Ի՞նչպէս աւետարանել անոնց, որոնք «արդարութիւնը» սխալ ձեւով կը բացատրեն:

Այս գլուխին կեդրոնացումն է՝ Իսրայէլի ժողովուրդին մերժումը:

Հռ 9-ին մէջ աստուածային գերիշխանութեան նիւթէն հոս Պօղոս կ‘անցնի խօսելու մարդկային պատասխանատութեան մասին:

Հաւանաբար կարծես, թէ Իսրայէլ անձկութեամբ կը սպասէր եւ պատրաստուած էր իր Մեսիային գալուն: Դարերու ընթացքին սորված էին, գիտէին եւ Օրէնքը կը կատարէին:

(Հմմտ Գղ 3.24, ուր կ’ըսէ, թէ Օրէնքը Քրիստոսի գալուն համար պատրաստող «դաստիարակն» էր):

Աստուած աշխատեցաւ, որպէսզի ազգ մը պատրաստէր: Բայց երբ պատրաստողը՝ Յիսուս, եկաւ Իր ազգին կամ ժողովուրդին, ազգը մերժեց զԻնք (Յհ 1.11): Մաս մը միայն ընդունեց Յիսուսը (Ղկ 2.25-28):

Պօղոս այդ մէկը կը բացատրէ եւ անոր տուած օրինակները մեզի եւս կը վերաբերին, մանաւանդ երբ կ'ուզենք Աւետարանի բարի լուրը փոխանցել:

  • Փրկութեան Պէտքը Չէին Զգար (1)

Պօղոս ալ ատեն մը Յիսուսը խաբեբայ կը նկատէր:

Իսրայէլ կը կարծէր, թէ միայն հեթանոսները փրկիչի մը պէտք ունէին: Յիսուս շեշտեց, թէ այդ գաղափարը սխալ էր՝

  • Անառակ Որդին (Ղկ 15.11-32)
  • Փարիսեցիները (Ղկ 18.9-14)

Իսրայէլի ժողովուրդը ուրախ պիտի ըլլար քաղաքական փրկութեան համար՝ հռոմէացիներէն, բայց բնաւ նպատակ չունէր ազատելու եւ մաքրուելու մեղքէն:

  • Աստուծոյ Համար Նախանձ Ունէին (2)

Բաբելոնի գերութենէն վերադառնալէ ետք, Իսրայէլ մաքրուած էր կռապաշտութենէն եւ միայն ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտէր տաճարին եւ ժողովարաններուն մէջ:

Այնքան նախանձախնդիր էին, որ անոնց ղեկավարները իրենց աւանդութիւնները հաւասարեցուցած էին Օրէնքին հետ (հմմտ Հռ 26. 1-11: Գղ 1.13-14):

Իսրայէլի ժողովուրդին նախանձը հիմնուած չէր ճշմարիտ գիտութեան վրայ: Անոնք խօսքը խօսելու սիրոյն կը քարոզէին, ինչպէս այսօր շատ մը կրօնականներ կ’ընեն:

Սակայն բարի գործերը չեն փրկեր, ոչ ալ անկեղծ անձ ըլլալը ( Հմմտ Գղ 3.19-22): Ներկայիս շատեր նախանձախնդիր են աւանդութեան մը նկատմամբ, ծէսերու, հայրերու բարեպաշտութեան, մշակոյթին եւ սովորութիւններու նկատմամբ:

Բայց արդէօք այս բոլորը ինչո՞վ կ'օգնեն Քրիստոնէական փորձառութիւնը ապրելու համար:

  • Հպարտ Էին եւ Իրենք Զիրենք Արդարացնող (3)

Իսրայէլի ժողովուրդը Աստուծոյ արդարութեան մասին լսած էր, բայց չէր ուզեր սորվիլ: Չգիտնալու երկու պատճառներ կան՝

  1. Առիթ չունենալը
  2. Չկամենալը եւ յամարութեամբ հակառակիլը:

Իսրայէլ չէր ուզեր ենթարկուիլ Աստուծոյ, որովհետեւ հպարտ էր եւ ինքզինք կ’արդարացնէր իր բարի գործերով:

Պօղոս ալ այդպէս էր, Յիսուսի հանդիպելէն առաջ (Փլպ 3.1-11):

  • Օրէնքին Վախճանը Քրիստոսն Է (4)

Բարի գործերը ուժ չունին Օրէնքը կատարելու: Նոյնպէս ալ ողորմութիւնը, անուանեալ Քրիստոնեայ ըլլալը կամ Քրիստոնէական ընտանիքի մէջ ծնած ըլլալը:

  • Պօղոս կը մէջբերէ Մովսէսի Խօսքերէն (5)

«Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի»:

  • Հաւատքէն Եկող Փրկութիւնը (6-13)

Ջանքէն եւ բարի գործերէն չի գար (6-7), այլ Յիսուսը Տէր եւ Փրկիչ ճանչնալով եւ խոստովանելով կու գայ (8-13):

Նախորդ Հրապարակում «[...] Ձեր Ոտքին Բոլոր Կոխած Տեղերը Ձեզի Պիտի Տամ [...]» (Յեսու 1.1-9)
Յաջորդ Հրապարակում Ծնունդը Կեանքին Մարմնապէս Ծնիլն է