Դանիէլ Յիսուսի աշխարհ քալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած ըլլալով արձանագրած է տեսիլքներ, երազներ եւ մարգարէութիւններ Մեսիային գալուն, ժամանակներուն վերջին, Հրեաներուն ապագային եւ Աստուծոյ թագաւորութեան գալուն մասին:
Դանիէլ 2-ի Նամակը
Դանիէլ կը մեկնաբանէ Նաբուգոդոնոսի տեսած երազը ապագայի մասին (Դն 2.37-40). 4 մասերը 4 թագաւորներն են, որոնք իրարու պիտի յաջորդեն: Դանիէլ երեւան կը հանէ, թէ աշխարհ պիտի գայ քար մը, որ պիտի փշրէ բոլոր թագաւորութիւնները, եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի բարձրանայ (Դն 2.44-45):
Քարը Յիսուսն է, եւ ասիկա ընդունուած է 2 կարծիքներուն հաւատացողներուն կողմէ: Անհամաձայնութիւնները Անոր գալու ժամանակին մէջն են:
Ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունողները կ'ըսեն, թէ Յիսուս պիտի գայ ժամանակներուն վերջը՝ եօթը տարուան «մեծ նեղութենէն» ետք եւ իր թագաւորութիւնը պիտի հաստատէ հազար տարի:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները կ'ընդունին, թէ թագաւորութիւնը եկաւ 2000 տարի առաջ, եւ այդ օրէն ի վեր երկրի վրայ կ'աճի ու կը մեծնայ: Մենք կ'ընդունինք, որ թէեւ չարը պիտի մնայ երկրի վրայ մինչեւ Յիսուսի գալուստը, բայց Յիսուսի թագաւորութիւնը պիտի բարձրանայ եւ լեցնէ երկիրը (Մտ 13.24-43):
Դանիէլ 9-ի Պատգամը
Դանիէլ կ'աղօթէ իր ժողովուրդին համար, որոնք այդ օրերուն Բաբելոնի մէջ բնակող գերիներ էին: Սուրբ քաղաքը կործանուած էր: Ըստ Դն 9.2-ին, Դանիէլ գիտէր, որ Աստուած պիտի ազատէր Իր ժողովուրդը գերութենէ: Դանիէլ՝ իր ժողովուրդին մեղքերը խոստովանելէ ետք, Աստուծոյ ողորմութիւնը կը խնդրէ: Ատկէ ետք Աստուած կը ղրկէ Գաբրիէլը, որ կը խօսի ապագային ըլլալիքներուն մասին:
Գաբրիէլի կողմէ տրուած խօսքերը բացայայտեցին Հրեաներուն եւ Երուսաղէմին ըլլալիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ աշխարհի վերջին հետ կապուած յատուկ նշաններ:
- Եօթանասուն Շաբաթները - «Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է» (Դն 9.24-27):
Երկու կարծիքներու խումբերն ալ կը հաւատան, թէ 70 շաբաթները Սուրբ քաղաքին՝ Երուսաղէմի նկատմամբ Աստուծոյ հաճութեան եւ բարութեան շաբաթներն են, որոնց ընթացքին Աստուած պիտի կատարէ մարգարէութիւններն ու խոստումները, զորս կանուխէն խոստացած էր:
Դանիէլի հետ խօսելու ընթացքին, Գաբրիէլ 490 տարիները երեք ժամանակամիջոցներու բաժնեց.
1. Դն 9.25-ին մէջ, նախ խօսեցաւ 7 շաբաթներու մասին ( կամ 49 տարի):
2. Ապա Դն 9.26-ին մէջ՝ 62 շաբաթներու մասին ( կամ 434 տարի):
3. Վերջապէս Դն 9.27-ին մէջ, ան խօսեցաւ վերջին շաբթուան մասին ( կամ 7 տարի)
- Բոլորը միասին կը կազմեն 490 շաբաթները կամ տարիներ: - 69 Շաբաթները (Դն 9.25) - Գաբրիէլ յայտնեց Մեսիային գալուն ճիշդ ժամը: Ան ըսաւ, թէ Երուսաղէմը վերաշինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Մեսիային գալը՝ 7 շաբաթ եւ 62 շաբաթ կայ, որ հաւասար է 69 շաբաթի կամ 483 տարուան:
Ք.Ա. 457 թուականին պարսիկներու Արտաշէս թագաւորը հրաման ըրաւ, որ Հրեաները իրենց երկիրը վերադառնան եւ Երուսաղէմը եւ տաճարը վերանորոգեն (Եզր 7.12-26): Եթէ Ք.Ա. 457 թուականին վրայ աւելցնենք 483 տարի, կ'ըլլայ Ք.Ե. 27 թուականը. այն տարին, որ Յիսուս ջուրի մկրտութիւն ստացաւ եւ երկինքէն ձայն մը եկաւ ըսելով. «[...] Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մտ 3.17):
Պատմաբանները կ'ըսեն, թէ Յիսուսի ծնունդը Ք.Ա. 4 թուականին եղած է: Այդպիսով մկրտութեան օրը Ան 30 տարեկան կ'ըլլար: Ատկէ կարճ ժամանակ ետք՝ փորձութեան քառասուն օրերէն ետք, Ան սկսաւ Ինքզինք ներկայացնել որպէս Մեսիան ու սկսաւ Իր հանրային ծառայութեան: - Ատկէ ետք, Գաբրիէլ տուաւ յաջորդ խօսքը թէ՝ ի՞նչ պիտի պատահէր Մեսիային գալէն ետք (Դն 9.26): Այս համարը մեզի կ'իմացնէ, թէ Յիսուս «պիտի կտրուի», այսինքն՝ պիտի մեռնի: Ապա Գաբրիէլ կ'ըսէ, թէ իշխանին ժողովուրդը պիտի գայ եւ պիտի կործանէ քաղաքը եւ սրբարանը: Գաբրիէլի խօսքերը շատ մօտ են Յիսուսի խօսքերուն Մտ 24 եւ 25-ին մէջ:
Դանիէլի 70-րդ Շաբաթը. «Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ: Ու աւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»: 2 Խումբերը տարբեր համոզում ունին 70-րդ շաբաթին մասին:
- Ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունողները (futurists) կ'ընդունին, թէ Աստուած Իր եօթը տարուան բարութիւնը չէ տուած Հրեայ ժողովուրդին, եւ հետեւաբար կ'ենթադրեն, թէ ապագային պիտի գայ ատիկա. Հրեայ ազգին իշխանութեան պիտի բարձրանայ ամբողջ աշխարհի վրայ եւ անոնք տաճարը պիտի շինեն ու զոհեր մատուցանեն: Անոնք Դն 9-ի վերջին համարը (9.27) կը կապեն Հրեայ ազգի բարձրանալուն:
- Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները այլեւս այդ օրուան չեն սպասեր, որովհետեւ կը հաւատան, թէ Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան օրերը այդ բարութեան օրերն էին, եւ անոնք շարունակուեցան ալ մինչեւ ժամանակ մը:
Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդուղները կ'ըսեն, թէ «եօթնեակ մը» ըսելը կ'ակնարկէ «Նեռ»ին, որ ապագային Հրեայ ժողովուրդին հետ ուխտ պիտի ընէ՝ անոնց խոստանալով խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն: Այդ ուխտին սկիզբը Դանիէլի վերջին եօթնեակին սկիզբը պիտի ըլլայ: Սակայն երեք ու կէս տարի ետք, Նեռը իր ուխտը պիտի խզէ, Հրեաներուն դէմ պիտի ելլէ ու դադրեցնէ զոհերու մատուցումը: Կ'ըսեն, թէ ատկէ ետք Աստուած Իր բարկութիւնը պիտի թափէ երկիր՝ կործանելով անոր մեծ մասը, ինչպէս նաեւ Նեռը եւ անոր հետեւորդները: Այսպիսով, անոնք 69 շաբաթներուն եւ 70-րդ շաբաթին միջեւ կը ստեղծեն 2012 տարուան պարապութիւն մը: Ունին այն համոզումը, թէ Աստուած մինչեւ հիմա հեթանոսներուն վրայ կ'աշխատէր եւ ժամանակը հասած է, որ Ան Իր կեդրոնացումը Հրեաներուն դարձնէ՝ խոստումները կատարելու համար:
Օգոստինոս (Augustine) կ'ըսէ.«Չմտածենք կամ չկարծենք, թէ Դանիէլի շաբաթները ընմիջուեցան կամ չամբողջացան, որովհետեւ Ղուկաս կը յայտնէ, թէ Դանիէլի մարգարէութիւնը ամբողջութեամբ կատարուեցաւ, Երուսաղէմի անկումին ժամանակ»:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան հաւատացողները ուխտ ընողը Յիսուսը կը համարեն եւ ո՛չ Նեռը: Որովհետեւ նախորդ երկու համարները Մեսիային մասին կը խօսին, եւ նիւթը բնականաբար կը շարունակուի Անոր մասին:
Եթէ Յիսուս Իր առաքելութեան սկսաւ Ք.Ե. 27 թուականին, որ Դանիէլի 70-րդ շաբաթուան սկիզբը կ'ըլլայ, յստակօրէն կատարուած կը տեսնենք Գաբրիէլի խօսքը թէ՝ երեք ու կէս տարի ետք ուխտ ընողը ուխտը պիտի կտրէ, այսինքն՝ զոհերն ու նուիրումները պիտի դադրին: Խաչին վրայ մեռնելով՝ Յիսուս Հրէական նուիրումին եւ զոհին վերջ դրաւ, վերջնական զոհը Ի՛նք ըլլալով (Եբր 8.9):
Ատկէ ետք Յիսուս Ինքզինք Սօղոսին յայտնեց շլացնող լոյսով մը (Գրծ 9.1-6): Յիսուս Սօղոսը Պօղոս ըրաւ, եւ ղրկեց զայն, որ քարոզէ հեթանոսներուն (Գրծ 26.15-18): Աստուած Պետրոսին տեսիլք մը ցոյց տուաւ եւ ատով յայտնեց, թէ բոլոր հեթանոսները կանչուած են Աստուծոյ (Գրծ 10.28), Քրիստոսով (Գրծ 10.38):
Պօղոս Հրեաներուն ըսաւ, թէ Աստուած ուզեց, որ Իր պատգամը նախ քարոզուի Հրեաներուն, եւ երբ անոնք մտիկ չըրին, ժամանակը եկաւ հեթանոսներուն երթալու (Գրծ 13.46):