Մինչ կը կարդանք Մատթէոս 26.57-68-ը, կը նկատենք, թէ Քրիստոսի վկայութիւնը եւ առաքելութիւնը մերժողները որեւէ պատճառաբանութիւն մը կը փնտռէին առաքելութեան վերջ դնելու համար: Տարբեր տեսակի ճնշումներ կը բանեցնէին, բայց Ան Իր մարգարէական վկայութենէն չհրաժարեցաւ: Փոխարէնը ըսաւ. «[...] Ասկէ ետք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին՝ ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած. եւ պիտի տեսնէք որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն» (Մտ 26.64):
Այդ պատասխանը շատ մը իմաստներ ունի, բայց անոնցմէ մէկը, զոր պիտի քննարկենք հոս այն է, թէ թշնամիին ըրածները, ինչքան ալ անոնց կողմէ ճիշդ կամ յաջող երեւէին, պիտի չկարենային արգելք ըլլալ Յիսուսի կատարելիք փրկագործութեան:
Իրականութեան մէջ, ինչ որ թշնամին ընէ, վերջաւորութեան պիտի նկատէ, թէ ձեւով մը Աստուծոյ գործին յաջողութեան պատճառ կ’ըլլայ: Ատիկա շատ նեղացուցիչ է Սատանային համար, բայց օգտուելու մեծ առիթ՝ մեզի համար:
Բնաւ չհրաժարինք հռչակելէն, քարոզելէն փրկութեան բարի լուրը, որ «Աստուծոյ զօրութիւնն է» (Ա.Կր 1.18):
Յիսուսը Դատողները
- (Մտ 26.57) Յիսուսը ձերբակալող ամբոխը՝ Օրէնքի ուսուցիչները եւ երէցները, Կայիափա քահանայապետին քով կը հաւաքուին՝ Յիսուսի դատը տեսնելու համար:
- (Մտ 26.59) Աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը գտնել, որպէսզի զԱյն սպաննէին:
- (Մտ 26.60) Թէեւ շատ մը սուտ վկաներ եկան, բայց յանցանք չգտան Անոր վրայ:
- (Մտ 26.61) «Ի վերջոյ՝ երկու սուտ վկաներ եկան, որոնք ըսին. «Այս մարդը կ՚ըսէր. “Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քանդել եւ երեք օրէն շինել զայն”»:
Սուտ Վկաները
(Մտ 26.62-65) Քահանայապետը թէեւ սուտ բայց գործածելի լաւ ամբաստանութիւն մը գտաւ եւ անոր պատասխանը ակնկալեց Յիսուսէն, որ Իր կարգին լուռ մնաց եւ բնաւ չպատասխանեց:
Երբ ետքը քահանայապետը «կենդանի Աստուծոյ անունով» երդում ըրաւ, Յիսուս յայտնեց Իրեն վերաբերող հարիւր տոկոսի իրականութիւնը. «[…] Ասկէ ետք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին՝ ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած. եւ պիտի տեսնէք որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն» (հմր 64):
Յիսուսի վկայութեան պատճառով Քահանայապետը իր վերարկուն պատռեց. որովհետեւ Յիսուսի խօսքերը Աստուծոյ դէմ կատարուած հայհոյութիւն սեպեց:
Վերարկուին պատռուիլը մարգարէական էր: Տիրոջ յայտնածը, այսինքն՝ «Աստուծոյ աջ կողմը նստած» ըսելը, պաշտօնապէս քահանայութեան առնուիլն էր հրեաներէն եւ Յիսուսով նոր եւ յաւիտենական քահանայութիւն մը հաստատուիլն էր (Կարդա՛ Եբր 7.15--8.2):
«Մահապարտ է»
- (Մտ 26.66) Երբ Քահանայապետը հաստատեց, թէ տաճարը քանդելը եւ երեք օրէն շինելը հայհոյութիւն էր եւ երբ ներկաներուն հարցուց, «ի՞նչ կը մտածէք» պատասխանը «մահապարտ է» էր:
- (Մտ 26.67-68) Սկսան թքնել Անոր վրայ եւ ծեծել զԱյն, եւ կ’ապտակէին՝ ըսելով. «Գիտցի՛ր, Քրիստոս, ո՞վ քեզի զարկաւ»:
Վերաքննենք Պատասխանը
- Տէր Յիսուսի պատասխանը կատարեալ իրականութիւն էր:
- Հաստատուած էր երկինք ու երկիր ստեղծող Աստուծոյ կողմէ:
- Մարգարէութիւններով հաստատուած էր, եւ անոր բոլոր նշանները կ՚երեւէին Յիսուսի վրայ:
- Երկինքը կը սպասէր Անոր յաղթութեան:
- Հաւատացեալները կը սպասէին Անոր յաղթութեան:
- Թշնամին՝ Սատանան, գրաւած էր կրօնականներուն սիրտերը եւ անոնց կը թելադրէր, թէ Յիսուսի մարգարէական վկայութիւնը հայհոյութիւն էր:
- Այդպիսով հալածանքը սկսաւ՝ սուտի, նախանձի, ես-ի, հպարտութեան, աթոռ սիրելու եւ անհաւատութեան հիման վրայ:
Պետրոս կը վկայէ այդ մասին. «Սուրբը եւ Արդարը մերժեցէք եւ խնդրեցիք, որ ձեզի շնորհէ մէկը, որ մարդասպան էր: Սպաննեցիք ձեզի դէպի կեանք առաջնորդողը: Բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց, եւ մենք ատոր վկայ ենք» (Գրծ 3.14-15):
Տէր Յիսուս բռնուած (կառչած) մնաց Իր մարգարէական վկայութեան, որովհետեւ գիտէր, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը եւ անոնց ժխտական ազդեցութիւնը ճշմարտութեան դէմ էին:
Հալածանքը Արդար Չէր
Արդեօք պէտք է տկարանա՞նք կամ հրաժարի՞նք մեր վկայութիւնները տալէն երբ Աստուածաշունչի ճշմարիտ պատգամին եւ կեանքի աւետիսին դէմ ձայները բարձրանան կամ հակառակութիւններ ըլլան:
Եթէ Յիսուսի ստացած թուքերուն, ապտակին եւ ծեծին փոխարէն մարդիկ այսօր մեր վրայ խնդան, մեզ խենթ կոչեն կամ այլ տեսակի ճնշումներ բանեցնեն, պիտի դադրի՞նք մեր վկայութիւնը տալէն:
Չմոռնանք, որ Յիսուս յաղթեց աշխարհին (Յհ 16.33) եւ տակաւին կը յաղթէ եւ Իր վկայութիւնն ու հովանաւորութիւնը կը բերէ երբ մենք զԻնք կը խոստովանինք (կը դաւանինք) (տե՛ս Ղկ 12.8-12): Սուրբ Հոգին շարունակ կը գործէ մեզի հետ եւ Ան մեզի կը սորվեցնէ ամէն առիթի՝ փորձառութիւններով եւ գիտելիքներով: