Շատ կարեւոր է, որ մեր ներսիդին Աստուծոյ Խօսքին համար տեղ շինուի:
(Դ.Թգ 4.8-37) Սունամացի կինը, Աստուծոյ խօսքին հանդէպ իր ունեցած յարգանքով, ստիպեց, որ մարգարէն իր տունը գայ եւ անոր համար վերնատուն մը շինեց: Երբ այս կնոջ տղան մահացաւ, անիկա մարդկային միջոց չգործածեց, այլ ուղղակի գնաց մարգարէին՝ խօսքին, եւ հոնկէ իր հրաշքը առաւ:
Միայն Աստուծոյ Խօսքին համար մեր սիրտին մէջ շինուած տեղը կրնայ մեր հիւանդութեան եւ դժուարութեան դարման ըլլալ: