Աստուած է առաջին հայրը եւ հայրութեան բուն պատկերը: Ան իր հայրութիւնը ցոյց տուաւ մարդը իր պատկերին համաձայն ստեղծելով (Ծն 1.27): Ան մարդուն իշխանութիւն տուաւ իր նմանը ծնելու եւ մարդը եղաւ զԱստուած ներկայացնողը ու Աստուծոյ տիպարով սերունդները դաստիարակողը: Սակայն երբ մարդը մեղքի մէջ ինկաւ,չկրցաւ ընել Աստուծոյ իրեն տուած յանձնարարութիւնը: Երբ մեղքը աշխարհ մտաւ (Հռ 5.12),մարդը կորսնցուց Աստուծոյ ձեւով դաստիարակելու կարողութիւնը եւ սկսաւ կառավարել Աստուծոյ սկզբունքներէն դուրս գտնուող ձեւերով:

Հռոմէական օրինակը ուսումնասիրելով,կը տեսնենք,որ հայրը կատարեալ իշխանութիւն ունէր իր զաւակին վրայ եւ կրնար նոյնիսկ զայն ծեծել ու շղթայել: Ան նաեւ ունէր իրաւունքը աղջիկ զաւակ մը մերժելու:

Բայց Աստուած չմոռցաւ ոչ Ի՛ր հայրութիւնը եւ ոչ ալ հայրերը: Յիսուս մարդացաւ եւ հայրութեան տիպարը վերականգնեց: Ան եղաւ եկեղեցիին ծնունդ տուող եւ զայն մաքուր պահող հայրը (Եփ 5.25-27): Յիսուսով,հայրերը ստացան թէ՛ օրհնութիւն եւ թէ՛ Անոր ինքնութենէն բաժին մը: Ինչպէս որ Յիսուս Իր անձը զոհեց եկեղեցիին համար,նոյնպէս հայրերուն մէջ դրուած է զոհուելու կարողութիւնը:

Փոխե՛նք մեր նայուածքը եւ տեսնենք այն յատկութիւնները,զորս Յիսուս դրած է մեր հայրերուն մէջ: Զանոնք պատուենք ու յարգենք (Եփ 6.2-3) եւ շնորհակալ ըլլանք իրենց կատարած բոլոր լաւ գործերուն համար,փոխանակ իրենց սխալները հաշուենք:

Նախորդ Հրապարակում Կոչում եւ Առաքելութիւն (Մատթէոս 4.18-22)
Յաջորդ Հրապարակում Ի՞նչ է Քրիստոնէական Աղօթքը