Այս պատմութեան մէջ կը տեսնենք Տէր Յիսուսի կատարեալ, անսահման եւ անվրէպ սէրը: Կը տեսնենք նաեւ Տէր Յիսուսին մօտենալու եւ բժշկութիւն ստանալու համար բորոտին
համարձակութիւնը:

Բորոտութիւնը թարախոտ վէրքեր պատճառող հիւանդութիւն մըն է, զոր հրեաները կը համարէին Աստուծմէ պատիժ մը մեղաւորներուն: Բորոտները կ'ապրէին առանձին եւ քաղաքէն հեռու տեղ մը՝ հեռու բոլորէն:

Բորոտ մը՝ լսելով Յիսուսի գործերուն մասին, յաղթահարեց վախը, ամօթը եւ օրէնքը, ու մօտեցաւ Յիսուսի, երկրպագութիւն ըրաւ, ըսելով՝ «[…] Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել» (2):

Այդ բորոտը թէեւ վախ ունէր, որ Յիսուս ալ կրնար մերժել զինք (ինչպէս միւս բոլորը կ'ընէին), բայց բնա՛ւ կասկած չունէր Յիսուսի կարողութեան վրայ: Ան վստահ էր, որ Յիսուս կրնա՛ր զինք մաքրել:

«Յիսուս ձեռքը երկարեց, դպաւ անոր եւ ըսաւ. “Կ'ուզե՛մ, մաքրուէ՛”» (3):
Յիսուս բորոտին վստահեցուց, թէ Ինք կ'ուզէ՛ր եւ լռեցուց անոր կասկածները: Յիսուս անմիջապէս բժշկեց զինք՝ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս (3-4):
Յիսուս յաղթեց բորոտութեան. «Որպէսզի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. “Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց”» (Մտ 8.17):

Երբ մենք հարց մը ունինք, կարեւոր է, որ համարձակութիւնը ունենանք անոր դէմ դնելու, արհամարհելով վախը, ամօթը, մտահոգութիւնը եւ կասկածները:
Դիմենք Յիսուսին, որ Իր կեանքը տուաւ մեզ փրկելու համար: Վստահի՛նք Իրեն եւ առնենք ձրիաբար, որովհետեւ Ան մեր փրկութեան գինը վճարեց Իր արիւնով, զոր թափեց խաչին վրայ:

Նախորդ Հրապարակում Ծնունդը՝ Նորոգուելու Ժամանակ
Յաջորդ Հրապարակում Մարգարէական Ծառայութիւն եւ Պարգեւ