«6 Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսին, ան ըսաւ իրեն. “Տէ՛ր դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս”: 7 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. “Ես ինչ որ կ'ընեմ, դուն հիմա չես իմանար, հապա ետքը պիտի իմանաս”: 8 Պետրոս ըսաւ անոր. “Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս”: Յիսուս պատասխանեց. Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս»:

Յհ 13.1-20-ին մէջ, աւետարանիչը կը խօսի վերջին ընթրիքին ընթացքին աշակերտներուն ոտքերը Տէր Յիսուսի կողմէ լուացուելուն մասին: Իսկ Սուրբ Հոգին մեզի կը սորվեցնէ Տէր Յիսուսի խօսքերուն եւ պատուէրներուն հնազանդելու կարեւորութեան մասին:

Վերոնշեալ խօսքը ուղղուած էր Պետրոսին, որովհետեւ ան Յիսուսի ըրածներուն արժէքը որոշելով չէր արտայայտուեր, թէեւ կը փորձէր յարգել, բայց այդ յարգանքը տեղին եւ ճիշդ ժամանակին չէր: Յիսուս այդ հանգրուանին կը շինէր եւ կը պատրաստէր աշակերտները եւ կ'ակնկալէր, որ անոնք սորվէին, որպէսզի յաջողէին նոյնը ընել:

Տէր Յիսուս ոտք լուալու գործողութեան մը միջոցաւ կ’ուզէր յայտնել Պետրոսին եւ անշուշտ այսօր ալ կը սորվեցնէ մեզի, թէ Իր պատուէրները հնազանդօրէն ընելը մեզ բաժնեկից կը դարձնէ Իրեն:

Մինչ Աւետարանը կը կարդանք, կը նկատենք, թէ բազմաթիւ խոստումներ կը տրուին Տէր Յիսուսի միանալու մասին եւ հետեւաբար կ'արժէ այդ մասին խօսիլ եւ մեր նուիրումը աւելի ամրապնդելով ապրիլ եւ օրհնուիլ Անոր լեցունութենէն:

Եկէք տեսնենք, վերջին ընթրիքի ատեն կատարուածներուն բուն միտքը:

Ոտքերը Լուալը

  • Մաքրուելու արարք մըն էր եւ է:
  • Այդ ժամանակ, հողէ ճամբաներէն քալելով՝ իրենց ոտքերուն վրայ յաճախ փոշի եւ աղտ կ'ըլլար:
  • Այդ պատճառով, թէեւ մաքուր ըլլային (Յհ 13.10) պէտք էր դարձեալ ոտքերնին լուացուէին:
  • Յիսուս ըսաւ՝ «Այս իմ կատարած գործս հոգեւոր արժէքներ ունի. եթէ Ես չկատարեմ զայն, դուն չըմբռնես, չհասկնաս, չընդունիս եւ կամ կատարելու արտօնութիւնը չտաս, ինծի հետ բաժին չես ունենար». այսինքն «ինծի հետ առաքելութեան, ծառայութեան, թագաւորութեան մէջ բաժին չես ունենար»:

Յիսուս Կը Լուայ Անոնց Ոտքերը

Յիսուս Ի՛նք յանձն կ'առնէ անոնց ոտքերը լուալը՝ այդպիսով ցոյց տալով, թէ ի՛նչպէս պէտք է Տէրը՝ մեծը եւ պատասխանատուն, լուայ իրենիններուն ոտքերը՝ անոնց քալած ճամբէն հաւաքուած աղտերէն մաքրելով զանոնք եւ զանոնք Իրեն միացնելու նպատակով:

Այդպիսով Ան մեզի կը սորվեցնէ (Յհ 13.13-17), որ մենք ալ ընենք նոյնը՝ աւելցնելով, որ Իր ըրածը՝ ըլլա՛յ որպէս ծէս կա՛մ որպէս խորհուրդ, մեզ Իրեն եւ իրարու կը միացնէ:

Ծէս Չէ. Հոգեւոր Է

Պետրոս սկիզբը մերժեց, որովհետեւ կարծեց, թէ Յիսուս սոսկ ֆիզիքական գործ մը կ‘ընէր, նաեւ կարծեց, թէ անիկա անարգական գործ մըն էր:

Յիսուս փորձեց իրեն բացատրել, թէ ատիկա թէեւ ֆիզիքական գործ մըն է, սակայն հոգեւոր հիմեր եւ արժէքներ ունէր իր մէջ:

Յիսուս պարզեց, թէ մաքրութեան այդ ծէսը կատարեց որպէս արտաքին գործ մը՝ ցոյց տալու համար Իր ներքին մեծ սէրը եւ փափաքը, եւ այդպիսով ստեղծեց Իրեն հետ կապ մը, զոր այդ արարքը յօժարութեամբ կատարողները պիտի վայելեն՝ մաքրութեան իբրեւ արդիւնք:

Իրարու Ո՞տք Լուալ

Արդեօք Տէրը ճիշդ ի՞նչ կ'առաջարկէ.

  • Իրարու ո՞տք լուալ:

Այլ.

  • Իրարու դէմ կամ ընդհա՛նրապէս կատարուած սխալները եւ յանցանքները լուալ կ'առաջարկէր:
  • Աղտօտածին եւ մաքուրին միջեւ ներելու պատրաստակամ հաւասարութիւն կ'առաջարկէր:
  • Տե՛ս Մտ 3.13-17-ը՝ Տէր Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչէն, եւ թէ ի՛նչպէս Տէրը Ինքզինք կը խոնարհեցնէ Իր ծառայէն մկրտուելու՝ ծառայութեան մէջ հաւասարութեան վրայ մեծ շեշտ դնելու համար:

Քրիստոսի Միանալով s

Քրիստոսի միանալը եւ այդ միութիւնը ապրիլը մեզ ամբողջութեամբ նոր արարած կը դարձնէ՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուած ամէն օրուան աշխատանքով (տե՛ս Բ.Կր 5.17, 3.18):

Յիսուսի Հետ Քալելով

Պօղոս կ'ըսէ, թէ Տէր Յիսուսը ընդունելով՝ Անոր լեցունութենէն կը լեցուինք (Ղկ 18.28-30).

«Ասոր վրայ՝ Պետրոս ըսաւ. “Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի”: Յիսուս անոնց ըսաւ. “Վստահ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, ծնողք, եղբայրներ, կին եւ կամ զաւակներ՝ Աստուծոյ արքայութեան համար, ներկայ կեանքին մէջ բազմապատիկը պիտի առնէ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգէ”»:

Յիսուսի հետ Ըլլալով

«Հա՛յր, անոնք որոնք ինծի տուիր՝ կ‘ուզեմ որ ինծի հետ ըլլան՝ ու՛ր որ ըլլամ, որպէսզի տեսնեն իմ փառքս, այն փառքը՝ որ ինծի տուիր, որովհետեւ զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ» (Յհ 17.24):

Որդի Ըլլալով

«Իսկ եթէ որդի ենք, կը նշանակէ թէ նաեւ ժառանգորդներ ենք: Այո՛, ժառանգորդներն ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի. եւ իր չարչարանքներուն մասնակից կ‘ըլլանք՝ որպէսզի իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք» (Հռ 8.17):

Յիսուսի Ժառանգակից Ենք

«Իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ Անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկնքի մէջ նստաւ, Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան աջ կողմը» (Եբր 1.2-3):

Յիսուսի Լեցունութենէն Լեցուած

«[...] Մարդացած Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լեցունութիւնը: Եւ դուք ձեր կեանքին լեցունութիւնը գտաք՝ միանալով անոր [...]» ( Կղ 2.9-10) :

Յիսուս Փրկիչդ Է՞

Եթէ Տէր Յիսուսը ընդունած ես որպէս քու սեփական փրկիչդ, կը խնդրեմ, որ Անոր նման խոնարհիս:

Ընդհանրական Եկեղեցիին մէջ քու բաժինդ բեր՝ առանց աշխարհի ճնշումներէն զզուած եւ բեռնաւորուած ըլլալուդ կամ վիրաւորուած ըլլալուդ պատճառով մաքրելու եւ մաքրուելու գործէն հրաժարելու: Տէրը օրհնէ քեզ:

Նախորդ Հրապարակում Յաղթական Մուտքը
Յաջորդ Հրապարակում Մարգարէական Վկայութիւններուդ Բռնուէ՛ (Մատթէոս 26.57-68)