«Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը» (Եբր 1.1-3):
Տէր Յիսուսի ծնունդը եւ կեանքը այն խօսքերն են, զորս Աստուած մեզի կ'ուզէ ըսել (Յհ 1.14):
Յիսուսի ծնունդը մեզի համար պատմութիւն մը չէ ալ, որովհետեւ Ան վերստին ծնաւ մեզ՝ Աստուծմով (Յհ 1.13: Հմմտ. Բ.Կր 5.18): Ան մեզ վերստին ծնաւ կեանքի համար (Բ.Պտ 1.3). յաւիտենական կեանքի մակարդակով կեանքի համար (Ա.Յհ 5.11):
Մենք Անոր Ծնունդը կը ծնինք մեր ընտանիքներուն մէջ: Տէր Յիսուսի ծնունդը իմաստ տուաւ Յովսէփի եւ Մարիամի կեանքին եւ կազմած ընտանիքին: Անոնց ընտանիքը տարբեր եղաւ բոլոր միւս ընտանիքներէն. տարբեր իրենց կոչումով, տարբեր իրենց ապրելակերպով եւ տարբեր իրենց օրինակով:
Երբ ընտանիք մը արտօնէ, որ Տէր Յիսուսի ծնունդը փոխէ զինք, այդ ընտանիքին կոչումը, ապրելակերպը եւ օրինակը տարբեր կ'ըլլան: