Յիսուս իր առաքելութիւնը կատարելու համար ընտրեց եւ կանչեց աշակերտներ եւ անոնց յանձնեց գործեր (Մտ 4.18-22): Ան ընտրեց ձկնորսներ ու զանոնք կանչեց մարդու որսորդ ըլլալու (19):
Յիսուս Իր աշակերտները չփնտռեց Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն մէջ, այլ՝ անուս ձկնորսներու մէջ:
- Ան չփնտռեց կրօնական դիրք ունեցող մարդիկ, այլ կրօնին պահանջքները ընդունող սիրտեր:
- Յիսուս արտաքինին համաձայն մարդ չէր փնտռեր, այլ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ:
- Ան կանչեց մարդիկ, որոնք թէեւ աղքատ էին, բայց պատրաստ էին բեր կրելու, ժրաջան էին ու յարատեւող:
Այս մարդիկը ամէն բան ձգեցին եւ Յիսուսի ետեւէն գացին (20):
Մենք, մեր կարգին, կանչուած չենք նոյն տեղին մէջ մնալու համար, այլ կանչուած ենք ծառայելու եւ գործ յանձն առնելու, չփրկուածները «որսալու» համար: Պէտք է յօժարակամ ըլլանք ամէն բան ձգելու եւ Յիսուսի ծառայելու: Աշակերտները պէտք է մտածեն թագաւորութեան մասին (Մտ 6.25,33)՝ վստահելով, որ Հայր Աստուած իրենց ամէնօրեայ պէտքերուն կը հոգայ: Կանչուածները կ'ըլլան նուիրուած, խոնարհ, Սուրբ Հոգիին վստահող, մարգարէութեան մէջ քալող, խաւարը լուսաւորող, իշխանութիւն փոխանցող, խօսքը ճանչցող եւ աղօթքով յարատեւող: Անոնք կ'ըլլան ճշմարտութեան յանձնուած եւ կը գիտակցին յաւիտենականին ու ժամանակաւորին միջեւ գտնուող տարբերութեան:
Ծառայութիւն յանձն առնելու ատակ ըլլալու համար, ունենանք Յիսուսի պահանջած սիրտը՝ առաքելութեան նուիրուած սիրտ մը: