Թշնամին՝ Զինաթափ
«Այսպիսով անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով եւ պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, յարութեան ատեն» (Կղ 2.15 Ն.Թ.):
Այս համարը կը խօսի Տէր Յիսուսի յարութեան պահուն Սատանային դէմ կատարուած յաղթութեան մասին: Պարտութիւն՝ Սատանային եւ յաղթութիւն՝ Յիսուսը Տէր եւ Փրկիչ ընդունողներուն:
Իւրաքանչիւր անձի հետ, որ կը փրկուի եւ կեանքի կը կոչուի Քրիստոսով, Սատանան անգամ մը ե՛ւս կը պարտուի: Ան անգամ մը ե՛ւս կ՚ապրի ամբողջ խաչելութեան եւ յարութեան ժամանակի պարտութիւնը:
«[...] Այո՛, շնորհք ըրաւ, փրկելով մեզ: Քրիստոսի հետ յարուցանեց եւ անոր հետ միասին ալ երկիքի մէջ նստեցուց մեզ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք» (Եփ 2.5-6 Ն.Թ.):
Վերոնշեալ երկու համարները կը խօսին մեր ինքնութեան մասին, զոր Քրիստոսով ձեռք կը բերենք:
Յիսուսի յարութիւնը մեր հոգիին մէջ, մեր փորձառութիւններուն, մեր ապրումներուն մէջ իրական է եւ ազդու է մեր անձին համար աւելի քան գիտական որեւէ փաստ:
Յարութեան ուժը կու գայ Աստուծմէ՝ մեր հոգիին ճամբով, իսկ անոր գործերը զգալի եւ շօշափելի կ'ըլլան միայն հաւատքի միջոցաւ:
Յարութիւնը Յաղթութիւն է
Երբ կը խօսինք Տէր Յիսուսի մեռելներէն յարութիւն առնելուն մասին եւ մեր անձերուն անոր միջոցաւ կեանքի կոչուելուն մասին (տե՛ս Եփ 2.6), խօսած կ’ըլլանք գերբնական միջամտութեան մասին (տե՛ս Կղ 3.1-3). այդ գերբնական միջամտութեամբ նորոգուելու եւ փոխուելու մասին՝ Սուրբ Հոգիով (տե՛ս Բ.Կր 3.18):
Եօթը Նշանները
Աստուծաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ Տէր Յիսուսի յարութեան հետ կապակցաբար նկատի առնելու շատ մը նշանակալի նշաններ կան: Անոնցմէ եօթը հիմնականներուն մասին խօսինք այս նիւթին մէջ:
- (Եփ 1.3) «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ»: Այսինքն՝ երկրի վրայ ապրող եւ ծառայող հաւատացեալները ամէն տեսակի հոգեւոր պարգեւներով օժտուած եւ հովանաւորուած կ'ըլլան Յիսուսի փրկագործական յաղթութեան շնորհիւ (հմմտ Եփ 4.8):
- (Մտ 28.2) «Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ անոր վրայ նստաւ»: Ասիկա ակնարկութիւն է իշխանութիւններուն շարժելուն: Ակնարկութիւն է նաեւ Աստուծոյ դէմ գործող իշխանութիւններուն իյնալուն: Անշուշտ ակնարկութիւն է նաեւ սիրտերուն վրայ տիրող բոլոր իշխանութիւններուն շարժելուն:
- «[...] Գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը [...]» (Մտ 28.2): Կրօնական ղեկավարներուն կողմէ կնքուած այդ քարին գլորիլը կը խօսի անոնց կողմէ հաստատուած կրօնական կապանքին եւ ժողովուրդը Աստուծոյ պատրաստած փրկութենէն զրկող կապանքներուն գլորուելով վերցուելուն մասին:
- «Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր» (Մտ 28.6): ա. Տէր Յիսուսի պարագային գերեզմանին պարապ ըլլալը կը խօսի ամենազօրեղ թշնամիին՝ մահին, խափանուելուն մասին: Եբր 2.14-15-ը կ'ըսէ. «Արդ, քանի որ այս զաւակները մարդիկ են, մարմինով ու արիւնով, Քրիստոս ինք ալ նման եղաւ, հաղորդակից՝ անոնց մարդկութեան, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ Սատանան, որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, եւ ազատագրէ անոնք՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը մահուան վախով կ՚անցընէին, ստրուկներու պէս»: բ. Թէեւ Յիսուս յարութիւն առած էր եւ կ'ապրէր, բայց պահակները զԻնք չէին տեսներ: Անոնք կը պահէին կնքուած քարը եւ ո՛չ Յիսուսը:
- Յիսուս աշակերտներուն հետ եւ 500 հետեւորդներով Ձիթենեաց լեռ գնաց՝ տաճարին քովէն անցնելով, բայց ոչ ոք զԻնք տեսաւ (հմմտ Յհ 14.19): գ. Հետեւաբար կեանքը տիրած էր, եւ մահկանացու բնութիւնը յաղթուած էր (Կարդա՛ Եփ 2.1-6): դ. Աշակերտները տեսան, շօշափեցին, Անոր հետ կերան, հրաշքներ տեսան եւ փորձառութիւններ ունեցան: ե. Նոր մթնոլորտի մը մէջ էին:
- «[...] Գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը [...]»: «Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը, ուր դրուած էր» (Մտ 28.2,6): ա. Պահակները Յիսուսը (մարմինով) բռնելու միջոց չունէին այլեւս: բ. Յիսուսի յարութենէն ետք անոնք իշխանութիւն չունէին Անոր վրայ: Իր իշխանութիւնը կորսնցուց Սատանան (Կղ 2.15), որ սկիզբէն՝ երբ մարդուն անհնազանդութեան պատճառով մարդուն հոգին բաժնուեցաւ Աստուծմէ եւ այլեւս մարդը սկսաւ Աստուծմէ չառաջնորդուիլ, ինքզինքին Աստուծոյ դերը տուած էր երկրի վրայ (կարդա՛ Բ.Կր 4.4): գ. Դուն ալ չես բռնուիր Քրիստոսով: Թշնամին եւ գործակալները իշխանութիւն չունին մեր սիրտերուն վրայ, եթէ մենք չշնորհենք զանիկա իրենց:
- «Պահապանները երբ ասիկա տեսան, սարսափեցան եւ մեռելի պէս եղան» (Մտ 27.66): ա. Մահկանացուին հսկող թշնամին (ֆիզիքական եւ հոգեղէն) ահուդողի մէջ եղաւ (Մտ 28.4): բ. Յարութեան զօրութիւնը առաջին անգամ ինքզինք յայտնեց երբ Յիսուս երրորդ օրը յարութիւն առաւ (Ա.Պտ 3.18-19, 4.6):
- Գերեզմանը եւ Սիրտդ. Կնքուած չեն: Պահակ չունին: Ազատ են: Յարութեան վկայութիւնը ունին (Մտ 28.3,5-8):