Կան երեք հիմնական կէտեր՝ գիտնալ, ընդունիլ եւ ակնկալել:
Նախքան աշխարհէն երթալը, Յիսուս Իր աշակերտներուն Իր վերջին թելադրանքները ըրաւ: Ան գիտէր, թէ պիտի յաղթէր Սատանային, բայց նաեւ գիտէր, թէ Հօր խոստումը վայելելու համար աշակերտներուն համար բաւարար չէր միայն գիտնալը. անոնք պէտք ունէին Սուրբ Հոգիով զօրանալու: Սուրբ Հոգին անոնց մէջ պիտի դնէր Յիսուսի յաղթութեան բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի Սուրբ Հոգիին լեցունութեամբ ապրէին:
Յիսուս աշակերտներուն յայտնեց ուրիշ մխիթարիչի մը մասին, որ պիտի գար եւ յաւիտեան իրենց հետ բնակէր: Մենք Սուրբ Հոգին մէկ անգամ կը ստանանք, բայց Ան յաւիտեան մեզի հետ կ'ըլլայ ու մեզի հետ կը խօսի յաւիտենական սկզբունքներու մասին:
Ընդունինք Սուրբ Հոգիին աշխատանքը մեր մէջ (Եզ 36.25-38):
Սուրբ Հոգին՝
- Մեզ նոր ջուրով կը մաքրէ,
- Նոր մարմնեղէն սիրտ կու տայ (16),
- Կու տայ զօրութիւնը օրէնքը եւ իրաւունքը կատարելու (27):
- Մեզի խոստացուած սահմանները պիտի տայ (28)
- Կու տայ նիւթական եւ տնտեսական յաջողութիւն (29):
Անոր ներկայութեան՝
- Մենք մեր մէղքէն պիտի զզուինք (31):
- Աւերակները պիտի շինուին:
- Երկիրը դրախտի պէս պիտի ըլլայ (35):
Սուրբ Հոգին եկած է մեր կեանքերը դրախտային բարիքներով լեցնելու: Ան մեր մարդկային ուժով չի գործեր, ոչ ալ մեր մարդկային սահմաններուն համաձայն, այլ՝ յաւիտենական սկզբունքներուն համաձայն: Պէտք է աղօթքով ակնկալենք եւ Աստուծոյ սպասենք: Ակնկալե՛նք զօրանալ, յաւիտենական զօրութիւնը մեր մէջ առնել եւ Քրիստոսի համար վկայ ըլլալ: Ակնկալե՛նք ամբողջ աշխարհը Քրիստոսով լեցնել (Եփ 1.10-12)՝ թշնամիին գործունէութեան վերջ դնելու համար (Ա. Յհ 3.8):