Յիսուս ուրիշ օրինակ մըն ալ ըսաւ անոնց.«Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն թթխմորին, որ կին մը առնելով՝ պարկ մը ալիւրի հետ խառնեց, մինչեւ որ ամբողջ խմորը թթուեցաւ»:

Տէր Յիսուս թագաւորութիւնը թթխմորի կը նմանցնէ: Թագաւորութիւնը մեր ինքնութիւնն է (Ելք 19.6: Ա.Պտ 2.9), մեր մէջն է (Ղկ 17.20-21) եւ մեր կեանքերով կը յայտնուի (Մտ 25.1):

«ԹԹխմոր» բառը յունարէն ζύμη [zume /dzoo·may/] «Զո՛ւմի» բառն է, որ այլաբանօրէն կը թարգմանուի «ուրիշը վարակելու յակումը ունեցող»: Թթխմորը թէեւ փոքր է չափով, սակայն իր ազդեցութեամբը կը լեցնէ, կը հագեցնէ եւ կը տարածուի կամ լաւ (Մտ 13.33) կամ ալ վնասակար ձեւով:

Թթուելու գործը կը կատարուի քիմէական փոփոխութիւն մը յառաջացնելով՝ պղպջակ յառաջացնելով, եփելու պատրաստ դարձնելով:

Թթուելու գործողութեան պատասխանատուներն են մանրէներ (bacteria), որոնք կրնան ապրիլ թթուածինի (oxygen) ներկայութեան կամ բացակայութեան: Թթխմորը կ’ապրի եւ կ’աճի ինչքան ալ թթուածինի պակաս ըլլայ մթնոլորտին մէջ: Թթխմորը նաեւ կ’աշխուժացնէ եւ կ’ուրախացնէ:

Թագաւորութիւնը ասոր համաձայն ինքզինք կը բարձրացնէ երկրի վրայ աւետարանչութեամբ: Թթխմորին նման գործելով, իր ազդեցութիւնը կը մտցնէ ամէն տեսակի ընկերութիւններու եւ մշակոյթներու մէջ:

Աւետարանը իր մէջ ունի կարողականութիւն մը, որ կը գործէ թթխմորին պէս: Կը գործէ վարակելու համար, տարածելու, լեցնելու, հագեցնելու, եւ փրկութեան պատրաստելու համար:

Թթխմորը կը պատրաստէ եփելու, իսկ թագաւորութիւնը մեր մէջ կը ստեղծէ իր խոստումները եւ կը վարակէ մեզ թագաւորութեան սկզբունքներով: Մեր մէջ գտնուող ամէն անպատրաստութիւն կը սպաննէ եւ մեզ կը պատրաստէ փրկութեան եւ թագաւորութեան նպատակներուն համար:

Նախորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Դանիէլի Պատգամը 2-րդ եւ 9-րդ Գլուխները
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Յայտնութեան Ներածականը