Սուրբ Հոգիին կողմէ Նոր Տաճարին ներկայացումը վախ յառաջացուց, որովհետեւ կ'առաջարկէր նոր իշխանութիւն: Կ'ակնարկէր իշխանութեան եւ աւանդական սովորութիւններու փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային նոր ըմբռնումներու:
«Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան, նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին. ձերբակալեցին եւ բանտ դրին զանոնք […]» (հմր 2-3): Ղեկավարները եղածէն նեղացան, որովհետեւ Յիսուսը քարոզելը իրենց իշխանութեան վնաս կը հասցնէր:
Անոնց առարկութիւնը Աստուծոյ Խօսքէն մէջբերումով մը չէր, այլ՝ անձնական շահերու համաձայն: Շարունակութեան մէջ կը տեսնենք, որ անոնք բնաւ Աստուծոյ կամքը չէին փնտռեր, որովհետեւ բնաւ աստուածաշնչական համար չգործածեցին:
Այսօր ալ հալածանքը նոյն ձեւով կը կատարուի, որովհետեւ թշնամին նո՛յնն է:
Սուրբ Հոգին Հաւատացեալներուն Թիւը Կ'աւելցնէր
Սակայն բանտը, սպառնալիքը եւ նեղութիւնները հաւատացեալներուն թիւին աւելնալուն արգելք չեղան, որովհետեւ երբ Խօսքը կը քարոզուէր՝ Սուրբ Հոգին թիւը կ'աւելցնէր: Հակառակ անոր որ Պետրոս եւ Յովհաննէս ձերբակալուեցան, Պետրոսի պատգամը լսողներէն շատերը հաւատացին, եւ հաւատացողներուն թիւը հինգ հազարի հասաւ (Գրծ 4.4): Սուրբ Հոգին այսօր եւս կը գործէ Խօսքին հռչակուելուն համաձայն (Գրծ 2.47):
Թշնամիին Սպառնալիքը
Երբ Պետրոսն եւ Յովհաննէսը տարին ատեանին առջեւ եւ հարց տուին թէ ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրած էին այդ բաները, Սուրբ Հոգին լեցուց Պետրոսը: Սուրբ Հոգին նպատակ ունէր հոն. Ան ըսելիք եւ յայտնելիք ունէր (8): Այսօր ալ Սուրբ Հոգին ըսելիք ունի, նոյնիսկ ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ:
(Հմր 9) Պետրոս հաստատեց, թէ հալածողները բարիք չէին փնտռեր, որովհետեւ կը նեղանային բանի մը համար (ի ծնէ կաղին բժշկութեան), որ օրէնքով ուրախանալու պատճառ էր:
Որպէս պատասխան իրենց հարցումին, Պետրոս հաստատեց, թէ հրաշքը եղած էր Յիսուսի անունով, ինչ որ կը նշանակէր, թէ այդ անունը իշխանութիւն ունէր: Պետրոս ամբողջ կեդրոնացումը Յիսուսի դարձուց եւ Հին Կտակարանէն մէջբերելով՝ հռչակեց, թէ Յիսուսէ զատ ուրիշ փրկիչ չկա՛յ (հմր 11-12):
«Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին» (հմր 13): Աշակերտները ուսումի լեզուով չէին խօսեր, հապա վկայութեան լեզուով՝ Սուրբ Հոգիով: Յիսուս ընտրեց տգէտները, որպէսզի յայտնէր, թէ այդ մարդոց ըրածը ուսումէ չէր գար, այլ՝ Սուրբ Հոգիէն:
Պետրոսի եւ Յովհաննէսի Պատասխանը (հմր 19-20)
Երբ քահանայապետներն ու ծերերը Պետրոսին եւ Յովհաննէսին սպառնացին, որ անգամ մը եւս Յիսուսի անունով մարդոց չխօսին ու չսորվեցնեն, աշակերտներուն պատասխանն էր թէ՝ Աստուծոյ մտիկ ընելը եւ հնազանդիլը առաջնահերթ էր:
Հաւատացեալները Քաջութեան Համար Կ'աղօթեն (հմր 24-28)
Դժուարութիւնը դիմագրաւեցին Խօսքին համաձայն եւ աղօթեցին.
- ակնկալութեամբ
- միաբանութեամբ (հմր 24)
- Սղ 2.2-ն մէջբերելով հաւատքով (հմր 24-26),
- Եղելութիւնը պատմելով՝ մարգարէութեան մէջ յիշուածին կատարումը յայտնելով (հմր 27-28),
- Խնդրելով (հմր 29-30)
Վախկոտի աղօթք չըրին, այլ՝ նուիրումով եւ Աստուծոյ խոստումները հռչակելով՝ աղօթեցին:
Երբ անոնք աղօթեցին, հաւաքատեղին շարժեցաւ եւ բոլորը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան (հմր 31). ատիկա ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը, փափաքը եւ որակը:
Եկեղեցիին՝ Թագաւորութեան, Պտուղը (Հմր 32-37)
Այս առաջին գլուխներուն մէջ երկու անգամ կը յիշուի, թէ ամէն բան հասարակաց էր ( Գրծ 4.32-37, 2.44):
Մեծ շնորհք կը գործէր անոնց կեանքերէն ներս եւ մեծ զօրութեամբ կը վկայէին (հմր 33): Շատ նշաններ ու հրաշքներ կ'ըլլային (Գրծ 5.12): Իրենց խօսքին հետ Սուրբ Հոգին նշաններ ու հրաշքներ կը գործէր (Եբր 2.4):