Աստուծոյ խօսքը աւելի զօրեղ է քան մեր տկարութիւնները: Տէրը կ'ուզէ որ վստահինք իր խօսքին եւ մեր կեանքին վրայ հռչակենք անոր կատարումը:

Խօսքը Աստուծոյ ընդհանուր իշխանութեան ծառայող նետն է, որ դէպի որոշակի նպատակակէտ կ'ուղղուի:

Խոստացուած Խօսքը ՝

  • Խոստացաւ փրկութիւն (Ծն 3.15-էն մինչեւ Ղկ 1.26-38):
  • Մարիամ հաւատքով ընդունեց այդ խօսքը, որ իր կարգին կը խոստանար, թէ բոլոր մարդոց փրկիչը պիտի ծնէր իր միջոցաւ:
  • Մարիամ Աստուծոյ կողմէ տրուած պատգամը ընդունեց եւ կատարումին համար հաւատաց անսակարկ կերպով, ինչ որ կը հակառակէր իր բնոյթին, կրօնին եւ մշակոյթին:

Առաջին Ադամը

  • Ստեղծուեցաւ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ (Ծն 1.27), որպէսզի նոյն նմանութեամբ, անմեղութեամբ եւ սրբութեամբ ծնի որդիներ եւ լեցնէ աշխարհը Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն:
  • Ադամ, որպէս տղամարդ ունի Y chromosome-ը, ծնելու համար իր նմանը, այդպիսով պահելով շարունակողականութիւնը:
  • Մեղանչելով՝ Ադամ փոխեց շարունակականութեան ճակատագիրը եւ իրմէ ծնողները սկսան ծնիլ մեղաւոր եւ Աստուծոյ նմանութիւնն ու Անոր հետ միութիւնը կորսնցուցած:

Մարիամ՝

  • Ընդունեց պատգամը հաւատքով
  • Ան խոստումները իրմով կատարուելուն եւ իրմէ փրկիչին՝ երկրորդ Ադամին ծնելուն այո՛ ըսաւ...
  • Իսկ երկրորդ Ադամին միջոցաւ մենք վերստին ծնունդ ստացանք եւ Աստուծոյ ծրագիրը աշխարհին համար վերսկսաւ եւ այսօր կը շարունակուի եկեղեցիին միջոցաւ:
  • Խօսքը մարդացաւ եւ մենք Անով Նոր Ադամինը եղանք:

Խօսքը Ապրեցաւ

  • Խօսքը եւ խոստումները հաւատքի ճամբով կենդանի էին Յիսուսի կեանքին մէջ եւ երկրաւոր բոլոր պայմաններուն դիմաց Ան ցոյց տուաւ անոնց գերիշխանութիւնը:

«Ապրիլ» «խհայահ »

Կը նշանակէ՝

  • Ապրիլ, կեանք ունենալ, ապրիլ յաւիտեան եւ յաջողութեամբ
  • ողջ մնալ, կենդանացնել
  • Վերակենդանացնել
  • Կենդանութիւնը պահել
  • Առողջ հիւանդութենէ, վհատութենէ, թուլութենէ, մահէ
  • Պատճառ աճելու

Խօսքը Կ'ապրեցնէ: Պօղոս առաքեալի համաձայն, խօսքը ընդունելու ձեւդ կ'որոշէ օրհնուելու չափը (Բ.Թես 1.5,2.13):

Նախորդ Հրապարակում Սխալ Ըմբռնումներ Արդարութեան Մասին (Հռոմայեցիս 10.1-21)
Յաջորդ Հրապարակում Քարոզել, Լսել, Հաւատալ եւ Կանչել (Հռոմայեցիս 10.14)