Եբրայեցի 4.16- ը կ'ըսէ որ համարձակութեամբ մօտենանք շնորհքի աթոռին:
Մենք իրաւունքը ստացած ըլլալով հանդերձ, շատ անգամ այս համարին համաձայն չենք ապրիր: Աստուծաշունչը մեզի կը տեղեկացնէ մեր իրաւունքները, որպէսզի չարտօնենք որ ատոնք մեզմէ առնուին:
Քրիստոսով Աստուծոյ ժառանգորդ ենք եւ Աստուած կ'ուզէ որ ճանչնանք մեզի տրուածը ու վայելենք: Աստուծաշունչին համաձայն շնորհքի զաւակներ ենք եւ կրնանք ձեռք բերել այն ինչ որ առաջ իրաւունք չունէինք ունենալու: Այլեւս օրէնքի տակ չենք, այլ կ'ապրինք շնորհքի տակ ու մեզի տրուած շնորհքին համաձայն (Հռ 6.14): Այլեւս դատապարտութեան ենթակայ չենք եւ դատապարտութեան կեանքի սկզբունքներուն համաձայն չենք ապրիր,այլ Սուրբ Հոգիին տուած կեանքի օրէնքներուն համաձայն (Հռ 8.1-3):
Այլեւս մեր վրայ մահը չիշխեր այլ շնորհքը եւ մենք կրնանք համարձակութեամբ մօտենալ շնորհքի աթոռին, այն աթոռին որմէ Ադամ մեղքի պատճառով հեռացած էր:
Ի՞նչ կը նշանակէ համարձակութեամբ մօտենալ:
Շատ անգամ մարդիկ համարձակ չեն, որովհետեւ կը վախնան, կ'ամչնան, կամ որովհետեւ վարժուած չեն: Ուրիշ ծայրահեղութիւն մըն ալ կը նկատենք, երբ քիչ մը զօրաւոր նկարագիրով մարդիկ ամէն կողմէ բաներ կը խօսին, եւ շուրջինները կը կարծեն որ այդ անձը համարձակ է: Բայց շատ անգամ ատիկա իրական համարձակութիւն չըլլար:
Առաջին պարագային համարձակութիւնը կորսուած է. Օգնող չէ եղած որպէսզի աճի եւ զարգանայ: Երկրորդ պարագային անձը երեւութապէս համարձակութիւն ունի, բայց ատիկա կը գործածէ սխալ ձեւով:
Եկեղեցիին գործն է Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ յաջողութիւն բերելու համար ճիշդ համարձակութիւնը սորվեցնել:
Ի՞նչ է ճիշդ համարձակութիւնը
Համարձակութիւն նաեւ կը նշանակէ վստահութիւն, առանց կասկածի՝ քու անձիդ եւ կարողութիւններուդ հաւատալով: Ինչ ալ ըլլան պայմաննները, պէտք է հասնինք այն մակարդակին որ մեր անձին հանդէպ հաւատք ունենանք եւ մեր կարողութիւններուն վստահինք:
Համարձակութիւնը նաեւ կու տայ գործ մը ամբողջացնելու իշխանութիւնը:
Բայց արդեօք այս համարձակութիւնը, ինքնավստահութիւնը, իշխանութիւնը ի՞նչ հիմերու, վարդապետութեան եւ սկզբունքներու վրայ շինուած է: Արդեօք շինուած է սխալ սկզբունքներու վրայ (եւ դարձուցած է գորոզ, հպարտ, ինքնահաւան, բամբասոտ), կամ ունի՞մ իրական ինքնավստահութիւն, ընելու համար արդարը եւ ճշմարիտը:
Համարձակութիւնը կու գայ Տիրոջմէն
Համարձակութիւնը կամ վստահութիւնը սխալ գործածելու չենք: Կարեւոր է ճանչնանք որ ատիկա սեփականութիւն չէ, այլ կու գայ Աստուծմէ:
Վստահութիւնը բան մըն է որ կը կազմուի: Վստահութիւնը հետեւաբար բան մըն է զոր փոխ կ'առնենք, եւ ոչ թէ բան մը զոր միշտ ունեցած ենք եւ միշտ կ'ունենանք:
Վստահութիւնը եւ համարձակութիւնը կ'ընգրկեն նաեւ անկեղծութիւնը: Պէտք է ըլլանք անկեղծ մեր անձին հանդէպ, ինչպէս նաեւ մեր չորս կողմիններուն հանդէպ: Առանց անկեղծութեան, համարձակութիւնը կու գայ մեր եսէն, բնաւորութենէն:
Համարձակութիւնը կու գայ նաեւ ազատութենէն: Բ.Կր 3.17-18 կ'ըսէ «Հոն ուր Սուրբ Հոգին կայ, հոն ազատութիւն է»: Կարեւոր է ներքնապէս ճանչնանք մեր ազատութիւնը, զոր բնաւ պայմաններէն կախեալ չէ:
Համարձակ ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ քաջ: Պիտի չվախնանք քայլ առնելէ, ճանչնալով որ ատիկա միակ ձեւն է փորձառութիւն շաճելու:
Համարձակ ըլլալ նաեւ կը նշանակէ ըլլալ յանդուգն՝ ինչպէս Յովնաթան էր: Յովնաթան եւ իր նետերը կրող պատանին յարձակեցան թշնամիին բանակին վրայ Տիրոջ վստահելով եւ անոնք յաջողութիւն գտան:
Ի՞նչ ձեւով օգտուինք Տէր Յիսուսի մեզի տուած փրկագործութենէն (Եբր 10.19-25)
Մենք այլեւս Յիսուսի փրկագործութեամբ ազատ ենք սրբարան մտնելու, որովհետեւ Յիսուս ճամբան բացաւ: Հետեւաբար,
- «անկեղծ սրտով եւ վստահութեամբ, լեցուն հաւատքով մօտենանք Աստուծոյ: Մեր սիրտերը մաքրած խղճմտանքը ծանրացնող յանցանքներէն եւ մեր մարմինները մաքուր ջուրով լուացած»:
- «Այս բաները ընելով անխախտ պահենք այն յոյսը որ կը դաւանինք վստահ ըլլալով որ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումին»:
- Բնաւ չդադրինք պաշտամունքի հաւաքոյթներուն մասնակցելէ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրեր են: Ընդհակառակը, այդ ուղղութեամբ աւելի եւս յորդորենք իրարու քանի կը տեսնենք թէ Տէրոջ օրը կը մօտենայ:
Պէտք է ուշադիր ըլլանք մեր ներքին աշխարհի ճիշդ կառուցելու համար, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութեան մտնելու համարձակութիւնը զօրացնենք:
Մենք շատ անգամ կը տառապինք, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը եւ կեցուածքը մեզի հանդէպ ճիշդ հասկցած չենք ըլլար:
Եսթեր թագուհին ծոմով աղօքթով պատրաստուեցաւ եւ ապա իր թագաւորական զգեստներով թագաւորին առջեւ կանգնեցաւ: Մենք եւս եզեկիէլ 16-ին համաձայն, Քրիստոսով զգեստաւորուած ենք, զինուած ենք եւ գեղեցիկ ենք երկնքի թագաւորութեան զարդերով: Երբ Աստուծոյ առջեւ կ'երթանք Անոր շնորհքը վայելելու, պէտք ունինք ատիկա գործածելու:
Թագաւորը անմիջապէս պատրաստ էր Եսթերին ուզածը իրեն տալու: Մենք եւս պէտք ունինք ունինք գիտնալու, որ շնորհքը Աստուծոյ մէջ է եւ մենք այսօր շնորհքի տակ ենք: Կը մնայ որ ճանչնանք մեզ սիրող եւ մեզի համար իր արիւնը թափող թագաւորին սէրը, եւ համարձակութեամբ իր ներկայութեան կենանք: