիա մեռաւ, որովհետեւ սուտը պէտք չէր մտներ եկեղեցիին մէջ եւ Աստուծոյ թագաւորութեան արգելք բերեր:
Երեք ժամ ետք, անոր կինը եկաւ՝ եղածէն անտեղեակ: Երբ ան ալ սուտ խօսեցաւ, Պետրոս ըսաւ. «Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու» (հմր 9ա):
Եկեղեցիին միաբանութիւնը դարձած էր սուտերու միաբանութիւն: Սափիրա եւս ինկաւ ու մեռաւ:
Անանիա եւ Սափիրայի «միաբանութիւնը» պիտի թունաւորէր Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը եթէ ատիկա հանդուրժուէր: Հետեւաբար, Պետրոս կանգնեցաւ ատոր դէմ եւ Աստուած դատաստան ըրաւ:
Ամբողջ եկեղեցիին վրայ եւ բոլորին վրայ մեծ վախ ինկաւ: Ասիկա դրական վախ է:
Միաբանութեամբ Կեցող Եկեղեցին (Հմր 12)
- Հրաշքներ ու նշաններ կը կատարուէին առաքեալներուն ձեռքով:
- Սուտ խօսողներն ու խաբեբաները չէին համարձակեր անոնց մօտենալ:
- Բայց միւս կողմէ հաւատցեալներուն թիւը օրէ օր կը շատնար (հմր 14):
- Հիւանդներ կը բերէին, որպէսզի Պետրոսի շուքէն բժշկուէին (հմր 15):
Պետրոս այն անձն էր, որ շեշտ դրած էր սրբութիւնը պահելու վրայ, եւ անոր շուքէն մարդիկ սկսան բժշկուիլ... Կարեւոր է, որ մենք եւս սրբութիւնը պահենք Աստուծոյ Խօսքին համաձայն եւ խիստ ըլլանք ատոր մէջ: