Այս հատուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ.

  1. Սուրբ Հոգին կ'ըսէ, թէ եկեղեցւոյ հալածանքները միջոց եւ առիթ են յաղթութեան (Գրծ 5.17-42):
  2. Սուրբ Հոգին կ'ուզէր հինը նորով փոխել (հմր 19):
  3. Սուրբ Հոգին անձամբ վկայ է (հմր 32):

Հալածանքները Միջոց եւ Առիթ են Յաղթութեան (Գրծ 5.17-42)

Երկրի վրայ Եկեղեցիին կամ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարձրանալուն զուգահեռ՝ հալածանքներ յառաջացան:

Շարունակական եւ տեսակաւոր հալածանքները ցոյց կու տան Եկեղեցւոյ պատերազմողի բնոյթը, որ հոգեւոր է: Եկեղեցիին բուն թշնամին ոգեղէն պետութիւններն են, եւ պէտք է մեր կեդրոնացումը ըլլայ ոգեղէն պետութիւններուն իշխանութիւնը կոտրելու վրայ:

Մենք շատ անգամ մարդոց ոճէն կ'ազդուինք, բայց իրականութեան մէջ այդ մարդոց ետին կեցողը Յիսուս Քրիստոսի հակառակորդ ոգին է, եւ պէտք է այդ ոգին կոտրենք՝ դիմացինին փրկութիւնը հրամցնելու համար, ճանչնալով որ մեր մէջ եղող Սուրբ Հոգին աւելի զօրաւոր է քան հակառակորդին ոգին (Ա.Յհ 4.4):

Եկեղեցին մի՛շտ յաղթական դուրս կու գայ հոգեւոր պատերազմներէն, որովհետեւ Աստուած անոր հետ է եւ նախանձախնդիր է՝ Թագաւորութիւնը հաստատելու համար:

Հալածանքները պարզապէս ցոյց կու տան, թէ Աստուած մեզի յանձնած է կարեւոր գործ մը:

Գրծ 5.17-18-ին մէջ կը տեսնենք, թէ հրեաներն ու իրենց աղանդները կը հալածէին Եկեղեցին. սակայն անոնց միակ լուծումը առաքեալները ձերբակալելն ու անոնց նեղութիւն տալն էր:

Սուրբ Հոգին Մտադիր Էր Հինը Նորով Փոխելու

Երբ առաքեալները բանտը դրին, Տիրոջ հրեշտակը գիշերով բանտին դռները բացաւ, կապանքները կոտրեց եւ բանտէն դուրս հանեց զանոնք (հմր 19): Հրեշտակը անոնց պատուիրեց, որ տաճարին մէջ յայտնեն կենաց պատգամը (հմր 20). ոչ թէ քարոզ մը, ոչ ալ ուսուցում մը, այլ՝ կեանքի պատգամը, որ երբ կը յայտնենք՝ դիմացինը կեանքով կը լեցուի:

Յաջորդ օրը, բանտին մէջ մէկը չգտան եւ թշնամին հասկցաւ, թէ կապանքները չէին կրնար կեցնել Աստուծոյ զաւակները (հմր 22-24):

Այն ատեն իշխանը եւ իր սպասաւորները գացին առաքեալները տաճարէն բերին առանց բռնութեան, որովհետեւ քարկոծուելէն կը վախնային (հմր 26):

(Հմր 21-28) Ղեկավարները նկատեցին, որ իրենց կապանքները, բանտերը եւ հալածանքի միջոցները չէին կրնար կապել Եկեղեցին, որովհետեւ Աստուած անոր հետ էր:

(Հմր 29-32) Աշակերտներուն Պատասխանը Սուրբ Հոգիով

Աշակերտները յայտնեցին թէ.

  • (Հմր 29) Իրենց համար Աստուծո՛յ հնազանդիլը առաջնակարգ էր:
  • (Հմր 30) Յիսուսի մեռելներէն յարութիւն առնելը չի ծածկուիր բնաւ հաւատացեալներուն մէջ, որովհետեւ Սուրբ Հոգին մեր կեանքերուն կը խօսի այդ մասին (տե՛ս Եփ 1.20):
  • (Հմր 31) Աստուած «աջ» ձեռքով (զօրութեամբ) բարձրացուց Յիսուսը եւ Ան՝ իբրեւ Փրկիչ, եղաւ միջնորդ հաշտութեան, ապաշխարութեան եւ մեղքերու թողութեան:

Սուրբ Հոգին Վկայ Է

«Մենք այս բաներուն համար անոր վկաներն ենք ու Սուրբ Հոգին ալ՝ որ Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ» (32):

Սուրբ Հոգին Աստուծոյ թագաւորութեան բարձրանալուն վկայ է, եկեղեցիին հետ միասին:

Երբ կը վկայենք, Սուրբ հոգին մեզի հետ կը վկայէ եւ կարեւոր է մտիկ ընենք Անոր:

Աշակերտներուն պատասխանին դիմաց թշնամին կատղեցաւ: Ղեկավարները ուզեցին զանոնք մեռցնել (հմր 33), սակայն Գամաղիէլ խորհուրդ տուաւ անոնց, որ իրենց ըրածներով Աստուծոյ դէմ չկենան (հմր 39): Հետեւաբար, առաքեալները կանչելով, ծեծեցին զանոնք եւ պատուիրեցին որ անգամ մըն ալ չխօսին Յիսուսի անունով (հմր 40):

«Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը հաար արժանի եղան անարգուելու: Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ» (41-42):

Անոնք Հոգիով քալեցին եւ ո՛չ մարդկայինով: Այսօր, եթէ կ'ուզենք մեր տան եւ շրջանակին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս ըլլալ, մեր մօտիկներուն հետ բջիջ խումբ մը սկսինք, եւ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ Սուրբ Հոգիին գործը պիտի վայելենք:

Նախորդ Հրապարակում Միաբանութիւն Աստուծոյ Խօսքին Վրայ (Գործք Առաքելոց 5)
Յաջորդ Հրապարակում Սուրբ Հոգիին Ծրագիրը Եկեղեցին Բարձրացնելու Մէջ