Տէր Յիսուս կ'ուզէ, որ մեր ապրած ներկայ ժամանակը ճանչնանք:
Աստուած յաւիտենականութեան մէջ կ'ապրի, իսկ մարդը՝ ժամանակի մէջ: Աստուած մարդը դրաւ երկրի վրայ, եւ մարդը կրնայ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ՝ իր հոգիին միջոցաւ:
Երկրի վրայ մարդուն պաշտօնն էր եւ է՝ բերել յաւիտենականութեան պատգամը՝ ժամանակի մէջ:
Ժամանակի մէջ ապրիլը մեծագոյն պարգեւն է մարդ արարածին համար, քանի որ ամէն օր առիթ է որոշելու թէ ապագային մէջ ինչ պիտի ընենք: Առի՛թ է որոշելու եթէ պիտի ապրինք
մեր անցեալի փորձառութեան ազդեցութեան տակ, կամ պիտի ապրինք նո՛ր օր մը՝ յաջո՛ղ, առո՛ղջ եւ Թագաւորութիւնը տարածո՛ղ օր մը: