Երբ կ'աղօթէի, տեսիլք մը տեսայ՝ երկու բաժիններով:
Տեսիլքին առաջին բաժինը
Նախ տեսայ արիւնի հոսանք մը: Ատիկա Յիսուսի արիւնն էր, որ թափեցաւ մեզ մաքրելու համար:
Ա.Մն 22.8-ին մէջ գրուած է « բայց տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով [...] դուն ինծի տուն պիտի չշինես […]»: Այս խօսքը եղաւ Աստուծոյ կամքին համաձայն սիրտ ունեցող Դաւիթին:
Դաւիթ իր սրտին մէջ մեծ փափաք ունէր Աստուծոյ տաճարը շինելու: Ան գիտէր որ Աստուծոյ ներկայութիւնը միակ միջոցն է ժողովուրդը ապահով պահելու, եւ ոչ թէ զօրաւոր բանակը կամ զօրաւոր սահմանները:
Դաւիթ բնաւ չվստահեցաւ իրեն տրուած իշխանութեան, այլ ուզեց Աստուծոյ տապանակը ժողովուրդին մէջ բերել, որպէսզի միակ պաշտուողը Աստուած ըլլայ եւ ժողովուրդին ամբողջ կեդրոնացումը Աստուծոյ վրայ ըլլայ:
Դաւիթի սիրտը մաքուր էր եւ ան լեցուած էր Աստուծոյ շնորհքով այդ գործը ընելու համար: Բայց Դաւիթ շատ արիւն թափեց անիրաւութիւնը վերցնելու, շրժանին մէջ ապահովութիւն բերելու, ժողովուրդը ազատելու եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ժողովուրդին մէջ բերելու համար:
Աստուծոյ ձեռքը իրեն հետ էր եւ Աստուած իրեն յայտնած էր իր ընելիքը: Հետեւաբար, Դաւիթի վարմունքը սխալ չէր, բայց տակաւին Աստուած մերժեց որ ինք ընէ այդ գործը:
Երբ Աստուած Դաւիթին ըսաւ որ ինք պիտի չշինէր տաճարը, Դաւիթ չնեղացաւ, այլ իր ամէն ինչը իր որդիին՝ Սողոմոնին տրամադրեց տաճարին շինութեան համար: Ինչ որ պատերազմներուն ատեն շահած էր, ինչ իմաստութիւն եւ յայտնութիւն որ Աստուած իրեն տուած էր, ամէն ինչ Սողոմոնին տուաւ: Դաւիթ տուաւ նոյնիսկ իր սեփական գանձը տաճարին շինութեան համար: Ան իր որդիին պատուիրեց որ լաւ մարդ ըլլայ եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն քալէ:
Տեսիլքին Երկրորդ Բաժինը
Տէրը ըսաւ.«Դաւիթ արիւն թափեց: Բայց ես ի՞նչ թափեցի: Ես ալ արիւն չթափեցի՞»:
Յիսուս ալ արիւն թափեց...
Աստուածաշունչը եւ պատմութիւնը բաժնուած են եօթը տնօրինումներու եւ տնօրինումներուն վեցերորդը Մովսէսի (այսինքն օրէնքի) տնօրինումն է: Յիսուս իր առաքելութիւնը կատարեց օրէնքի տակ եւ աշխատանք տարաւ մարդիկը օրէնքին ազդեցութենէն հանելու համար:
Յիսուս եկաւ յայտնեց թէ իր թափած արիւնովը ժողովուրդը եւ հաւատացեալները ի՞նչ պիտի ընէին: Յիսուս ամէն բան ըրաւ առաքելութեան սահմանները ապահովելու համար, բայց ան իր աշակերտներուն ըսաւ որ աշխարհ երթան եւ աւետարանը քարոզեն:
Յիսուս իր արիւնը թափեց, բայց եկեղեցին աշակերտնե՛րը պիտի շինէին եւ այսօր ալ մենք: Ան իր գործը ամբողջացուց Սատանային իշխանութիւնը կոտրելով եւ Սատանային իշխանութեան տակ եղողները ազատելով:
Երբ մենք Յիսուսին «այո՛» ըսենք, իր արիւնին ըրածը կ'ընդուինք մեր կեանքերէն ներս, եւ Յիսո՛ւս կ'ըլլայ մեր կեանքը (Գղ 2.20):
Յիսուս տուած է մեզի յաջողութիւն, բայց ան պէտք ունի եկեղեցին շինողներու: Եկեղեցին շինելու համար պէտք ունինք Սուրբ Հոգիին օծութեան տակ ըլլալու, իսկ Յիսուս իր արիւնը թափեց, որպէսզի արժանի ըլլանք ատոր:
Մեր մէջ դրուած Տիրոջ օծութիւնը պիտի կոտրէ Սատանային գործերը (Ա. Յհ 3.8):